ՆԱԽԱԳԱՀ ՏԱՆԸԼՏ ԹՐԱՄՓԻ ՊԱՏԳԱՄԸ՝ ՆԱԽԿԻՆ ՈՐԱԿՈՒՄՈՎ. «ՄԵԾ ԵՂԵՌՆ»
Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ Սպիտակ տուն վերադառնալէ վերջ հրապարակած առաջին 24 Ապրիլի պատգամին մէջ վերադարձաւ՝ 1915 թուականի դէպքերու վերաբերեալ իր նախկին որակումին։ Երկար տասնամեակներ Ուաշինկթընէն հնչած պատգամին մէջ նախընտրուած բառապաշարը կիզակէտային հարցի մը վերածուած էր թէ՛ թրքական եւ թէ հայկական կողմերուն տեսակէտէ։ Տանըլտ Թրամփ պաշտօնավարման առաջին ժամկէտին միշտ նախընտրած էր «Մեծ եղեռն» բնորոշումը, իսկ իրեն յաջորդած ԱՄՆ-ի նախկին նախագահ Ճօ Պայտըն 2021 թուականէն սկսեալ «ցեղասպանութիւն» որակումը նախընտրած էր 24 Ապրիլի պատգամներուն մէջ։
Այս տարի, երբ Թրամփ վերադարձաւ Սպիտակ տուն, Պայտընի ժամանակաշրջանին ձեւաւորուած բազում նախընթացները քանի մը ամսուան ընթացքին փոխեց եւ այս ամբողջին մէջ 24 Ապրիլի պատգամն ալ բացառութիւն չկազմեց։ Ամերիկացի ղեկավարը 1915-ի դէպքերուն մասին «Մեծ եղեռն» որակումը օգտագործեց՝ այսինքն այս հարցին շուրջ ալ վերադարձաւ իր թողած կէտին։
Տանըլտ Թրամփ պատգամին մէջ շեշտեց, որ այս ողբերգութեան լոյսին ներքեւ ականատես կ՚ըլլան նաեւ հայ ժողովուրդի ուժին եւ ամրութեան։
«Մենք անհամբեր կը սպասենք Հայաստանի հետ մեր ռազմավարական գործընկերութեան շարունակութեան եւ տարածաշրջանային կայունութեան պահպանման, մինչ մենք կը շարունակենք ձգտիլ կայուն բարգաւաճման մէջ անվտանգութեան», նշուած է Թրամփի պատգամին մէջ։
Միւս կողմէ, Անգարա հրապարակաւ բացառիկ իմաստ մը չէ վերագրած Ուաշինկթընէն հնչած պատգամին, ոչ ալ թրքական լրատուամիջոցները արտասովոր վերաբերմունք մը ցուցաբերած են այս իրադարձութեան նկատմամբ։ Արտաքին գործոց նախարարութիւնը երէկ հանդէս եկաւ յայտարարութեամբ մը, որով անդրադարձաւ աշխարհի կարգ մը երկիրներու կողմէ կատարուած յայտարարութիւններուն։ «Անատոլու» գործակալութեան հաղորդումներով, յայտարարութեան մէջ շեշտուեցաւ, որ 1915 թուականի դէպքերուն շուրջ պատմական ճշմարտութիւններու եւ միջազգային իրաւունքի դէմ կատարուած յայտարարութիւնները ամբողջութեամբ մերժելի են։ Թուրքիա տեղեկացուց, որ ի չիք կը համարուին 1915-ի դէպքերուն վերաբերեալ այն յայտարարութիւններն ու նախաձեռնութիւնները, որոնք անցեալի ցաւերը քաղաքական դրդապատճառներով կը չարաշահեն։ Յայտարարութեան մէջ ընդգծուեցաւ, որ պէտք չէ խրախուսուին ծայրայեղ շրջանակներու՝ պատմութենէն թշնամանք դուրս բերելու ուղղեալ ջանքերը։
Արտաքին գործոց նախարարութեան յայտարարութեան մէջ կոչ ուղղուեցաւ, որպէսզի խրախուսուի Թուրքիա-Հայաստան յարաբերութիւններու բնականոնացման գործընթացը։ «Թուրքիա համաշխարհային մակարդակի վրայ եւ իր տարածաշրջանէն ներս միշտ պաշտպանած է խաղաղութեան, երկխօսութեան, փոխհասկացութեան եւ հասարակաց բարեկեցութեան զարգացումը», նշուած է յայտարարութեան մէջ, նաեւ յիշեցուած է, որ Թուրքիա բացած է իր արխիւները եւ այս հարցին շուրջ առաջարկած է պատմաբաններու համատեղ յանձնաժողովի մը ստեղծուիլը։