ԳՈՒՐՈՒՉԷՇՄԷԻ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՏԱՐԵԿԱՆ ԱՆՈՒԱՆ ՏՕՆԱԽՄԲՈՒԹԻՒՆԸ
Երէկ, Երեւման Ս. Խաչի տօնը աւանդական շուքով նշուեցաւ Գուրուչէշմէի համանուն եկեղեցւոյ մէջ։ Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. արք. Մաշալեան նախագահեց կրօնական եւ աշխարհիկ արարողութիւններուն։
Երէկ, Երեւման Ս. Խաչի տօնը աւանդական շուքով նշուեցաւ Գուրուչէշմէի համանուն եկեղեցւոյ մէջ։ Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. արք. Մաշալեան նախագահեց կրօնական եւ աշխարհիկ արարողութիւններուն։
Պաքըրգիւղի Տատեան վարժարանին մէջ նախընթաց օր տեղի ունեցաւ՝ առաջին դասարանի փոքրիկներու ընթերցման տօնը։ Անոնք յայտագիրը գործադրեցին հայերէնով, թրքերէնով եւ անգլերէնով՝ ծափահարութիւններու արժանանալով իրենց ներկայացուցած թատերակներով, պարերով, խմբերգներով եւ արտասանութիւններով։
Ս. Խաչ դպրեվանքը վերջերս արժանացաւ՝ համաեւրոպական որակաւորումի մը, ինչ որ ուրախութիւն պատճառած է դպրոցի ընտանիքին։
2005 թուականին, Եւրոյանձնաժողովը հիմնած էր eTwinning-ը, որ քառասունհինգ երկրի մէջ կը գործէ։
Կեդրոնականի ընտանիքը այս տարի եւս կազմակերպեց՝ իր անմոռանալի սաներէն՝ աշխարհահռչակ անմահ լուսանկարիչ Արա Կիւլէրի յիշատակին ձօնուած լուսանկարչութեան աւանդական մրցոյթը: Իր նմաններու շարքին տասնչորրորդն էր այս մէկը, որ կազմակերպուած էր՝ մասնակցութեամբ շուրջ տասնհինգ վարժարանի:
Կեդրոնական սանուց միութեան մէջ վերջին օրերուն գումարուեցաւ ընդհանուր ժողով, որու արդիւնքով պաշտօնի կոչուեցաւ նոր վարչութիւն մը։ Հերթական համագումարի դիւանը գլխաւորեց Առէն Տատըրօղլու։
Շաբաթավերջին պոլսահայ սանուց միութիւններու միջմիութենական յանձնախումբին կողմէ կազմակերպուած ճատրակի մրցոյթը արժանացաւ համայնքային շրջանակներու անմիջական ուշադրութեան։ Միջմիութենական ճատրակի մրցոյթը այս տարի արդէն 13-րդ անգամ կազմակերպուեցաւ։
Երէկ, Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամենապատիւ Տ. Սահակ Սրբազան արքեպիսկոպոս Մաշալեան ընդունեց Եոզղատահայոց նորաստեղծ հայրենակցական միութեան վարչութեան ներկայացուցիչները՝ Յովսէփ Արզումանը, Յակոբ Թորոսօղլուն եւ Մելքոն Սահակօղլուն:
Երէկ երեկոյեան, Շիշլիի քաղաքապետարանի առընթեր «Քենթ» մշակոյթի կեդրոնէն ներս տեղի ունեցաւ թատերական խանդավառ ներկայացում մը։ Այսպէս, «Պէրպէրեան» թատերախումբը ներկայացուց «Ha Kurtuluş, Ha Kınalı» խաղը։
Հայց. Առաքելական եւ Ղպտի Ուղղափառ եկեղեցիներու եղբայրական կապերուն հերթական դրսեւրումը:
Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը հիւրընկալեց Տ.Տ. Թաւատրոս Բ. Պատրիարքը, որու հետ ջերմօրէն ողջագուրուեցաւ Գումգաբուի մէջ:
Երէկ երեկոյեան, Էսաեան սանուց միութեան «Մարալ» համոյթը հանդէս եկաւ ելոյթով մը, որ հերթական անգամ համախմբեց համայնքի գեղարուեստասէր շրջանակները։ Ֆուլիայի «Սուլէյման Սեպա» մշակոյթի կեդրոնը, որ կը գործէ Պէշիկթաշի քաղաքապետութեան հովանաւորութեան ներքեւ, հիւրընկալեց այս երեկոյթը, որու ընթացքին ստեղծուեցաւ շատ խանդավառ մթնոլորտ։