ՄԻԱՑԵԱԼ ՆԱՀԱՆԳՆԵՐՈՒ ՆՈՐԱՆՇԱԿԱՆ ԱՒԱԳ ՀԻՒՊԱՏՈՍԸ ԱՅՑԵԼԵՑ ՊԱՏՐԻԱՐՔԱՐԱՆ

Երէկ, Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. արք. Մաշալեան ընդունեց Իսթանպուլի մօտ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նորանշանակ աւագ հիւպատոս Մայքըլ Լելլին։ Գումգաբուի հանդիպման ընթացքին ամերիկացի բարձրաստիճան դիւանագէտին ընկերացան՝ հիւպատոսարանի քաղաքական հարցերու գծով տեղակալը՝ Ամանտա Սուարէզ եւ գաղթի մասնագէտ Ըրմաք Էնկին։

Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը ջերմօրէն ողջունեց նորանշանակ աւագ հիւպատոսին այցելութիւնը։ Զրոյցի տեւողութեան Նորին Ամենապատուութիւնը բացատրութիւններ տուաւ Պատրիարքական Աթոռի պատմութեան, առաքելութեան, գործունէութեան, Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ ամբողջին մէջ ունեցած դիրքին, ինչպէս նաեւ թրքահայ ազգային-եկեղեցական կեանքի ընդհանուր դրուածքին շուրջ։

Հուսկ, աւագ հիւպատոսը Պատրիաքարանէն հրաժեշտ առաւ՝ շնորհակալութիւն յայտնելով իրեն նկատմամբ ցուցաբերուած ջերմ վերաբերմունքին համար։

Երեքշաբթի, Մարտ 31, 2026