ԴՊՐԵՎԱՆՔՑԻՆԵՐՈՒ ԾՐԱԳԻՐԸ ԱՐԺԱՆԻ ԴԱՍՈՒԵՑԱՒ՝ ԱՆՑՆԵԼՈՒ ԱՒԱՐՏԱԿԱՆ ՓՈՒԼ
Սուրբ Խաչ դպրեվանքի աշակերտները վերջերս փայլուն յաջողութիւն մը արձանագրեցին՝ Ազգային կրթութեան նախարարութեան եւ «EnerjiSA» ընկերութեան համատեղ նախաձեռնութեամբ կազմակերպուած միջվարժարանային մրցոյթի մը շրջանակներէն ներս: Դպրեվանքցիներուն կողմէ ներկայացուած ծրագիրը աւարտական փուլին մէջ մրցելու արժանի դասուեցաւ:
Դպրեվանքցիները այս մրցոյթին մասնակցեցան՝ «Հրդեհի կանխարգիլման ցանց» (FPN) անուանեալ ծրագրով մը:
Դպրեվանքցիներու կողմէ մշակուած այս ծրագիրը հետամուտ է հրդեհները յայտնաբերել տակաւին չծագած՝ քանի վերջին տարիներուն աշխահի վրայ անտառային հրդեհները ողբերգական հետեւանքներ կ՚ունենան: Ծրագրի նախատեսած տրամաբանութեամբ՝ վտանգաւոր գօտիներու մէջ կը տեղադրուի դրութիւն մը, որ մշտադիտարկում կ՚իրականացնէ: Այդ մշտադիտարկման շնորհիւ ջերմաստիճանի բարձրացման եւ խոնաւութեան նուազեցման համեմատութիւնները միշտ ուշադրութեան առարկայ կը դարձուին: Եթէ այդ համեմատութիւնները վտանգաւոր մակարդակի հասնին, ապա անդրձայնային սարքով մը խոնաւութիւն կ՚ապահովուի՝ կանխելու համար հրդեհներու բռնկումը: Դպրեվանքցիներու մշակած ծրագրով նախատեսուած դրութիւնը կը բանի արեւային ուժանիւթով:
Դպրոցէ ներս տղոց կողմէ արձանագրուած յաջողութիւնը ստեղծեց մեծ խանդավառութիւն: Տնօրէն Սերքան Քըյըճըն ալ այս բարձր տրամադրութեան մթնոլորտին մէջ շնորհաւորեց ծրագիրը մշակած աշակերտներն ու զանոնք վերահսկած կրթական մշակները: