Թրքահայ կեանք

ԴԷՊԻ ՎՈՍՓՈՐ ԱՇԱԿԵՐՏՆԵՐՈՒ ԶԲՕՍԱՊՏՈՅՏ

Թոփգաբուի Լեւոն-Վարդուհեան վարժարանի աշակերտներուն համար նաւապտոյտ մը կազմակերպուեցաւ դէպի Վոսփոր։ Այս նախաձեռնութիւնը առիթ դարձաւ, որպէսզի տղաքը Իսթանպուլի պատմական եւ բնական գեղեցկութիւններուն գիւտը ընեն տարբեր տեսանկիւնէ մը։

«ԱՐԱՍ»ԷՆ ԳՐԻԳՈՐ ՊԸԼՏԵԱՆԻ «ԸՆԴԱՌԱՋՈՒՄ»Ը

«Արաս» հրատարակչատունը լոյս ընծայած է սփիւռքահայ յայտնի մտաւորական Գրիգոր Պըլտեանի կողմէ հեղինակուած «Ընդառաջում» գիրքին, որ հրատարակուած է Խաչիկ Աբէլեանի աջակցութեամբ։ Այս գիրքը առաջին անգամ սահմանափակ տպաքանակով Երեւանի մէջ հրատարակուած է 2019 թուականին։

ՓՈՔՐԱՄԱՍՆՈՒԹԵԱՆՑ ԿՐԹՈՒԹԻՒՆԸ

Մեր համայնքի կրթական մշակներէն Լենա Չաքըր, Մելիսա Ինկիլիզօղլու եւ Արփէն Չընար, որոնք Էսաեան եւ Թարգմանչաց վարժարաններուն մէջ կը պաշտօնավարեն, վերջերս Գերմանիա այցելեցին՝ միջազգային ծրագրի մը մասնակցելու համար։

ԷՍԱԵԱՆՑԻՆԵՐՈՒ ԲԱԺԱԿԻ ՕՐԸ

Էսաեանի ընտանիքը շաբաթավերջին բացառիկ ոգեւորութեան մէջ էր՝ շրջանաւարտներու բաժակի օրուան առթիւ։ Վարժարանի հիմնադրութեան 130-ամեակի յոբելենական շրջանին զուգադիպեցաւ այս հաւաքը, որ բնորոշուեցաւ արտակարգօրէն բարձր տրամադրութեամբ։

ԴՊՐԵՎԱՆՔՑԻՆԵՐՈՒ ԺԱՄԱԴՐՈՒԹԻՒՆԸ

Ս. Խաչ դպրեվանքի ընտանիքը շաբաթավերջին շրջանաւարտից տարեկան հաւաքին առթիւ բացառիկ խանդավառութիւն ապրեցաւ։ Ըստ ընկալեալ սովորութեան, Դպրեվանքի ընտանիքի վարիչները յարգանքի այցելութիւն մը տուին Շիշլիի գերեզմանատան Պատրիարքներու բաժանմունքը, ուր խոնարհեցան հաստատութեան նախկին վանահայրերու յիշատակին առջեւ։

ՄԽԻԹԱՐԵԱՆՑԻՆԵՐՈՒ ԽԱՒԻԾԻ ՕՐԸ

Մխիթարեանցիներու Խաւիծի օրը անկիւնադարձ մը դարձաւ՝ վարժարանի հիմնադրութեան 200-ամեակի ներկայ յոբելենական շրջանին։ Մխիթարեան վարժարանը, երբ կը թեւակոխէ գոյութեան երրորդ դարը, իր աշխարհատարած շրջանաւարտները տոգորուած են անբացատրելի զգացումներով։

ԱՄԱՌՆԱՄՈՒՏԻ ԸՆՏԱՆԵԿԱՆ ՀԱՒԱՔՈՅԹ

Ֆէրիգիւղի Ս. Վարդանանց դպրաց դաս-երգչախումբի անդամները ամառնամուտը նշեցին հաճելի հաւաքոյթով մը։ Եկեղեցւոյ յարակից պարտէզին մէջ անոնք համախմբուեցան՝ դպրաց դասու նախագահ Տ. Կորիւն Աւ. Քհնյ. Ֆէնէրճեանի գլխաւորութեամբ։

ԱՄԵՆ. Ս. ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀԱՅՐԸ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՊԷԶՃԵԱՆ ՍԱՆՈՒՑ ՄԻՈՒԹԵԱՆ ՎԱՐՉԱՅԻՆՆԵՐԸ

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ ընդունեց Պէզճեան սանուց միութեան վարչութեան ատենապետ Եդուարդ Եըլտըրըմն ու գործակից ընկերները։​

Էջեր