ԳԻՏԵԼԻՔՆԵՐ ՉԱՓԵԼՈՒ ՄԵԾ ՀԱՐԹԱԿ

Երէկ երեկոյեան, Միջմութենական 27-րդ գիտելիքներու մրցոյթը հասաւ իր աւարտին։ Վերջին շաբաթներուն համայնքային շրջանակներէն ներս անմիջական ուշադրութեան արժանացած ձեռնարկ մըն էր այս մէկը, որ ունի խոր աւանդոյթներ։ Այս տարուան մրցոյթը կազմակերպուած էր «Մարալ» միութեան կողմէ, որ անցեալ տարուան ախոյեանն էր։ Մխիթարեան վարժարանի սրահին մէջ տեղի ունեցան մրցոյթի բոլոր փուլերը՝ ստեղծելով մեծ խանդավառութիւն։

Երէկուան եզրափակիչ փուլին այդ խանդավառութիւնը արդէն հասած էր գագաթնակէտին։ Մրցոյթի արդիւնքին յառաջատարը հանդիսացաւ Գարակէօզեան սանուց միութեան խումբը։ Առաջին երեք հորիզորականներուն վրայ Գարակէօզեանին յաջորդեցին՝ Արամեան սանուց միութեան եւ «Մարալ» միութեան ներկայացուցիչ խումբերը։

Երբ մրցոյթի դափնեկիրները յայտնի դարձան, արդէն մրցանակաբաշխման արարողութիւնը սկսաւ։ Դափնեկիրները, մասնակից միւս խումբերը, մրցոյթի կազմակերպիչներն ու դատակազմի անդամները բարձր տրամադրութեան մէջ էին։ Բոլորը զիրար շնորհաւորեցին՝ այս նախաձեռնութեան յաջողութեամբ պսակուած ըլլալուն համար։ Դափնեկիրներն ալ ստացան իրենց պարգեւները՝ արժանանալով բոլորի շնորհաւորանքին եւ ծափահարութիւններուն։ Հրաժեշտի փուլին երեկոյթի մասնակիցները իրարու հետ այժմէն բարեմաղթանքներ փոխանակեցին՝ շաբաթավերջի Ս. Զատկուան առթիւ։

Միջմիութենական գիտական յաջորդ տարուան՝ 28-րդ մրցոյթը պիտի կազմակերպուի այս տարուան յառաջատարին՝ Գարակէօզեան սանուց միութեան նախաձեռնութեամբ։

Երեքշաբթի, Մարտ 31, 2026