ՀԱՐՑՈՒՄՆԵՐՈՒ ՊԱՏԱՍԽԱՆՆԵՐ ԱՌԱԿԱՑ ԳԻՐՔԷՆ ԵՒ ԲԱՑԱՏՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ

Հարցում. Առակացին մէջ մի քանի տեղեր կը խօսուի զաւակներու դաստիարակութեան մասին: Օրինակ, 29-րդ գլուխին 17-րդ համարին մէջ կը կարդանք. «Խրատէ՛ քու որդիդ, որպէսզի քեզ հանգստացնէ եւ քու հոգիդ զուարճացնէ»: Ի՞նչ ըսել կ՚ուզէ Առակացի հեղինակը:

Պատասխան. Դաստիարակութիւնը բոլոր ժամանակներու, բոլոր դարերու ամենէն կարեւոր երեւոյթներէն մէկը եղած է: Քաղաքակրթութիւններու զարգացման հետ կրթութիւնը օր օրի սկսած է կարեւորուիլ եւ իւրայատուկ տեղ գրաւել տուեալ քաղաքակրթութեան կամ հաւաքականութեան առօրեայ կեանքէն ներս: 

Հրեաները անմասն չեն եղած այս իրողութենէն: Սողոմոն իմաստունի պարագային, մանաւանդ, անոր յաճախակի անդրադարձները զաւակներու դաստիարակութեան մասին, կը վկայեն այն մասին, որ հրեայ ժողովուրդը ընտանեկան յարկին յատուկ ուշադրութիւն կը դարձնէր եւ զայն սրբութեամբ կը պահէր:

Մեր օրերուն մանաւանդ, իմաստունին վերոյիշեալ համարը շատ խօսուն է, երբ նկատի ունենանք ներկայ ժամանակներու ամենաթողութեան դաստիարակութեան երեւոյթը: Ամենաթողութեան, կ՚ըսենք, որովհետեւ ներկայ ժամանակներուն դաստիարակուածին իրաւունքներն ու պահանջները շատ աւելին են, քան դաստիարակողին: Դաստիարակուածը աւելի պաշտպանուած է եւ միշտ իրաւացի, քան դաստիարակողը, ըլլան անոնք ծնողները կամ ուսուցիչները: 

Երեխաներուն հետ պէտք է նուրբ վարուիլ. երեխաները պէտք չէ յանդիմանել, պէտք չէ այս ընել, պէտք չէ այն ընել, դարձած են առօրեայի նորարարութիւնը, որով մէկ կողմէ ընտանեկան՝ ծնողներու, միւս կողմէ դպրոցական՝ ուսուցիչ-դաստիարակներու հեղինակութիւնը կ՚ոտնահարուի: Այս բացասական մթնոլորտին արդիւնքն է, որ օր օրի ականատես կը դառնանք անկիրթ, բարոյականութենէ զուրկ, տարրական յարգանքի պակաս ունեցող սերունդի մը, որուն համար ո՛չ ընտանիքը՝ ծնողներ, ո՛չ դպրոցը՝ ուսուցիչ-դաստիարակներ հեղինակութիւն են, աւելին, դաստիարակող ու խրատող: Մերօրեայ սերունդը շնորհիւ ապաշնորհ կառավարման մեթոտներուն, վերածուած է ամենագէտի, վերածուած է անձեռնմխելի էակի մը, որու ամէն ինչը արդարացի է, իրաւացի է, որովհետեւ նորարարութեան կրող է, իսկ ծնողներն ու ուսուցիչ-դաստիարակները հին են, չեն հասկնար նորարարութենէն, քայլ չեն պահեր առօրեայ զարգացումներուն եւ յառաջընթացներուն հետ: Բնականաբար, այս բոլորը մոլորեցնող եւ շեղող պատճառաբանութիւններ են, որոնցմով փորձ կը կատարուի թէ՛ ընտանիքի եւ թէ դպրոցի նուիրական հաստատութիւնները քանդելու, խարխլելու: Այս երեւոյթը ո՛չ միայն մեր մօտ է, այլ՝ համաշխարհային խնդիր է. բայց, որովհետեւ մենք՝ հայերս կը սիրենք ամէն ինչ չափազանցուած ունենալ, բնականաբար, այս երեւոյթին մէջ ալ ո՛չ միայն աշխարհը, այլ՝ մենք մեզ գերազանցած ենք…:

Գալով Առակացի այս համարին, որ կ՚ըսէ. «Խրատէ՛ քու որդիդ, որպէսզի քեզ հանգստացնէ եւ քու հոգիդ զուարճացնէ» (Առ 29.17): Ապա, ծնողներուն տուած խրատը անհամեմատելի գանձ մըն է, որով զաւակներուն կեանքը կը լեցուի ու կը հարստանայ իսկական հարստութեամբ եւ անկորնչելի գանձերով: Աւելին, ծնողին տեղին եւ դաստիարակող խրատը, յանդիմանութիւնը կը նմանի դրամատան մէջ դրուած գումարին, որ որոշ ժամանակ ետք աւելիով կը վերադառնայ իր տիրոջ. այդպէս ալ տրուած խրատը, յանդիմանութիւնը, որոշ ժամանակ մը ետք կը հանգստացնէ ու կը զուարճացնէ ծնողներուն եւ ուսուցիչ-դաստիարակներուն հոգիները, ի տես իրենց զաւակներուն-աշակերտներուն բարօր եւ առաքինի կեանքին, ունեցած յաջողութիւններուն եւ բարի համբաւին:

