ԱՇԱԿԵՐՏՆԵՐՈՎ ՇՐՋԱՊԱՏՈՒԱԾ
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան թեմէն ներս երէկ ձեռնարկեց իր ուղեւորութեան ծրագրի գործադրութեան։ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր այցելութեան մեկնարկային այս փուլը բնորոշուեցաւ կրթական համակարգի նկատմամբ ուշադրութեամբ։