ԱՐՑՈՒՆՔՆԵՐՈՒ ՏԱՐԱՓ
Երախտաշատ եւ անմոռանալի բարերարին վերջին հրաժեշտը համախմբեց համայնքային շրջանակները, պետական աւագանիի ներկայացուցիչներ, քաղաքական եւ հասարակական գործիչներ, որոնք բարեյիշատակ գործիչի դերակատարութեան նշանակութիւնը բարձր գնահատեցին՝ իր յաւիտենական հանգիստի տխուր մեկնարկին:
Փառաշուք յուղարկաւորութիւն:
Նորոգ հանգուցեալ Տիգրան Կիւլմէզկիլի հոգւոյ խաղաղութեան համար հոծ բազմութիւն մը աղօթեց Գումգաբուի Ս. Աստուածածին Աթոռանիստ Մայր եկեղեցւոյ մէջ, ուր ընթերցուեցաւ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր ցաւակցականը եւ դամբանախօսեց Տ. Արամ Արք. Աթէշեան, որ նախագահեց յուզումնախառն արարողութեան:
Գարակէօզեան տան համալիրի սգահանդէսին խօսեցաւ խնամակալութեան սիւներէն Գարուն Գովան:
Նախկին նախարար Սոյլու, երեսփոխան Սվաճըօղլու եւ Կալաթասարայ մարզակումբի նախագահ Էօզպէք դագաղին գլուխը բիւր յարգանքով արժեւորեցին մեծանուն ազգայինին գործունէութիւնը:
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ դէպի Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ ուղեւորութեան ծրագրի կարեւորագոյն փուլերէն մին կեանքի կոչեց։ Ան Նիւ Եորքի մէջ այցելեց ՄԱԿ-ի կեդրոնը։
Խոր ցաւով տեղեկացանք Տիար Տիգրան Կիւլմէզկիլի մահուան լուրին։
Գատըգիւղի ընտանիքը խանդավառ պայմաններու ներքեւ հրաժեշտ տուաւ թաղի Արամեան-Ունճեան վարժարանի 2024-2025 կրթական շրջանի ընթացաւարտներուն։ 11 շրջանաւարտներուն համար դպրոցի պարտէզին մէջ կազմակերպուեցաւ փայլուն հանդէս մը, որուն ներկայ էին Գատըգիւղի ընտանիքի վարիչները։
Սամաթիոյ ընտանիքը թաղի Սահակեան-Նունեան վարժարանի միջնակարգի բաժնի շրջանաւարտներուն համար կազմակերպուած հանդէսին առթիւ ապրեցաւ մեծ խանդավառութիւն։
Ամենապատիւ Ս. Պատրիարք Հայրը Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւելեան թեմէն ներս:
Երախտաշատ ազգային բարերար, Գարակէօզեան տան խնամակալութեան բազմամեայ ատենապետ եւ անմոռանալի համայնքային գործիչ Տիգրան Կիւլմէզկիլ այսօր կէսօրուան ժամերուն կը յուղարկաւորուի Գումգաբուի Ս. Աստուածածին Աթոռանիստ Մայր եկեղեցւոյ մէջ։
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեանի դէպի Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ ուղեւորութեան ծրագրի երկրորդ փուլը արդէն սկսաւ։
Թրքահայ ազգային-եկեղեցական կեանքը համակուած է տխրութեամբ։ Սա, բառին բուն իմաստով, համատարած տխրութիւն մըն է, քանի կարելի չէ անմիջապէս թօթափել ազգային բարերար Տիգրան Կիւլմէզկիլի անժամանակ կորուստին պատճառած ցնցումը։
Ամենապատիւ Սրբազան Պատրիարք Հայրը Հայաստանեայց Առաքելական Սուրբ Եկեղեցւոյ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան թեմէն կ՚անցնի Արեւելեան թեմ: