Ս. ԱՍՏՈՒԱԾԱԾՆԻ ՎԵՐԱՓՈԽՄԱՆ ՏՕՆԸ ԳՆԱԼԸԻ ԲԱՐՁՈՒՆՔԻՆ
Գնալըի բարձունքին Ս. Աստուածածնի վերափոխման տաղաւարը այս տարի եւս հոգեւոր ցնծութեան առիթ դարձաւ։ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ երէկուան տօնակատարութիւններուն հանդիսապետեց Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեան՝ մինչ հոծ թիւով հաւատացեալներ համախմբուեցան օրուան խորհուրդին շուրջ։
Գուրուչէշմէի Երեւման Ս. Խաչ եկեղեցւոյ մէջ երէկ մեծ խանդավառութեամբ նշուեցաւ Ս. Աստուածածնի տօնը։ Վերափոխման տաղաւարի նախօրէին՝ Վոսփորի Եւրոպական ափի այս գողտրիկ սրբավայրը օծուած եւ պաշտամունքի վերաբացուած էր՝ բարեզարդման աշխատանքներէ վերջ։
Թրքահայ ազգային-եկեղեցական կեանքէն ներս այս տարուան Ս. Աստուածածնի վերափոխման տաղաւարը կը բնորոշուի Վաքըֆլըգիւղի համանուն եկեղեցւոյ օծման ու պաշտամունքի վերաբացման արարողութիւնով։
Պոլսահայ վարժարաններէն ներս կրօնի առարկայի դասաւանդման ուղղեալ նոր նախաձեռնութիւն մը:
Թուրքիոյ ոչ-իսլամ փոքրամասնական համայնքներու արդի տարեգրութեանց մէջ, զօրակցութեան տեսակէտէ այս ամառ բացառիկ դրսեւորում մը հանդիսացաւ Գնալըի բարձունքին պարզուած ողջունելի դրուագը։
Երէկ, Գումգաբուի Ս. Աստուածածին Աթոռանիստ Մայր եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ նորոգ հանգուցեալ տոց. տքթ. Վահէ Ալիքսանեանի յուղարկաւորութեան արարողութիւնը, որ համախմբեց համայնքային շրջանակներէն բազում դէմքեր՝ մասնաւորապէս Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցէն պատասխանատուներ։
Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Անգլիոյ թեմէն խումբ մը ուխտաւորներ Ս. Աստուածածնի Վերափոխման տօնին ընդառաջ փութացած են Թուրքիա։ Ուխտագնացութիւնը կը գլխաւորէ Թեմակալ առաջնորդ Տ. Յովակիմ Եպսկ. Մանուկեան։
Գնալըի բարձունքին, Ս. Աստուածածնի տօնին ընդառաջ, ուխտի շաբթուան շրջանակներէն ներս, Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ ստեղծուած հոգեւոր հրճուանքի մթնոլորտը կը շարունակուի թափով։ Երէկ յետմիջօրէին եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ մանկանց աղօթք մը, որուն հանդիսապետեց Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեան։
Գնալըի բարձունքին հոգեւոր ուրախութեան մթնոլորտ կը տիրէ՝ շաբաթավերջի Ս. Աստուածածնի Վերափոխման տաղաւարին ընդառաջ։ Ըստ վերջին տարիներուն ձեւաւորուած նախընթացին՝ Ս. Աստուածածնի տօնին նախորդող շաբաթը մասնաւոր ծրագիր մը կեանքի կը կոչուի՝ հոգեւոր հովիւ Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեանի ջանքերով։
Խոր ցաւով վերահասու եղանք, թէ պոլսահայ բժշկական դասու երիցագոյն անդամներէն մին հրաժեշտ առած է երկրաւոր կեանքէն. ոչ եւս է տոց. Վահէ Ալիքսանեան։ Բօթը հասաւ երէկ երեկոյեան ժամերուն, ինչ որ խոր ցաւ պատճառեց թէ՛ նորոգ հանգուցեալ տոց. Վահէ Ալիքսանեանի ընտանիքին եւ թէ ամբողջ համայնքային շրջանակներուն։