ՄԱՆԿԱՊԱՐՏԷԶԻ ՓՈՔՐԻԿՆԵՐՈՒ ՀԱՆԴԷՍ
Մխիթարեան վարժարանին մէջ տեղի ունեցաւ մանկապարտէզի վերջին դասարանի տարեվերջի հանդէսը, որ մեծ խանդավառութեան առիթ դարձաւ։ Դպրոցի սրահին մէջ տեղի ունեցաւ ձեռնարկը, որուն ներկայ գտնուեցան նաեւ Մխիթարեանի ընտանիքէն պատասխանատուներ։
Յայտագրի սկիզբին ողջոյնի խօսք մը արտասանեց մանկապարտիզպանուհի Նայեատ Քայաօղլու։ Ապա տղաքը հանդէս եկան զանազան լեզուներով բազմակողմանի ելոյթներով՝ արժանանալով ծափահարութիւններու։ Փոքրիկներու ծնողներուն անունով արտայայտուեցան՝ Իտա Քիւրքճիւ եւ Սեսիլ Չընար։
Յայտագրի գործադրութիւնը եզրափակուեցաւ դպրոցի նախակրթարանի բաժնի տնօրէնուհի Քաթիա Վարկըի շնորհաւորութեան խօսքով։
Հուսկ, պարտէզին մէջ սարքուեցաւ ընդունելութիւն մը, որու ընթացքին փոքրիկներուն համար պատրաստուած կարկանդակը հատուեցաւ ծափողջոյններու ներքեւ։