ՀԱՐՑՈՒՄՆԵՐՈՒ ՊԱՏԱՍԽԱՆՆԵՐ ԱՌԱԿԱՑ ԳԻՐՔԷՆ ԵՒ ԲԱՑԱՏՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
Հարցում. Աղքատն ու բռնաւորը նո՞յն վիճակը ունին, այսինքն՝ հաւասա՞ր են իրարու:
Պատասխան. Աստուծոյ բոլոր ստեղծած մարդիկը հաւասար են Աստուծոյ աչքին: Ճիշդ է, որ պաշտօններով, զբաղումներով եւ ունեցած պարտականութիւններով կը տարբերին իրարմէ, բայց որպէս մարդիկ՝ միշտ հաւասար են Աստուծոյ աչքին: Աւելին, այն մարդիկ, որոնք պատասխանատու պաշտօններ ու պարտականութիւններ ունին, անոնք աւելի պատիժի ու դատապարտութեան ենթակայ են, քան սովորական մարդիկը, որովհետեւ իրենց առիթ եւ պատիւ տրուած է առաջնորդ ու ղեկավար ըլլալ միւս մարդոց, որպէսզի զանոնք դէպի Աստուած առաջնորդեն, կամ անոնց կեանքը այնպէս կարգաւորեն, որպէսզի կարենան փառաբանել զԱստուած:
Դարձեալ կը կրկնենք, բոլոր մարդիկ Աստուծոյ համար համահաւասար են: Այս մասին է, որ կը գրէ Առակացի հեղիանկը. «Աղքատն ու բռնաւորը իրարու հանդիպեցան. երկուքին ալ աչքերուն լոյս տուողը Տէրն է» (Առ 29.13): Այսինքն, մարդիկ ինչքան ալ ընկերային կարգավիճակներով իրարմէ տարբերին, սակայն որպէս մարդիկ Աստուծոյ համար նոյնն են, որովհետեւ Աստուած է, որ իրենց աչքերուն լոյս տուած է, Ան է, որ անոնց իմաստութիւն եւ շնորհք տուած է, Ան է, որ Իր Որդին որպէս փրկագին տուած է մարդկութեան, որպէսզի զանոնք իրենց մեղքերէն ետ պահէ եւ վերադարձնէ Իր գիրկը, եւ ի վերջոյ, Ան է, որ վերջին դատաստանին բոլորը արդարութեամբ պիտի դատէ՝ թէ՛ աղքատը եւ թէ հարուստը, թէ՛ մեղաւորը եւ թէ անմեղը, իւրաքանչիւրը վարձատրելով իրենց գործերուն եւ ապրած կեանքին համաձայն:
Նշեցի, որ Ամենաբարին Աստուած Իր Միածին Որդին որպէս փրկագին տուաւ մեզի, որպէսզի վերստին արժանանանք Աստուծոյ որդեգրութեան: Այդ որդեգրութիւնը կ՚իրականանայ Քրիստոսի հիմնած Եկեղեցիին անդամ դառնալով, որով այդ Եկեղեցիէն ներս բոլորս հաւասար կ՚ըլլանք իրարու, այսինքն՝ այնտեղ հարուստներ ու աղքատներ, ղեկավարներ ու ենթականեր չեն ըլլար, այդ պաշտօնները կամ կարգավիճակները Եկեղեցւոյ կեանքին մէջ ոչ մէկ ազդեցութիւն կ՚ունենան, որովհետեւ Եկեղեցիէն ներս Ս. Երրորդութիւնն է, որ կը թագաւորէ եւ Ս. Երրորդութեան դիմաց բոլորս հաւասար ենք եւ բոլորս Եկեղեցի կը մտնենք հանդիպելու Աստուծոյ, խօսելու Անոր հետ, հաղորդուելու Անոր հետ եւ մեր երկրպագութիւնն ու փառաբանութիւնը մատուցելու Անոր:
Սուրբ Օգոստինոս կը գրէ. «Դուք սկսած էք պատկանիլ հիասքանչ ընտանիքի մը, որու տոհմածառին համաձայն բոլորը եղբայրներ կը դառնան. տէրն ու ծառան, հրամանատարն ու զինուորը, հարուստն ու աղքատը: Քրիստոնեաները երկրաւոր տարբեր աստիճաններու եւ դասակարգերու հայրեր ունին, ոմանք՝ ազնուականներն են, ոմանք՝ արհամարհուած, սակայն եւ այնպէս, բոլորն ալ մէկ Երկնաւոր Հօր կը դիմեն. բոլորն ալ կ՚ըսեն. «Հայր մեր Երկնաւոր»: Արդեօք հասկցա՞ն, թէ եղբայրներ են: Տէրը չամչցաւ ծառան Իրեն եղբայր համարելէ, քանի որ մեր Տէրը Յիսուս զայն իրեն որպէս եղբայր շնորհած է:
