Հարթակ

ԱԿՆԱՐԿ - 104 - «ԱՅՆ ԻՆՉ ՈՐ ԱԶԳԱՅԻՆ Է՝ ԱԶԳԱՅԻՆ Է, ԱՅՆ ԻՆՉ ՈՐ ՊԵՏԱԿԱՆ՝ ՊԵՏԱԿԱՆ» (ԵՐԱԺԻՇՏ ԵՒ ԵՐԳԱՀԱՆ ՎԱՀԱՆ ԱՐԾՐՈՒՆԻԻ ՄՏՈՐՈՒՄՆԵՐԸ)

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

Վերջերս, Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային ժողովը երկրորդ ընթերցումով որոշում ընդունեց փոփոխութիւններ մտցնելու «Մշակութային օրէնսդրութեան հիմունքների մասին» օրէնքին մէջ, ըստ որում օփերային թատրոնի, պատկերասրահի, գրադարանի՝ շուրջ տասնմէկ բացառիկ մշակութային հաստատութիւններու պարագային, «ազգային» բառը պիտի փոխարինուի «համապետական» բառով։

ՎԱՂԸ

ՄՈՒՀԱՄՄԱՏ ԱԼ-ՄԱՂՈՒԹ
Արաբերէնէ թարգմանեց՝ 
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

​Ո՜վ հզօր ծով:
Ո՜վ պայքարող ծով:
Ո՜վ բռնակալ ծով:
Այս այրող ամառուան սկիզբը, պարկեշտութեան, վարանումի եւ արժանապատուութեան երկա՜ր տարիներէ ետք, շնչակտոր եւ վազելով կու գամ քեզի, առանց ժամադրութեան, առանց նախաբաններու, առանց լողազգեստի, որպէսզի տեղեկացնեմ քեզի, թէ դգալն ու պնակը եղան արաբներուն զէնքը եւ թշնամիներուն դիմադրելու իրերը եւ թէ անոնց ամէնօրեայ բաղարջը իւրաքանչիւր առաջնորդի քաղաքական խորհրդատուն եղած է, ինչպէս նաեւ իւրաքանչիւր ժողովուրդի պաշտօնական խօսնակը եւ ազգային երգը բոլորին լեզուին վրայ է: 

ՀԱՐՑՈՒՄՆԵՐՈՒ ՊԱՏԱՍԽԱՆՆԵՐ ԱՌԱԿԱՑ ԳԻՐՔԷՆ ԵՒ ԲԱՑԱՏՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

Հարցում. Նենգութեան, քսութեան, ատելութեան եւ շողոքորթութեան մասին ի՞նչ կ՚ըսէ Առակացի հեղինակը:
Պատասխան.
Առակացի մէջ այդ բոլորին մասին այսպէս կը կարդանք. 
«Ինչպէս կատղած մարդը, որ կրակի կայծեր, նետեր ու մահ կը ցանէ, այնպէս է այն մարդը, որ իր բարեկամին նենգութիւն կ՚ընէ ու ետքը կ՚ըսէ. “Կատակ ըրի”: 

ՓՈՔՐԱՄԱՍՆՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ԼԵԶՈՒՆԵՐՈՒՆ ԱՄՊԻՈՆԻ ՎԱՐԻՉԸ

ԱՆՈՒՇ ՆԱԳԳԱՇԵԱՆ

1995-ի աշնանն էր։ Սրբոց Թարգմանչաց երկրորդական վարժարանը կը դասաւանդէի։ Տեսուչ հայր սուրբը՝ Տ. Սահակ Վրդ. Մաշալեան, այժմ Պատրիարք Պոլսոյ Հայոց, կանչեց զիս.
-Ռամաթկանի համալսարանէն հրաւէր եկած է, որպէսզի հայերէնի մասնագէտ մը մասնակցի երկրին մէջ ապրող փոքրամասնութիւններու լեզուներու ժողովին։

ՀԱՅՈՒՆ ԱՒԱՆԴՈՒԹԻՒՆԸ

ՀՐԱՅՐ ՃԷՊԷՃԵԱՆ

Աւանդութիւնը սերունդներու ու անոնց միջոցով փոխանցուած ժառանգութիւն մըն է, որ կ՚ընդգրկէ անձին, ընտանիքին, հաւաքականութեան եւ ազգին իւրայատուկ միտքը, կեցուածքը, վարուելակերպն ու, տակաւին, ընկերային եւ կրօնական սովորութիւնները:

ԴԷՊԻ ՌԻԱՏ ԵՒ ԱՆԳԱՐԱ

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Դամասկոսի նոր ղեկավարութիւնը հաւասարակշռութեան ճիգերու հետամուտ. ի՞նչ զարգացումներու սպասել:
Սուրիա տակաւին շատ հեռու է կայունութենէ, անշուշտ, տակաւին երկար ճանապարհ կայ մինչեւ պատկերի ամբողջական բիւրեղացումը:

ՔԱՐՈԶՉՈՒԹԻՒՆ ԵՒ ՀԱԿԱՔԱՐՈԶՉՈՒԹԻՒՆ

ՏԻԳՐԱՆ ԳԱԲՈՅԵԱՆ

Պետութիւններն ու ժողովուրդները մշտապէս եղած են մեծ մրցակցութիւններու մէջ՝ իրենց դատերը, գաղափարներն ու մշակոյթները տարածելու համար: Մեծ տնտեսական շահի հովանոցին տակ տեւաբար կատարուած են բազմաթիւ գործունէութիւններ ու քարոզչութիւններ՝ նայած դարաշրջանի ու ժամանակի գործիքաւորումներուն ու իւրայատկութեանց արհեստագիտութիւններուն:

ՄԻՒԶԻՔԻ ՏՈՔԹՈՐԸ

ՍԵՒԱՆ ՍԵՄԷՐՃԵԱՆ

Ըստ ծնողքիս, պէտք է բժիշկ ըլլայի։ Դպրոցական տարիներուն արձանագրած փայլուն յաջողութիւններուս սլաքը միայն ա՛յդ կողմը ցոյց կու տար։ 90-ական թուականներուն դեռեւս ընդունուած համոզմունք էր, որ ամենադժուարը բժիշկ ըլլալն է, ուրեմն, դժուարը գլուխ հանողները՝ աշխատասէր ու փայլուն աշակերտները բժշկութիւն կ՚ուսանին ու տոքթոր կ՚ըլլան։ 

ԱԿՆԱՐԿ - 103 - ՊԱՏՄՈՒԹԻՒՆԸ ԻՆՔԶԻՆՔ ԿԸ ԿՐԿՆԷ

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

Յաճախ կը լսենք կամ կը կարդանք հետեւեալ արտայայտութիւնը, թէ «պատմութիւնը ինքզինք կը կրկնէ», եւ ոմանք ալ ցաւով կ՚արձանագրեն, թէ «մեր ազգը դժբախտաբար պատմութենէն դասեր չի՛ քաղեր եւ ամէն անգամ նոյն սխալին մէջ կ՚իյնայ»

Էջեր