ՊՈԼՍԱՀԱՅ ԽՈՒՄԲ ՄԸ ԿՐԹԱԿԱՆ ՄՇԱԿՆԵՐ ԵՐԵՒԱՆԻ ՄԷՋ

Հայաստանի Կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնամարզի նախարարութեան նախաձեռնութեամբ կազմակերպուած «Գիտելիքի կամուրջ» ծրագիրը արդէն ընթացքի մէջ է Երեւանէ ներս։ Ներկայ ամսուան գրեթէ ողջ տեւողութեան պիտի շարունակուին այս նախաձեռնութեան շրջանակներէն ներս նախատեսուած աշխատանքները, որոնք կը համախմբեն աշխարհի զանազան երկիրներէն հայ կրթական մշակներ։

Կը տեղեկանանք, որ մեր համայնքէն ալ խումբ մը ուսուցչուհիներ ներգրաւուած են այս ծրագրին։ Երեւանի մէջ կը գտնուին Հերա Իսքէնտէրօղլու, Ժպիտ Իսքէնտէրօղլու-Քալայճը, Միրելլա Կիւլէր, Սելին Չավուշօղլու եւ Այլին Քեշիշօղլու, որոնք իրենց փորձառութիւնները փոխանակելու եւ գիտելիքները զարգացնելու առաջադրութեամբ կը մասնակցին նախագծին։

Պոլսահայ հինգ կրթական մշակներու մասնակցութիւնը այս նախաձեռութեան ունի կարեւոր նշանակութիւն։ Արդարեւ, սոյն ծրագիրը հետամուտ է սփիւռքի ուսուցիչներու վերապատրաստման։ Նկատի ունենալով, որ ամբողջ հայկական սփիւռքէ ներս ամենօրեայ վարժարաններու ցանցի եւ անոր աշակերտական թիւին տեսակէտէ պոլսահայ կրթական համակարգը ունի կարեւոր դիրք մը՝ այս կրթական մշակներուն ներկայութիւնը բոլոր առումներով կարեւոր է։ Այսինքն, անոնք թէ՛ Պոլսոյ փորձառութիւնը կը փոխանցեն իրենց պաշտօնակիցներուն եւ թէ սփիւռքի զանազան կեդրոններու մէջ կուտակուած փորձառութեան մասին պատկերացում կազմելու հնարաւորութիւն կ՚ունենան։

Շաբաթ, Յուլիս 5, 2025