Աստուծոյ որդիները սիրով միայն կը տարբերին սատանայի որդիներէն»: Եւ՝ «Աստուծոյ որդիները սիրով միայն կը տարբերին սատանայի որդիներէն:
Մարդ կրնայ մկրտուիլ եւ վերստին ծնիլ, սակայն թող նայի իր սիրտին ու տեսնէ, թէ կը սիրէ՞ իր եղբայրը: Այն ատեն ճշմարտապէս կրնայ ըսել. «Ես Աստուծոյ զաւակ եմ»: Այլապէս, ստանալով Խորհուրդի յատկութիւնը, աւելի լաւ մէկը չ՚ըլլար, քան բանակէն փախող մը եւ թափառական մը»:
Հետեւաբար, մարդ պէտք է զգոյշ ըլլայ եւ ինքզինք իր նմաններէն աւելին չկարծէ, կամ նայելով իր ունեցուածքին՝ նիւթական թէ մտային, նայելով իր պաշտօններուն ու պարտաւորութիւններուն՝ չկարծէ, թէ ինք ուրիշներէն աւելի բան մը ունի, որովհետեւ բոլորս մեր ամբողջ ունեցածով Աստուծոյ համար հաւասար ենք եւ Ամենաբարին Աստուած երբ Իր Միածինը ղրկեց աշխարհ՝ փրկելու համար մարդկութիւնը, այս կամ այն մարդուն համար միայն չղրկեց, այլ՝ ամբողջ մարդկութեան: Մենք մեզ մեր ամբարտաւանութեան զոհը չդարձնենք, զրկուելով Աստուծոյ Միածինին տուած փրկագինէն՝ Աստուծոյ որդեգրութենէն:
Հ. Առակացին մէջ կը կարդանք. «Աղքատները ճշմարտութեամբ դատող թագաւորին աթոռը յաւիտեան հաստատ պիտի ըլլայ» (Առ 29.14): Ինչպէ՞ս հասկնալ այս համարը:
Պ. Ըսուածը շատ պարզ է: Բոլոր այն իշխանաւորները, որոնք Աստուծոյ երկիւղածութեամբ կը կատարեն իրենց վստահուած պաշտօնը, ապա տարբերութիւն չեն դներ իրենց ենթականերուն միջեւ, եւ բոլորին հետ հաւասարէ հաւասար կը վարուին: Աւելին, Աստուծոյ երկիւղը ունեցող իշխանաւորները կարիքաւորներուն, աղքատներուն, տնանկներուն, որբերուն եւ այրիներուն աւելի հոգատարութիւն կը ցուցաբերեն՝ գիտակցելով, որ անոնք աւելի ուշադրութեան կարիք ունին, քան միւս մարդիկը, որոնք ֆիզիքապէս եւ մտապէս առողջ ու կայուն վիճակի մէջ են:
Հին կտակարանին մէջ յաճախակի կերպով թագաւորներն ու իշխանները, ժողովուրդին առաջնորդները հրահանգ ու պատուէր կը ստանան Աստուծմէ, յատուկ ուշադրութիւն դարձնելու վերը մեր յիշատակած մարդոց նկատմամբ: Այսպէս, Ելից գիրքին մը կը կարդանք. «Որբեւայրին ու որբը բնաւ մի՛ չարչարէք: Եթէ զանոնք չարչարէք ինչ կերպով ալ ըլլայ ու անոնք Ինծի բողոքելու ըլլան, անշուշտ պիտի լսեմ անոնց աղաղակը: Իմ բարկութիւնս պիտի բորբոքի ու ձեզ սրով պիտի մեռցնեմ եւ ձեր կիները որբեւայրի ու ձեր տղաքները որբ պիտի ըլլան» (Ելք 22.22-24): Իսկ Եսայիի մարգարէութեան մէջ կը կարդանք. «Բարութիւն ընել սորվեցէ՛ք, իրաւունքը փնտռեցէ՛ք, զրկուածին ուղղութիւն ըրէ՛ք, որբին դատաստանը տեսէ՛ք ու որբեւարիին դատը պաշտպանեցէ՛ք» (Ես 1.17):
