ԴԱՐԱԿԱԶՄԻԿ ՀՌՉԱԿԱԳԻՐ
Արդէն պարզ է, որ ամերիկեան դրօշը պիտի ծածանի Հարաւային Կովկասի մէջ։ Հայաստան եւ Ատրպէյճան գոհ են, իսկ Ռուսաստան եւ Իրան հիասթափուած։ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու հովանաւորութեամբ, Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ ձեռք բերուած շաբաթավերջի համաձայնութիւնը, որուն շուրջ երկար ամիսներներէ ի վեր բանակցութիւններ կը տարուէին, կը դիտուի՝ որպէս հաշտութեան գործընթացի կարեւոր հանգրուան։ Իր բովանդակութեամբ այս համաձայնութիւնը ո՛չ միայն խաղաղութեան հաստատման ուղղեալքայլ է, այլեւ քաղաքական վստահութեան փորձաքար՝ կողմերուն միջեւ մնայուն երկխօսութիւն ապահովելու տեսակէտէ։
Հայաստան-ԱՄՆ-Ատրպէյճան հռչակագիրը եւ Հայաստան-Ատրպէյճան խաղաղութեան պայմանագրի նախաստորագրումը կարեւոր յաջողութիւն մըն է Հարաւային Կովկասի համար. հանգամանք մը, զոր Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան ընդգծեց Ուաշինկթընէն հայ լրագրողներու հետ հեռավար մամլոյ ասուսլիս ընթացքին։ «Պէտք է հաստատեմ, որ Հայաստան-ԱՄՆ յարաբերութիւնները կը գտնուին բարձրագոյն կէտին վրայ», նշեց ան։ Վարչապետի խօսքով՝ Հայաստանի ապաշրջափակումը արդէն տեղի պիտի ունենայ, այսինքն երկիրը հնարաւորութիւն պիտի ստանայ երկաթուղային կապ ունենալու արտաքին աշխարհին հետ։
Փաշինեան անդրադարձաւ ԱՄՆ-ի նախագահ Տանըլտ Թրամփի խօսքին մէջ տեղ գտած «քորիտոր» բառին՝ շեշտելով, որ այս եզրոյթը աշխարհի մէջ ընդունուած է, սակայն, որոշ հանգամանքներու բերումով կրնայ լարուածութիւն ստեղծել։ «Ակնյայտ է, որ պիտի չըլլայ միջանցքային այն տրամաբանութիւնը, որուն մասին կը խօսինք», ընդգծեց ան։
Անդրադառնալով ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խումբի լուծարման՝ Փաշինեան պարզաբանեց, որ այն կը լուծարուի, որովհետեւ արդէն հաստատուած է խաղաղութիւն։ «Մինսքի խումբը հակամարտութեան խորհրդանիշ է եւ անոր գոյութիւնը կամ զայն լուծարելու ցանկութեան պակասը՝ կրնայ կասկածներ յառաջացնել անկեղծութեան տեսակէտէ», համոզուած է վարչապետը։
«Թրամփի ուղի» (TRIPP) նախագիտծը Փաշինեանի խօսքով՝ Հայաստանի Գ. Հանրապետութեան պատմութեան ամենախոշորագոյն ներդրումային ծրագիրն է։ «Սա նոր միջազգային ծրագիր, ճանապարհային ծրագիր մըն է՝ արեւելքէն արեւմուտք, հիւսիսէն հարաւ, որ մեր տարածաշրջանի կայունութեան եւ խաղաղութեան կարեւոր գործօն պիտի դառնայ։ Այս համաձայնագրերու շնորհիւ, օրինակ, Իրան պիտի ստանայ երկաթուղային հնարաւորութիւն՝ Պարսից ծոցէն մինչեւ Սեւ ծով», մատնանշեց ան։
Սպիտակ տան եռակողմանի գագաթաժողովէն վերջ, Փաշինեան շեշտեց, որ Ատրպէյճանի հետ հակամարտութիւնը այժմ կը փոխարինուի տարածաշրջանային համատեղ նախագծերով։ «Մեր բոլորի աչքին առջեւ է՝ Հայաստանի ներդրումային վարկանիշը կը բարձրանայ րոպէ առ րոպէ», դիտել տուաւ ան։
Մարդասիրական հարցերուն անդրադառնալով՝ Փաշինեան վստահեցուց, որ որեւէ բանակցութեան ժամանակ չեն շրջանցեր անհետ կորսուածներու եւ գերեվարուածներու խնդիրը եւ այս ուղղութեամբ կը գործեն ամենաբարձր մակարդակի վրայ։
Անշուշտ, քննարկման առանցքային կէտերէն մին եղած է՝ Փաշինեանի որակումով «տարանցիկ միջանցք»ը։ Ըստ իրեն՝ այս գաղափարը պէտք է դիտարկել ո՛չ թէ իբրեւ ինքնիշխանութեան խախտում, այլ՝ որպէս տարածաշրջանային հաղորդակցութեան զարգացման հնարաւորութիւն, որ կրնայ տնտեսական եւ քաղաքական նոր հորիզոններ բանալ Հայաստանի առջեւ։ Փաշինեան ընդգծեց, որ հաղորդակցական որեւէ ուղի պէտք է գործէ Հայաստանի օրէնսդրութեան եւ գերիշխանութեան ներքոյ՝ առանց արտաքին վերահսկողութեան։ Ան նշեց, որ այդպիսի ճանապարհները կրնան նպաստել ո՛չ միայն տնտեսական աշխուժացման, այլեւ՝ վստահութեան աստիճանական բարձրացման կողմերու միջեւ։
