ԴՊՐԵՎԱՆՔԻ ՄԷՋ ՄԻՋԼԻՍԷԱԿԱՆ ՀԱՅMUN
Սուրբ Խաչ դպրեվանքի մէջ կազմակերպուած ՀԱՅMUN ծրագիրը վերջին օրերուն համախմբեց պոլսահայ հինգ լիսէներու սաները: Միջազգային գետնի վրայ արդէն վաղուց ընդունուած ձեւաչափ մըն է այս մէկը, որով նոր սերունդի ներկայացուցիչները ՄԱԿ-ի մոտելի նմանութեամբ կը քննարկեն միջազգային բնոյթով զանազան հարցեր: ՀԱՅMUN-ը կ՚առանձնանայ այն հանգամանքով, թէ այդ մոտելը կ՚ընդօրինակուի՝ հայերէնով:
Սուրբ Խաչ դպրեվանքէ ներս համախմբուած համայանքային հինգ լիսէներու ներկայացուցիչները համաշխարհային օրակարգի հարցերու շուրջ ծաւալեցին հայերէնով հետաքրքրական քննարկում մը: Երիտասարդներու օրակարգին էին՝ թուային հարթակներու վրայ առկայ ատելութեան խօսքը, անչափահասներու աշխատուժի չարաշահումն ու անոնց համար կրթութիւնը առաւելագոյնս հասանելի դարձնելու խնդիրները, ինչպէս նաեւ նոր սերունդի մտային առողջութիւնն ու ընկճախտի դէմ պայքարը:
Այս բոլորին կապակցութեամբ բազմակողմանի կարծիքի փոխանակումներով համայնքային լիսէներու աշակերտները արժանացան գնահատանքի եւ ծափահարութիւններու:
Սուրբ Խաչ դպրեվանքի տնօրէն Սերքան Քըյըճը եւ գործակիցները ջերմօրէն հիւրընկալեցին բոլոր վարժարաններու ներկայացուցիչ աշակերտներն ու զիրենք վերահսկած կրթական մշակները: