ԿԵՆՍՈՒՆԱԿՈՒԹԵԱՆ ՀԱՇՈՒԱՐԿ
«Խաղաղութեան խաչմերուկ»ի պարագային որոշիչ կ՚ըլլայ գերտէրտութիւններու դիրքորոշման յստակեցումը:
Հարաւային Կովկասի աշխարհաքաղաքական առկայ բարդ իրավիճակի պայմաններով՝ մրցակցութիւններու արդիւնքով կրնան ապահովուիլ իրատես լուծումներ, որոնք, սակայն, կրնան անցնիլ սրացումներու եւ նոյնիսկ բախումներու ընդմէջէն: Թրամփի մօտեցումները չեն նպաստեր անվտանգային համակարգերու ամրապնդման՝ հաշուի առնելով Ուաշինկթընի համաշխարհային դերը:
Մոսկուա եւ Պաքու հերթական անգամ նոյն յաճախականութեան վրայ են՝ Երեւանի տեսակէտէ նուրբ նշանակութեամբ հարցի մը շուրջ։ Ռուսաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարիա Զախարովա երէկ յայտարարեց, որ Լեռնային Ղարաբաղի կարգաւորման հարցով ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խումբի բոլոր կառոյցները ենթակայ են լուծարման։
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Ուաշինկթընի մէջ Հայաստանի դեսպանատան երդիքին տակ տեղի ունեցաւ յատուկ քննարկում մը՝ նուիրուած Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Միջազգային զարգացման գործակալութեան ազդեցութեան Հայաստանի տնտեսական զարգացման եւ ժողովրդավարական կառավարման ամրապնդման վրայ։
Ազգային պաշտպանութեան նախարար Եաշար Կիւլէր նախընթաց օր հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու պաշտպանութեան նախարար Լոյտ Օսթինի հետ։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, նախարարները քննարկեցին աւելի ապահով եւ կայուն Սուրիա մը ունենալու համար պայմաններ ստեղծելու կարեւորութիւնը։
Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան երէկ հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի հետ։ Անոնք քննարկեցին Հարաւային Կովկասի առկայ իրավիճակը, ինչպէս նաեւ շօշափեցին միջազգային օրակարգի զանազան հարցեր։
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան երէկ ընկերային ցանցերու վրայ հանդէս եկաւ հերթական գրառումով մը՝ Արցախի հիմնախնդրին կապակցութեամբ։ Այս գրառումը, միեւնոյն ժամանակ, երկրի ներքին քաղաքական կեանքէն ներս հրահրեց հերթական բանավէճը։
Սուրիոյ Արաբական Հանրապետութեան մէջ տեղի ունեցած վերջին իրադարձութիւնները կամ պայմանականօրէն ըսելով՝ 2024 թուականի «Սուրիական խմորը» դեռ կը սպասէ իր ժրաջան հետազօտողին, որպէսզի թեմային առընչուող նիւթը ամբողջացնէ, իր տրամաբանական աւարտին հասցնէ եւ բոլոր հանգամանքները յստակացնէ։
Շիշլիի քաղաքապետութեան «Նազըմ Հիքմէթ» մշակոյթի եւ գեղարուեստական տան երդիքին տակ բացուած է «Ուրբաթ, շաբաթ, կիրակի» լուսանկարչական ցուցահանդէսը, որ կը ցոլացնէ Թուրքիոյ մէջ միաստուածեան կրօններու հաւատացեալներու կեանքը։ Այս ցուցահանդէսը արդէն 18-րդ անգամ կը կրկնուի, ինչ որ վառ արտայայտութիւն մըն է գեղարուեստասէրներու կողմէ անոր վայելած անմիջական ուշադրութեան տեսակէտէ։