ԹՈՓԳԱԲՈՒԻ ՇՐՋԱՆԱՒԱՐՏՆԵՐՈՒ ՀՐԱԺԵՇՏԻ ՀԱՆԴԷՍԸ

Թոփգաբուի Լեւոն-Վարդուհեան վարժարանի այս տարուան շրջանաւարտները խանդավառ հանդէսով մը հրաժեշտ առին՝ կրթական կեանքէ ներս իրենց առագաստը ուղղելու համար դէպի նոր հորիզոններ: Թաղի Ս. Նիկողայոս եկեղեցւոյ յարակից «Իլքքան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ 8-րդ դասարանի շրջանաւարտութեան հանդէսը, որու ընթացքին ստեղծուեցաւ տօնական մթնոլորտ: Յայտագրի տեւողութեան ողջոյնի խօսքերով հանդէս եկան թաղային խորհուրդի ատենապետ Նուրհան Սուճուեան, վարժարանի տնօրէնուհի Անիթա Թումայեան եւ ուսուցչուհի Սիլվա Պալճը: Տղաքը ջերմօրէն շրջապատուեցան բոլորին կողմէ՝ մինչ իրենց ելոյթներով վերջին անգամ արժանացան ծափահարութիւններու: 

Վկայականներու բաշխման փուլին ստեղծուած խանդավառութիւնը հասաւ գագաթնակէտին: Դպրոցի այս տարուան առաջինն է՝ Սելին Միրա Սուճուեան: Թէ՛ դափնեկիր շրջանաւարտուհին եւ թէ միւս բոլոր ընթացաւարտները ստացան իրենց վկայականները, նաեւ Թոփգաբուի ընտանիքին կողմէ պատրաստուած յուշանուէրներ:

Հանդէսի յայտագրի գործադրութեան աւարտին, բոլորը համախմբուեցան Լեւոն-Վարդուհեան վարժարանի պարտէզին մէջ, ուր հատուեցաւ շրջանաւարտներուն համար պատրաստուած կարկանդակը: Յաջորդած ընդունելութեան ընթացքին տղաքը զուարճացան երաժշտութեան ընկերակցութեամբ:

Ուրբաթ, Յունիս 26, 2026