Ուրբաթ 4, Յուլիս 2025
ՄԻՇՏ ԱՆՈՐՈՇՈՒԹԻՒՆ
Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը համոզուած է, թէ համայնքային կեանքէն ներս ընտրեալներու կողմէ այլ ընտրեալներու հաշիւ հարցուիլը շատ աւելի դիւրին է։ Ան ընդգծեց, որ վերջնականօրէն յայտնի չէ, թէ մեր համայնքի աշխարհիկ գործերը որո՞ւ կողմէ կը ղեկավարուին։
Ան այս շեշտադրումը ըրաւ՝ պատասխանելով այն հարցման, թէ ի՞նչ փուլի մէջ է Պատրիարքարանի պահանջած՝ ազգային-եկեղեցական կեանքի վերաբերեալ ամբողջական տուեալներու շտեմարան մը ունենալու աշխատանքը՝ ներառեալ համայնքապատկան կալուածներու ցուցակագրումը։ Իր խօսքով՝ գործընթացը բաւական թանթաղ է, սակայն, ERVAB-է ներս աշխատանքները ընթացքի մէջ են։
Այլ հարցումի մը պատասխանելով՝ Նորին Ամենապատուութիւնը ընդգծեց, որ ճիշդ չի համարեր ERVAB-ի նիստերուն դռնփակ գումարուիլը՝ առանց համայնքային մամուլին։
Ուրբաթ, Յուլիս 4, 2025