Չորեքշաբթի 17, Յունիս 2026
ԹՈՓԳԱԲՈՒՑԻՆԵՐՈՒՆ ՀԱՃԵԼԻ ՊՏՈՅՏԸ
Թոփգաբուի ընտանիքը 2025-2026 կրթական շրջանի աւարտին պտոյտ մը կազմակերպեց թաղի Լեւոն-Վարդուհեան վարժարանի աշակերտութեան համար։ Այսպէս, դպրոցի մեծ ընտանիքին տեսակէտէ անմոռանալի օր մը եղաւ՝ դէպի Քիլիոս կազմակերպուած շրջայցը։ «Եշիլչիֆթլիք» համալիրէն ներս համախմբուեցան բոլորը՝ գլխաւորութեամբ Ս. Նիկողայոս եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Նուրհան Սուճուեանի։ Ծնողաց միութեան կողմէ կազմակերպուած էր պտոյտը, որու ողջ տեւողութեան բոլորը բարձր տրամադրութեան մէջ էին եւ վայելեցին իրարու հետ ըլլալու անբացատրելի զգացումը։
Բնութեան ծոցին մէջ պտոյտի մասնակիցները վայելեցին իրարու հետ միասնութիւնը եւ եզրափակիչ փուլին բոլորը բարեմաղթանքներ փոխանակեցին՝ ամրան արձակուրդին համար։
Չորեքշաբթի, Յունիս 17, 2026