ԱՄԵՆ. Ս. ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀԱՅՐԸ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ԿԷՏԻԿՓԱՇԱՅԻ «ՀՐԱՆԴ ՏԻՆՔ» ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ ՊԱՏԱՍԽԱՆԱՏՈՒՆԵՐԸ
Երէկ, Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան ընդունեց Կէտիկփաշայի «Հրանդ Տինք» վարժարանի Արթօ-Դալար Հորոզօղլու ամոլին կողմէ գլխաւորուած կամաւորներու վարչութիւնը, տնօրէնուհի Հերիքնազ Աւագեանը եւ փոխ-տնօրէնուհի Լուսինէ Յարութիւնեանը։