ՊՈԼՍԱՀԱՅ ՄԱՆՈՒԿՆԵՐ ԵՒ ՊԱՏԱՆԻՆԵՐ ԱՅՍ ՏԱՐԻ ԵՒՍ ՊԻՏԻ ՀԻՒՐԸՆԿԱԼՈՒԻՆ ԳՆԱԼԸ ԿՂԶԻԻ ՅՈՒՆԱՑ ԱՄՐԱՆ ՃԱՄԲԱՐԻՆ ՄԷՋ
Գարակէօզեան տան Գնալը կղզիի Կազդուրման կայանը այս տարի եւս կը մնայ փակ եւ ստեղծուած իրավիճակին մէջ դարձեալ միջանկեալ լուծման նշանակութեամբ կարգադրութիւն մը կատարուած է՝ քաղաքիս յոյն համայնքին հետ համագործակցութեամբ։ Այսպէս, Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեանի օրհնութեամբ եւ մեր երախտաշատ բարերարներէն Արէտ-Մոնիք Երկանեան ամոլի սրտաբուխ նուիրատուութեամբ, այս ծրագիրը կամաւորապէս կը համակարգէ մեր ազգայիններէն Արի Չոլաք, որ անցեալին Կազդուրման կայանի խնամատար մարմինն ալ գլխաւորած է։ Թէեւ շատ սահմանափակ թիւով մանուկներ կամ պատանիներ պիտի օգտուին այս նախաձեռնութենէն, սակայն, այստեղ կարեւորութիւն կը ներկայացնէ սոյն հարցին թրքահայ ազգային-եկեղեցական կեանքի օրակարգին վրայ արծարծուած մնալը։
Արի Չոլաքի եւ Գնալը կղզիի յունաց ճամբարի տնօրէն Փետեփոլիս Փրոթիսի համագործակցութեամբ այս աշխատանքը հունի մէջ դրուած է՝ Ֆէնէրի Յունաց Պատրիարքութեան ալ հաւանութեամբ։ Այսպէս, օգոստոսի 11-19-ին յունաց ճամբարի համալիրէն ներս պիտի հիւրընկալուին՝ Գումգաբուի Պէզճեան Մայր վարժարանէն 4, Թոփգաբուի Լեւոն-Վարդուհեան վարժարանէն 4 եւ Կէտիկփաշայի «Հրանդ Տինք» վարժարանէն 20 սաներ։ Ընդամէնը 28 այս սաներուն գլուխը պիտի գտնուի 4 հսկիչ՝ նոյնպէս «Հրանդ Տինք» դպրոցէն։
Անցեալ տարի ձեւաւորուած նախընթացին հիման վրայ՝ այս տարի ալ սոյն նախագիծը կեանքի պիտի կոչուի, ինչ որ վառ արտայայտութիւնն է համայնքային շրջանակներու զգայնութեան, համեստ խաւերէ աշակերտներու ամրան հանգիստի ապահովման տեսակէտէ։ Տղոց ժամանցին համար ալ անհրաժեշտ կարգադրութիւնները կատարուած են։ Հաւանական տարրական ծախսերու դիմագրաւման նպատակով՝ Արէտ եւ Մոնիք Երկանեաններու կողմը կատարուած նուիրատուութեան գումարէն կանխավճար մըն ալ փոխանցուած է յունաց պատրիարքարանին։
Արի Չոլաք, որ աշխատանքները կը համակարգէ, կոչ կ՚ուղղէ, որպէսզի կղզեբնակ ժողովուրդը անտարբեր չմնայ այս նախաձեռնութեան նկատմամբ։