Իսկ Նոր կտակարնին մէջ, Յակոբոս առաքեալ իր նամակին մէջ յստակօրէն կը զգուշացնէ մեզ մարդոց միջեւ խտրութիւն դնելէ: Կը կարդանք. «Եղբայրնե՛րս, երբեք մարդոց միջեւ խտրութիւն մի՛ դնէք, դուք՝ որպէս հաւատացողներ Յիսուս Քրիստոսի, մեր Տիրոջ, որ Ի՛նք միայն գիտէ մարդիկը փառաւորել: Եթէ պատահի, օրինակ, որ ձեր մէկ հաւաքոյթին ոսկի մատանի դրած եւ փառաւոր զգեստներ հագած մարդ մը գայ, եւ միւս կողմէ գայ նաեւ մաշած զգեստներով մարդ մը, եւ դուք փառաւոր հագուստներ ունեցողին մեծ յարգանքով ըսէք՝ «վերը նստէ, խնդրեմ», մինչ աղքատին ըսէք՝ «դուն այսպէս ոտքի կեցիր», կամ՝ «եկուր հոս՝ ոտքերուս քով գետինը նստէ», արդեօք դուք ձեր միջեւ խտրութիւն դրած չէ՞ք ըլլար եւ սխալ սկզբունքով դատած չէ՞ք ըլլար:
Լսեցէ՛ք, սիրելի՛ եղբայրներս, Աստուած Ինք չընտրե՞ց աշխարհիս աղքատները, որոնք հաւատքով հարուստ են եւ պիտի ժառանգեն Արքայութիւնը, որ Աստուած զԻնք սիրողներուն խոստացաւ: Մինչդեռ դուք կ՚արհամարհէք աղքատները: Իսկ հարուստները չե՞ն որ ձեզ կը հարստահարեն. անոնք չե՞ն որ ձեզ դատարանէ դատարան կը քաշկռտեն: Անոնք չե՞ն որ կը վարկաբեկեն Քրիստոսի բարի անունը, որ դուք ձեր վրայ կը կրէք:
Բայց դուք լաւ կ՚ընէք՝ եթէ իրապէս կատարէք Սուրբ Գիրքին թագաւորական օրէնքը, որ կ՚ըսէ. «Սիրէ՛ ընկերդ քու անձիդ պէս»: Իսկ եթէ մարդոց միջեւ խտրութիւն դնէք՝ մեղք կը գործէք, եւ Օրէնքին կողմէ իբրեւ օրինազանց կը դատապարտուիք: Որովհետեւ մարդ նոյնիսկ եթէ ամբողջ Օրէնքը գործադրէ, բայց մէկ պատուիրանի կատարման մէջ թերանայ, ամբողջ Օրէնքին դիմաց յանցաւոր կ՚ըլլայ: Քանի որ «մի՛ սպաններ» պատուիրանը տուղն է որ նաեւ պատուիրեց՝ «մի՛ շնար»: Դուն եթէ սպանութիւն չընես, բայց շնութիւն ընես, Օրէնքին դիմաց յանցաւոր ես:
Արդ, խօսեցէք ու գործեցէք որպէս մարդիկ՝ որոնք ազատութեան օրէնքով պիտի դատուին: Որովհետեւ Աստուած Իր դատաստանին մէջ անողորմ պիտի ըլլայ այն մարդուն նկատմամբ՝ որ ուրիշներուն հանդէպ ողորմած չէ եղած: Մինչդեռ ողորմած մարդուն պարագային՝ Աստուծոյ ողորմութիւնը պիտի յաղթանակէ դատաստանի ատեն» (Յկ 2.1-13):
Թէ՛ Հին եւ թէ՛ Նոր կտակարաններէն կատարած մեր մէջբերումները թէեւ բոլոր մարդոց կը վերաբերին, բայց առաւել եւս իշխանութեան գլուխ եղողներուն, որոնք կոչուած են մարդիկը առաջնորդելու եւ անոնց կեանքը կարգաւորելու: Եւ բոլոր այն իշխանաւորները, որոնք Աստուծոյ երկիւղածութեամբ եւ արդարութեամբ կը կատարեն իրենց վստահուած պարտականութիւնը, ապա Առակացի հեղինակին վկայութեան համաձայն, անոնց աթոռը յաւիտեան հաստատ կը մնայ, որովհետեւ ինչ որ այստեղ՝ այս անցաւոր աշխարհին մէջ կը ցանեն որպէս ողորմութիւն, արդարութիւն, անաչառութիւն եւ հաւասարութիւն, հանդերձեալին մէջ որպէս պտղաւորուած ծառ պիտի ընդունին ու ստանան իրենց վարձատրութիւնը:
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
•շար. 154
Վաղարշապատ