26 ՏԱՐԻ ՎԵՐՋ ԱՅՑ ՄԸ

Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը յայտնեց, որ դէպի Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ երկշաբաթեայ ուղեւորութիւնը անցած է արդիւնաւէտ։ Թէ՛ Արեւմտեան եւ թէ Արեւելեան ափին նախկին պոլսահայերը ջերմօրէն ողջունած են զինքը։ Վերջին անգամ նման ուղեւորութիւն մը տեղի ունեցած էր 26 տարի առաջ։ Նորին Ամենապատուութիւնը դիտել տուաւ, որ նախկին պոլսահայ շրջանակներուն հետ այցելութեան օրերուն բաժնած է Պատրիարքական Աթոռի դիմագրաւած նիւթական դժուարութիւնները։

«Մերձաւոր Արեւելքի հայկական գաղութները կը նօսրանան, իսկ Ամերիկայի մէջ կը մեծնան։ Այնտեղ ալ համայնքներու անդամներու համախմբման հնարաւորութիւնները բաւական սահմանափակ են, ինչ որ կը հրահրէ ձուլումը», ըսաւ ան։

Ուրբաթ, Յուլիս 4, 2025