ԱՄԵՆ. Ս. ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀԱՅՐԸ ՆԱԽԱԳԱՀԵՑ ՖԷՐԻԳԻՒՂԻ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ Ս. ՊԱՏԱՐԱԳԻՆ
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան շաբաթավերջին Մեծ պահոց Դատաւորի կիրակիի արարողութիւններուն նախագահեց Ֆէրիգիւղի Ս. Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ, ուր տուաւ նաեւ օրուան պատգամը։ Ս. Պատարագը մատոյց Տ. Կորիւն Աւ. Քհնյ. Ֆէնէրճեան։ Երգեցողութիւնները կատարուեցան Ս. Վարդանանաց դպրաց դաս-երգչախումբին կողմէ՝ ղեկավարութեամբ Սիպիլ Արսէնեանի եւ երգեհոնահարութեամբ Լիւսի Գահվէճիօղլուի։ Յաւարտ Ս. Պատարագի կատարուեցաւ հոգեհանգստեան պաշտօն։
Կրօնական արարողութիւններէն վերջ, Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը մէկտեղուեցաւ Շիշլիի գաւառապետ Ճեվտէտ Էրթիւրքմէնի հետ, որ եկեղեցի այցելած էր։ Նորին Ամենապատուութիւնը իսլամական աշխարհի Ռամազանի տօնին առթիւ շնորհաւորութիւններ յղեց գաւառապետին։
Ֆէրիգիւղի Ս. Վարդանանց եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդը Ամենապատիւ Սրբազան Պատրիարք Հօր այցելութեան առթիւ սարքեց նաեւ պահքի սիրոյ սեղան մը։