Կաթոլիկ եկեղեցւոյ սուրբերէն՝ Հերոնիմոսը այս մասին կը գրէ. «Հայրը չի՛ դաստիարակեր իր զաւակը՝ եթէ չսիրէ զայն, եւ օրինակելի ուսուցիչը իր աշակերտին ուղղութեան չի՛ բերեր, եթէ անոր մէջ չտեսնէ խոստումի իրականացման նշանները: Բժիշկը երբ իր հոգածութիւնը կը վերցնէ իր հիւանդէն, այդ մէկը յուսահատեցուցիչ նշան մը կ՚ըլլայ զայն բուժուելու գործընթացին մէջ»: Եւ. «Ո՞ր մէկը աւելի լաւ է. (դաստիարակութեան) պատերազմին մէջ մտնենք որոշ ժամանակ մը՝ մեր ձեռքերուն մէջ ունենալով ցիցեր, զէնքեր եւ յոգնինք ծանր վահաններ շալկելէն, որպէսզի յաղթանակի ժամանակ ուրախանանք, թէ՞ յաւիտեան ստրուկ մնանք, որովհետեւ մէկ ժամ իսկ չկրցանք համբերել»:

Արդարեւ, զաւակները պէտք է դաստիարակել ճիշդ կերպով, երբեմն նոյնիսկ կոշտ եւ խիստ քայլերու դիմելով, որպէսզի կարելի ըլլայ շահիլ երեխան եւ անոր յառաջիկայի կեանքը: Չկարծենք, որ նրբութեամբ, ամէն ինչի համար աչք գոցելով, ամէն ինչ տալով մեր երեխաներուն՝ լաւ սերունդ կը դաստիարակենք, աւելին լա՛ւ մարդ կը դաստիարակենք, ընդհակառակը, անպատասխանատու, անտարբեր, ամէն ինչի մէջ ինքզինք անսխալական կարծելով այսօրուան երեխան, պատանին ու երիտասարդը, վաղը միւս օր երբ բախի կեանքի դժուարութիւններուն, ձեռնունայն պիտի մնայ, յուսահատութեան գիրկը պիտի իյնայ, որով ամէն ինչի ընդունակ պիտի դառնայ, իր հօրն ու մօրը, իր ուսուցիչ-դաստիարակներուն սրտի դառնութիւն եւ կսկիծ պատճառելով: Մինչ յանդիմանութիւնն ու խրատը իրենց ժամանակին եւ յարմար առիթին, տուեալ երեխային, պատանիին ու երիտասարդին պիտի դարձնեն տոկուն, գիտակից, իմաստուն եւ փորձառու, որով անոնք կը յաջողին դէմ դնել բազմաթիւ դժուարութիւններու, նեղութիւններու ու փորձութիւններու՝ յաղթահարելով զանոնք. աւելին, անոնք իրենց ջանասիրութեամբ, համբերատարութեամբ միշտ յաջողութիւններ կ՚արձանագրեն, նոր բարձունքներ կը նուաճեն, այդպիսով հանգստութիւն եւ զուարճութիւն պատճառելով իրենց ծնողներուն եւ ուսուցիչ-դաստիարակներուն:

Աւարտենք Յովհաննէս Մավեանի «Բարոյական դաստիարակութիւն» գիրքէն մէջբերելով հետեւալը, ուր հեղինակը կը խօսի զաւակներու դաստիարակութեան մասին: Ան կը գրէ.

«Հարցում. Տղաները [զաւակները] ինչպէ՞ս ժիր եւ զօրաւոր կ՚ըլլան:

Պատասխան. Տղաները ժիր եւ զօրաւոր կ՚ըլլան, եթէ փոքր տարիքէն ժուժկալութեան, չափաւոր մարմնամարզութեան եւ աշխատութեան վարժուիւն. եւ հիւանդութիւն պատճառող վտանգներէն հեռու պահուին. բայց զգուշանալով՝ փոխանակ վախկոտ ըլլալու, սրտոտ եւ զօրաւորը ըլլան:

Հ. Ինչպէ՞ս ընկերասէր կ՚ըլլան:

Պ. Ընկերասէր կ՚ըլլան՝ երբ ծնողները զանոնք փոքր տարիքէն վարժեցնեն, թէ նմաններու կարեկից ու օգնական ըլլան. միայն իրեն անձին ուզածը ուրիշներուն ընեն. երկայնամիտ եւ համբերող ըլլան ու ապրուստի համար ապահով եւ պատուաւոր արհեստի համար պարապին:

Հ. Ինչպէ՞ս առաքինի կ՚ըլլան:

Պ. Առաքինի կ՚ըլլան, եթէ ծնողները հսկեն անոնց նախնական կիրքերուն վրայ, զանոնք առ բարին ուղղելու համար երբեք մոլորութիւն մը առանց պատիժի չձգեն, վեհանձնական եւ օգտակար գործերու սէր ցոյց տալու համար բարեգործ մարդիկ որպէս օրինակ բերեն, եւ բարեգործութենէն յառաջացած հետեւանքները բացատրեն անոնց:

Հ. Միայն այդքանը բաւարա՞ր է:

Պ. Ո՛չ. տեղին համաձայն պէտք է գովել եւ տեղին համաձայն պէտք է յանդիմանել, չար ընկերներէ զգուշացնել, անկողմնակալ եւ խանդակաթ սիրով սիրել եւ ո՛չ թէ կուրօրէն. եւ յիշելով, որ տակաւին փոքր են, չափահաս մարդու գործ չպահանջել: Այս նպատակին հասնելու անվրէպ ճամբան այն է, որ խօսքով խրատելէն աւելի, իրենց բարի օրինակովն ու Աստուծոյ երկիւղովը դաստիարակեն զանոնք»:

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

•շար. 155

Վաղարշապատ

Երեքշաբթի, Օգոստոս 19, 2025