ԱՒԱՆԴԱԿԱՆ ՀԱՒԱՔ
Երէկ, Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամենապատաիւ Տ. Սահակ Սրբազան արքեպիսկոպոս Մաշալեան պոլսահայ զանազան հաստատութիւններու տիկնանց կազմերու ներկայացուցիչները ընդունեց Գումգաբուի մէջ։ Սուրբ Զատկի տաղաւարին առթիւ կազմակերպուած աւանդական այս հաւաքի ընթացքին ստեղծուեցաւ բարձր տրամադրութիւն։ Ամենապատիւ Սրբազան Պատրիարք Հայրը յետմիջօրէին մէկտեղուեցաւ տիկնանց կազմերու ներկայացուցիչներուն հետ, որոնց տաղաւարի առթիւ փոխանցեց ջերմ շնորհաւորութիւններ եւ բիւր օրհնութիւններ։ Նորին Ամենապատուութեան կողքին ներկայ էր Պատրիարքական փոխանորդ Տ. Գրիգոր աւագ քահանայ Տամատեան։
Ընդունելութիւնը սկսաւ աղօթքով, ապա Ամենապատիւ Սրբազան Պատրիարք Հայրը ողջունեց ներկաները։ Նորին Ամենապատուութիւնը գնահատեց համայնքային կեանքէն ներս կանանց կարեւոր դերակատարութիւնը՝ մաղթելով, թէ յառաջիկային զանազան հարթակներու վրայ խորհրդակցութիւններ կազմակերպուին իգական սեռի գործունէութեան դաշտը աւելի ընդարձակելու առաջադրութեամբ։
Տիկնանց յանձնախումբերու ներկայացուցիչները շնորհակալութիւն յայտնեցին Ամենապատաիւ Տ. Սահակ Սրբազան արքեպիսկոպոս Մաշալեանին եւ արձակման փուլին, աջահամբոյրի ժամանակ իրմէ ստացան զատկական հաւկիթներ։