Սպիտակ տան գագաթաժողովին շատ ուշագրաւ էին Ալիեւի խօսքերը։ Ան իր սլաքները ուղղեց դէպի Ռուսաստան։ Աշխարհաքաղաքական փոփոխութիւններու մեծ գործընթացներուն մէջ, ինչպէս շատ ուրիշներ, Ալիեւ կը դիտարկէ, որ Մոսկուա «ցտեսութիւն» ըսած է Հարաւային Կովկասին։ Գովերգելով Ուաշինկթընը՝ ան նշեց անոր հզօր երկիր ըլլալու հանգամանքը, նոյնիսկ նախագահ Թրամփը համարեց «դարակազմիկ» եւ վաւերական գործիչ։
Պատերազմէն ի վեր առաջին անգամ Ալիեւ այսքան բաց եւ անկեղծ ցոյց կու տար իր նախընտրութիւնը, ինչպէս նաեւ Ռուսաստանի դերակատարութենէն նեղացած ըլլալը։
Առաւելապաշտ է Ալիեւ, բոլորին ծանօթ է, որ ամէնօրեայ դրութեամբ կրնայ նոր պայմաններ դնել Հայաստանի առջեւ։ Բայց, ըսել, թէ «Մենք եկած ենք ԱՄՆ մտածած ու եկած ենք, հետեւաբար այլեւս սխալելու տեղ չունինք…», կը նշանակէ, որ ո՛չ միայն իր պետական ուղղութեան առանցքը փոխած է, այլեւ պատրաստ է Ռուսաստանի դէմ քայլեր առնելու, եթէ ԱՄՆ ունենայ այդպիսի պահանջ մը։
Ալիեւ Եւրոպայի մասին չխօսեցաւ, պարզապէս անտեսեց, ինչ որ յստակ ցոյց կու տայ իր անվստահութիւնը եւրոպացիներուն դէմ։ Ռուսաստանի պարագային նոր դիրքորոշումները կը վկայեն խաբուած զգալը եւ ամբողջովին դէպի ԱՄՆ թեքուելու փաստը։ Մանաւանդ այս փուլին սա Հայաստանի համար կրնայ դրական ըլլալ։ ԱՄՆ պիտի շարունակէ մնալ իրական «զսպիչ» մը Ալիեւի նկրտումներուն համար։ Այս հանգամանքին վրայ յենլով Հայաստան պիտի կարենայ շունչ մը քաշել, զօրացնել իր ներքին կարգ ու սարքը եւ ունենալ հզօր բանակ։ Եթէ հակառակորդիդ վիզին «զսպող օղակ» մը կայ, ապա դուն պարտաւոր ես հաշուի նստիլ ժամանակի գործօնին հետ։ Ի վերջոյ, ստորագրուածը «թզենիի տերեւ» մը չէ, ո՛չ ալ սեւ կամ կարմիր մելանով շարադրուած վաւերագիր մը, այլ անոր տակը կայ ԱՄՆ-ի առաջին մարդուն ստորագրութիւնը։
Այս բոլորը հաշուի առնելով, հարկ է յիշեցնել, որ Ալիեւ իսկապէս դիւանագէտ ու խորամանկ է։ Ան շատ լաւ կը հասկնայ, թէ ինչքան տկարացած է Ռուսաստանը եւ յատկապէս Փութինը՝ ի մասնաւորի Մերձաւոր Արեւելքի եւ Հարաւային Կովկասի մէջ։ Մոսկուայի որեւէ «թփրտալու» փորձ դատապարտուած պիտի ըլլայ Ուաշինկթընի ծանր հակազդեցութեան։ Տարածաշրջանէն ներս եւրոպական ներկայութենէն ջղայնացած Ալիեւ հիմա վարդերով պիտի դիմաւորէ ամերիկեան կազմակերպութիւնները, որոնք միայն ճանապարհ սարքողներ պիտի չըլլան, այլ աւելին։ Վերջին զարգացումները յստակ ցոյց կու տան, որ Ռուսաստան այլեւս դեր չունի Հարաւային Կովկասի մէջ եւ շատ հաւանական է, որ այս բոլորը կը կատարուին Փութինի «խաթիր»ը տեսած ըլլալէ ետք։ Այլապէս Փութին ամէն ինչ պիտի ընէ տապալելու համար Սպիտակ տան շաբաթավերջի հանդիպման արդիւնքը։ Ունէ՞ր ներուժ այս բանը ընելու Պաքուի մէջ՝ դժուար է պատասխանել, բայց, վստահաբար Երեւանի մէջ տակաւին ունէր շարժում մը կատարելու հնարաւորութիւնը։
«Ռուսական գնացք»ը արդէն մեկնած է։ Անոնք, որոնք կ՚ատեն Ռուսաստանը, կրնան ջուր թափել անոր ետեւէն։ Ինչ որ Մոսկուա ըրած է Արցախի մէջ՝ բոլոր հայերու հոգիի խորքին մէջ վէրք մը բացած է։ Հայ-ռուսական դարաւոր բարեկամութեան ամուր շէնքը նոյնինքն Փութինը փլցուցած է։ Բոլորը այս հանգամանքի վկան է, եթէ ազնիւ է։ Եթէ ոչ, ապա պէտք է բաւարարուի ռուսական աղօթքներով եւ երազել, թէ «ռուսական վակոն»ը պիտի վերադառնայ։
Բայց դուք ըսէք գացած գնացքը միթէ ետ կու գա՞յ։
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Երեւան