Տ. ԱՐԱՄ ԱՐՔ. ԱԹԷՇԵԱՆ ՏԱՂԱՒԱՐԻ ԱՌԹԻՒ ՄԷԿՏԵՂՈՒԵՑԱՒ ԳՆԱԼԸԻ ՅՈՒՆԱՑ ՃԱՄԲԱՐԻ ՄԵՐ ՏՂՈՑ ՀԵՏ
Գնալը կղզիի Մեթամորֆոսիս յունաց վանքի համալիրի ճամբարէն ներս ամրան արձակուրդի առթիւ հիւրընկալուած մեր համայնքի մանուկներու եւ պատանիներու կեցութեան շրջանը արդէն լրացաւ։
Թոփգաբուի Ս. Նիկողայոս եկեղեցւոյ մէջ երէկ Ս. Աստուածածնի վերափոխման տաղաւարին առթիւ պատարագեց եւ յաջորդած խաղողօրհնէքը կատարեց Տ. Պետրոս Քհնյ. Պուլտուքեան։
Շաբաթավերջին, Պուրկազ կղզիին մէջ ընթրիք մը կազմակերպուեցաւ՝ ի նպաստ Գալֆաեան տան։ Մեներգիչ Արի Պարութօղլուի կողմէ գործադրուած երաժշտական յայտագրով մասնակիցները ունեցան հաճելի ժամանց։
ԳՐԻԳՈՐ ԱՒ. ՔՀՆՅ. ՏԱՄԱՏԵԱՆ
Ս. Աստուածածնի վերափոխման տաղաւարի ներկայ շաբաթավերջին, թրքահայ ազգգային-եկեղեցական կեանքէն ներս վերստին բոլորի ուշադրութեան կիզակէտին է Վաքըֆլըգիւղի Ս. Աստուածածին եկեղեցին, ուր աւանդական շուքով տեղի կ՚ունենայ տարեկան անուան տօնախմբութիւնը։
Գնալը կղզիի Մեթամորֆոսիս յունաց վանքի համալիրի ճամբարէն ներս, ամրան արձակուրդի առթիւ հիւրընկալուած մեր համայնքի մանուկներու եւ պատանիներու կեցութիւնը այս շաբաթավերջին կը հասնի իր աւարտին։
Ս. Աստուածածնի տաղաւարին ընդառաջ, Գնալը կղզիի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ ուխտի շաբթուան ծիրէն ներս, երէկ, Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեանի գլխաւորութեամբ տեղի ունեցաւ մանկանց աղօթք մը, որուն մասնակցեցան Ներսէսեան դպրաց դասու մանուկներն ու պատանիները։
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ այցելեց մեր համայնքի պատանիներէն Արես Տեմիրին, որ վերջին օրերուն Գնալը կղզիի մէջ անցուցած է արկած մը։ Դէպքը եղած է բաւական լուրջ եւ մեծ ցաւ ստեղծած է համայնքային շրջանակներէն ներս։
Գարակէօզեան տան խնամակալութիւնը երէկ հոգեճաշ մը սարքեց մեր համայնքի այն մանուկներուն ու պատանիներուն համար, որոնք ամրան արձակուրդի առթիւ կը հիւրընկալուին Գնալը կղզիի Մեթամորֆոսիս յունաց վանքի համալիրի ճամբարին մէջ։
Շաբաթավերջի Ս. Աստուածածնի տաղաւարին ընդառաջ, Գնալը կղզիի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ կը շարունակուի ուխտի շաբաթը։ Երէկ, Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեանի գլխաւորութեամբ, արդէն պատրաստուեցան այն ամանները, որոնց մէջ օրհնեալ խաղողի ողկոյզները պիտի բաժնուին հաւատացեալներուն։