ՏԱՏԵԱՆԻ ՄԷՋ ԳԵՂԱՐՈՒԵՍՏԱԿԱՆ ՈԳԵՒՈՐ ԵՐԵԿՈՅԹ
Նախընթաց օր, Պաքըրգիւղի Տատեան վարժարանին մէջ տեղի ունեցաւ գեղարուեստական երեկոյթ մը: Դպրոցէն ներս իսկական զօրաշարժով մը կազմակերպուած էր այս ձեռանրկը, որ «Տիգրան Կիւլմէզկիլ» սրահի երդիքին տակ համախմբեց հոծ թիւով ներկաներ:
Տատեանի աշակերտները փայլուն յաջողութեամբ հանդէս եկան յայտագրի ողջ տեւողութեան: Տղոց հայերէն երգերը խոր տպաւորութիւն գործեցին բոլորին վրայ: Յայտագրին մէջ բաժին նախատեսուած էր նաեւ դպրոցի պարի ակումբին համար: Հայկական ժողովրդական պարերու կշռոյթով բոլորը ունեցան անմոռանալի ժամանց:
Հուսկ, տնօրէնուհի Երանուհի Պալճը հանդէս եկաւ շնորհաւորութեան խօսքով մը՝ մասնաւորապէս գնահատելով երաժշտութեան ուսուցիչ Արի Պարութօղլուի եւ պարուսոյց Նարօտ Կիւլէչի կողմէ ծրագրին բերուած ներդրումը:
Յայտագրի գործադրութենէն ետք սարքուեցաւ ընդունելութիւն մը, որու ընթացքին ջերմօրէն շնորհաւորեցին յայտագրի մասնակից տղաքը, որոնք զգալի դարձուցած էին գեղարուեստի ուժն ու ներշնչելու կարողութիւնը: