ԱՄԵՆ. Ս. ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀԱՅՐԸ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ԱՍՈՂԻԿ ԴՊՐԱՑ ԴԱՍՈՒ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑԻՉՆԵՐԸ

Երէկ, Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. արք. Մաշալեան հիւրընկալեց Պէյօղլուի Ասողիկ դպրաց դասու ներկայացուցիչները՝ գլխաւորութեամբ Տ. Յարութիւն վրդ. Տամատեանի, որուն կ՚ընկերանար նաեւ Տ. Գէորգ աւ. քհնյ. Չնարեան։ Այս դպրաց դասը, որ վերջերս վերակազմաւորման փուլի մէջ կը գտնուի, ունի խոր աւանդութիւններ, որոնք կը փափաքի ապագայի ճանապարհին արժեւորել այս նոր շրջանին։ Մօտաւոր ապագային նախատեսուած են դպրաց դասու հիմնադրութեան տարեդարձի արարողութիւնները։ Գոհաբանական Ս. Պատարագով, հոգեհանգստեան պաշտօնով եւ սիրոյ սեղանով պիտի իրականացուին տօնակատարութիւնները, որոնց ընդառաջ դպրաց դասու ներկայացուցիչները Գումգաբու փութացին՝ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր օրհնութիւնը ստանալու համար։

Նորին Ամենապատուութիւնը զրոյցի ընթացքին գնահատեց Ասողիկ դպրաց դասու գործունէութիւնը եւ վերակազմութեան գործընթացէ ներս տարուած արդիւնաւէտ աշխատանքը։ Ան օրհնեց դպիրներու նախանձախնդիր սպասարկութեան պատրաստակամութիւնը եւ մաղթեց յարատեւութիւն։

Երեքշաբթի, Ապրիլ 14, 2026