ԱՐՑՈՒՆՔՆԵՐՈՒ ՏԱՐԱՓ
Երախտաշատ եւ անմոռանալի բարերարին վերջին հրաժեշտը համախմբեց համայնքային շրջանակները, պետական աւագանիի ներկայացուցիչներ, քաղաքական եւ հասարակական գործիչներ, որոնք բարեյիշատակ գործիչի դերակատարութեան նշանակութիւնը բարձր գնահատեցին՝ իր յաւիտենական հանգիստի տխուր մեկնարկին:
Փառաշուք յուղարկաւորութիւն:
Նորոգ հանգուցեալ Տիգրան Կիւլմէզկիլի հոգւոյ խաղաղութեան համար հոծ բազմութիւն մը աղօթեց Գումգաբուի Ս. Աստուածածին Աթոռանիստ Մայր եկեղեցւոյ մէջ, ուր ընթերցուեցաւ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր ցաւակցականը եւ դամբանախօսեց Տ. Արամ Արք. Աթէշեան, որ նախագահեց յուզումնախառն արարողութեան:
Գարակէօզեան տան համալիրի սգահանդէսին խօսեցաւ խնամակալութեան սիւներէն Գարուն Գովան:
Նախկին նախարար Սոյլու, երեսփոխան Սվաճըօղլու եւ Կալաթասարայ մարզակումբի նախագահ Էօզպէք դագաղին գլուխը բիւր յարգանքով արժեւորեցին մեծանուն ազգայինին գործունէութիւնը: