ՊՈԼՍՈՅ ՊԱՏՐԻԱՐՔԱԿԱՆ ԱԹՈՌԻ ՀԻՄՆԱԴՐՈՒԹԵԱՆ 564-ՐԴ ՏԱՐԵԴԱՐՁԸ
Պոլսոյ Պատրիարքական Աթոռի հիմնադրութեան 564-րդ տարեդարձը երէկ աւանդական արարողութեամբ նշուեցաւ Գումգաբուի մէջ։ Այսպէս, Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեանի նախագահութեամբ, Ս. Աստուածածին Աթոռանիստ Մայր եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ ժամերգութեան հանդիսաւոր արարողութիւն, որուն մասնակցեցան պոլսահայ հոգեւորականաց դասու բազմաթիւ անդամներ։