ԱՐԴԻՒՆՔՆԵՐԸ ԿՇԻՌՔԻ ՎՐԱՅ

Հայաստանի Գիտութիւններու ազգային ակադեմիայէն ներս նախընթաց օր գումարուեցաւ տարեկան հերթական ընդհանուր ժողովը, որու ընթացքին կշիռքի վրայ դրուեցաւ այս կարեւոր կառոյցի բազմակողմանի գործունէութիւնը։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, ակադեմիայի մեծ դահլիճի երդիքին տակ տեղի ունեցաւ ընդհանուր ժողովը, որ առիթ դարձաւ՝ մանաւանդ 2024 թուականի գիտական ու գիտակազմակերպական գործունէութեան արդիւնքները չափելու։

Ընդհանուր ժողովի բացման ողջոյնի խօսքով մը հանդէս եկաւ Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Վահագն Խաչատուրեան, որ մատնանշեց այս առանցքային հաստատութեան առաքելութեան եւ դերակատարութեան կարեւորութիւնը։ Նախագահ Խաչատուրեանի ողջոյնի խօսքին զուգահեռ՝ արտայայտուեցաւ նաեւ Հայաստանի Գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի նախագահ ակադեմիկոս Աշոտ Սաղեան։

Ծաւալուն ելոյթի ընթացքին Աշոտ Սաղեան դիտել տուաւ, որ մինչեւ 35 տարեկան գիտաշխատողներու թիւը տասը տոկոսով բարձրացած է՝ նախորդ երեք տարիներուն բաղդատմամբ։ Ան ակադեմիայի գործունէութեան շուրջ ներկայացուց բազմակողմանի վիճակագրական տուեալներ, որոնք կ՚ապացուցանէին, թէ կառոյցը կը շարունակէ վերելքի ճանապարհի վրայ մնալ։ Ակադեմիկոս Աշոտ Սաղեան դիտել տուաւ, որ ակադեմիան քսանմէկ, իսկ անոր յարակից կաճառները ինն՝ գիտական զանազան ճիւղերու վերաբերեալ հանդէսներ կը հրապարակեն կանոնաւոր պարբերականութեամբ։ Ան ընդգծեց նաեւ կիրառական հետազօտութիւններու կարեւորութիւնը, միեւնոյն ժամանակ, մանրամասնութիւններ ներկայացուց ակադեմիայի միջազգային համագործակցութեան զարգացման ուղղութեամբ մշակուած կապերուն կապակցութեամբ։

Հուսկ, Աշոտ Սաղեան բացատրեց, որ գիտութիւնը որքան կարեւորութիւն կը ներկայացնէ Հայաստանի Հանրապետութեան զարգացման ու յառաջընթացին տեսակէտէ՝ ներառեալ երկրի պաշտպանունակութեան ամրապնդումը։

Ուրբաթ, Ապրիլ 25, 2025