ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՐԳԱՆՔԻ ՀԱՄԱՐ ԴԷՊԻ ՀՌՈՄ
Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Վահագն Խաչատուրեան վաղը պիտի մասնակցի Հռոմէական Կաթոլիկ եկեղեցւոյ նորոգ վախճանեալ քահանայապետ Ֆրանսիսքոս Ա. Սրբազան Պապի յուղարկաւորութեան։ Երեւանի պաշտօնական աղբիւրները տեղեկացուցին, որ նախագահ Խաչատուրեան վաղը այս նպատակով պիտի մեկնի Վատիկան։
Աւելի վաղ, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի աղբիւրներն ալ հաղորդած էին, որ Սրբազան Քահանայապետի յուղարկաւորութեան պիտի մասնակցի նաեւ Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը։ Կը նախատեսուի, որ Վեհափառ Հայրապետը այսօր հասնի Հռոմ։ Նորին Սրբութեան եւ ընկերակիցներուն տեղւոյն վրայ կը միանայ նաեւ Արեւմտեան Եւրոպայի հայրապետական պատուիրակ եւ Վատիկանի Սուրբ Աթոռի մօտ Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ մշտական ներկայացուցիչ Տ. Խաժակ Արք. Պարսամեան։
Այսպէսով Հայաստանի Հանրապետութիւնը եւ Հայաստանեայց Առաքելական Սուրբ Եկեղեցին ամենաբարձր մակարդակի վրայ կը ներկայացուին նորոգ վախճանեալ քահանայապետի յուղարկաւորութեան՝ ի դէմս նախագահին եւ Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետին։
Ծանօթ է, որ Ֆրանսիսքոս Ա. գահակալութեան տարիներուն այցելած էր նաեւ Հայաստան։