«ՀՐԱԺԵՇՏ ԱՅԲԲԵՆԱՐԱՆԻՆ»
Կէտիկփաշայի «Հրանդ Տինք» դպրոցին մէջ վերջին օրերուն տեղի ունեցան խանդավառ հանդէսներ։ Մանկապարտէզի մեծերու խումբի «Գարուն» դասարանի տարեվերջի հանդէսը նշանաւորուեցաւ բացառիկ բարձր տրամադրութեամբ՝ քանի փոքրիկները ունեցան յաջող ելոյթներ, նաեւ ջերմ զգացումներ արտասանեցին իրենց կրթական մշակներուն նկատմամբ։