Տ. ԱՐՍԷՆ ՔԱՀԱՆԱՅ ԷՔԻՆՃԵԱՆ ՄԱՏՈՅՑ ԱՆԴՐԱՆԻԿ Ս. ՊԱՏԱՐԱԳԸ

Ս. Քառասուն Մանկանց տօնը այս տարի բացառիկ նշանակութիւն ունեցաւ պոլսահայ եկեղեցական կեանքին տեսակէտէ։ Այսպէս նորաօծ Տ. Արսէն Քհնյ. Էքինճեան Ենիգաբուի Ս. Թադէոս-Ս. Բարթողիմէոս եկեղեցւոյ մէջ մատոյց իր անդրանիկ Ս. Պատարագը։ Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան նախագահեց արարողութիւններուն, որոնց ընթացքին խօսեցաւ քարոզ մը։ Երգեցողութիւնները կատարուեցան Կէտիկփաշայի եկեղեցւոյ Զուարթնոց դպրաց դաս-երգչախումբին կողմէ՝ ղեկավարութեամբ Ատրուշան Սրկ. Հալաճեանի եւ երգեհոնահարութեամբ Արտէն Զէյֆիեանի։

Ս. Պատարագի աւարտին, ըստ ընկալեալ սովորութեան, անդրանիկ Ս. Պատարագը մատուցած նորաօծ քահանայ հօր շուրջառը տարածուեցաւ հաւատացեալ ժողովուրդին վրայ՝ բժշկութեան աղօթքի զուգահեռ։

Կրօնական արարողութիւններէն վերջ, եկեղեցւոյ յարակից սրահին մէջ սարքուեցաւ պահքի սիրոյ սեղան մը։

Չորեքշաբթի, Ապրիլ 2, 2025