ԳԱՏԸԳԻՒՂԻ ԸՆՏԱՆԻՔԸ ԿԸ ՊԱՏՐԱՍՏՈՒԻ «ԱՊԱԳԱՅ» ՆՈՐԱՍՏԵՂԾ ՄԱՆԿԱՊԱՏԱՆԵԿԱՆ ԵՐԳՉԱԽՈՒՄԲԻ ՀԱՄԵՐԳԻՆ

Գատըգիւղի ընտանիքը այս շրջանին հանդէս եկած է ողջունելի նախաձեռնութիւնով մը։ Այսպէս, Ս. Թագաւոր եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդը եւ Արամեան-Ունճեան վարժարանի տնօրէնութիւնը ձեռնամուխ եղած են՝ թաղէն ներս մանկապատանեկան երգչախումբի մը ստեղծման։ Մեր երաժշտական աշխարհէն ներս նոր սերունդի ուղղեալ պատասխանատուութիւններ եւ յանձնառութիւններ ստանալով ծանօթ դէմք մը՝ Հրանդ Չիզմէճեան այս ուղղութեամբ կը համագործակցի Գատըգիւղի ընտանիքին հետ։

Երէկ, հաճոյքն ունեցանք խմբագրատանս մէջ հիւրընկալելու Գատըգիւղի Ս. Թագաւոր եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Սարվէն Սերթշիմշէքը, թաղային խորհուրդի անդամներէն Շահան Ուզունը, Արամեան-Ունճեան վարժարանի տնօրէնուհի Թալին Պէրպէրօղլուն եւ Հրանդ Չիզմէճեանը։ Զրոյցի ընթացքին հիւրերը մանրամասնութիւններ ներկայացուցին՝ մանկապատանեկան երգչախումբի մը ստեղծման նախաձեռնութեան շուրջ։ Արդարեւ, Գատըգիւղի դպրաց դաս-երգչախումբը ունի հարուստ աւանդութիւններ եւ անոնց յարատեւութեան երաշխաւորման տեսակէտէ այս նախաձեռնութիւնը կը ներկայացնէ չափազանց կարեւոր նշանակութիւն։ Ի լրումն այս բոլորին, հիւրերը տեղեկացուցին, որ «Ապագայ» անուանուած այս մանկապատանեկան խումբը կը պատրաստուի մօտաւոր ապագային հանդէս գալ իր առաջին համերգով։

Միւս կողմէ, Գատըգիւղի ընտանիքի ներկայացուցիչները երէկ այցելեցին նաեւ Պատրիարքարան, ուր իրենց ընկերացաւ նաեւ հոգեւոր հովիւ Տ. Զօհրապ աւ. քհնյ. Ճիվանեան։ Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. արք. Մաշալեան ջերմ մթնոլորտի մը մէջ հիւրընկալեց Գատըգիւղի ընտանիքի ներկայացուցիչները, որոնք զինքը հրաւիրեցին համերգի։ Նորին Ամենապատուութիւնը բարձր գնահատեց ապագայ դպիրներ հասցնելու ճանապարհին տարուած աշխատանքը։

Երեքշաբթի, Ապրիլ 14, 2026