ԱՇԽԱՐՀԻՆ Կ՚ԵՐԹԱՄ՝ ԲԱՅՑ ՕՏԱՐ ՄԸՆ ԵՄ ԱՅԴ ԱՇԽԱՐՀԻՆ ՀԱՄԱՐ

Գիշերուան ուշ ժամին, աշխարհը ննջասենեակ կ՚երթայ:

Օրը լեցուն է եւ պարզութիւնը երկիրը կը լեցնէր: Տակաւին արեւմտեան քաղաքակրթութեան գործիքները կը պայքարին մարդկային կամքին հետ Ասիոյ մէջ: Ասիական հողը կը մեռնի: Ասիացի մարդն ալ կը մեռնի: Գետերուն ջուրերը կը տանին բոլոր անոնք, որոնք խուսափեցան քաղաքակրթութեան գործիքներէն: Իսկ Միջերկրականին մօտիկ, զինուորական կօշիկները՝ արեւմտեան արտադրութեան, տակաւին կը կոխկռտեն հին քաղաքակրթութիւնն ու նոր մարդը…: Սովորական լրատուութիւններուն մէջ, շատ սովորական, փոքրիկներու ամբողջ պարտէզ մը կը բնաջնջուի, որովհետեւ արաբ են եւ որովհետեւ կարողութիւն ունին աճելու:

Ցերեկուան ուշ ժամին, աշխարհը ննջասենակէն դուրս կու գայ դէպի գործողութիւններու սենեակ: Անոր գիշերը պարզ էր, իսկ երազները՝ շարունակական ուրախութիւն:

Այսպէս կը քնանայ աշխարհը…:

Այսպէս կ՚արթննայ աշխարհը…:

Եւ այսպէս կը մոռնայ զիս:

Զիս միայն երկու պարագաներու կը յիշէ. երբ մահը կը փորձեմ եւ երբ կեանքը կը փորձեմ: Գրեթէ քառորդ դար մեռայ եւ կշտացայ մահով:

Եւ այսօր, այսօր աշխարհը ննջասենեակ չգնաց: Կանգնեցաւ երկրագունդի ծայրին եւ հրամայեց ինծի մարդկութեան շրջանակէն դուրս գալ, որովհետեւ փորձեցի ներխուժել շրջանակը, փորձեցի ներս մտնել:

-Ի՞նչ իմաստ ունի պատմութիւնս քեզի համար աշխարհ… ի՞նչ իմաստ ունի:

* Պատմութիւնը անցեալն է եւ ես զայն ուսումնական հիմնարկներէն ներս կը սորվիմ:

-Առաջին անգամ ո՞ւր տեսար զիս:

* Մինչեւ ելլելդ քեզ Պաղեստինի հողին վրայ կը տեսնէի: Պարզութիւնն ու խաղաղութիւնը վերադարձան երկրին: Ինչո՞ւ կը վերադառնաս հիմա:

-Ինչո՞ւ պարզութիւնը կը պղտորես:

Աշխարհը այսպէս կը հասկնայ զիս եւ այսպէս կ՚ուզէ զիս: Մեր պայքարը աւարտած է, այնքան ատեն որ դուրս եկած ես Պաղեստինէն: Կրակը այլեւս պահակ չունի: Աշխարհի խաղաղութեան հաւասարումը ամբողջացաւ: Համաշխարհային ապահովութիւնը պայմանաւորուած է իմ Պաղեստինէն ու մարդկութենէն բացակայութեամբ:

Ո՛չ ոքի հրաժեշտ տուի եւ ո՛չ մէկ բանի հրաժեշտ տուի: Հրացանի մը կոթը զիս ալ-Քարմէլէն1*** նաւահանգիստ գլորեց: Աստուծոյ մէջքէն կառչած էի ու կը գոռայի, այնքան, որ ձայնս կորսուեցաւ եւ ուշքս ալ: Սակայն, աշխարհը խոստացաւ ինծի բարեգործութիւն մը, փոխարէնը որ ես շունչիս հետ հրադադար ստորագրէի: Որովհետեւ որճրագործին հետ հրադադարը չ՚իրականանար, առանց ինքն իր հետ հրադադար կնքելու: Եւ աշխարհը բարեգործութիւն ըրաւ ինծի. ալիւր, հագուստ եւ բազմաթիւ վրաններ տուաւ ինծի եւ զաւակներուս, որոնք չծնան, փոխարէնը անոր հայրենիքն ու ապահովութիւնը տամ: Իսկ երբ աքսորավայրերուն մէջ պաղը կը զգայի, ապա համաշխարհային լրատուամիջոցներու թերթերը կը պահէին զիս անձրեւէն ու դողալէն: Իսկ երբ ամօթ կը զգայի, ապա զարգացած երկրի մը նախագահին հրապարակային ելոյթէն երեք տողեր կը կշտացնէին զիս: Իսկ երբ կարօտ կը զգայի, ապա օտար երգերը՝ դրացիներու ռատիոյէն լսուող, հեռանալը գեղեցիկ փորձառութեան մը կը վերածէր:

Եւ այսպէս, աշխարհը ննջասենեակ կ՚երթայ… ու կը մոռնայ զիս:

-Մի՛ արթնցնէք զոհը, որպէսզի չգոռայ:

-Ո՞վ արթնցուց զայն… ո՞վ է պատասխանատուն:

* Յանկարծ քամին կը փչէ եւ մեռելներուն թարմութիւն կու տայ:

-Ո՞ւրկէ կը փչէ:

* Բոլոր կողմերէն… հայրենիքէն:

-Եւ ո՞վ սորվեցուց անոնց այդ լքուած արտայայտութիւնը:

* Բանաստեղծները, որոնք րապապային վրայ կ՚երգեն:

-Սպաննեցէ՛ք զանոնք:

* Սպաննեցինք զանոնք, սակայն նոր արտայայտութիւն մը հնարեցին՝ ազատութիւն:

-Ո՞վ սորվեցուց անոնց այս դժուար բառը:

* Ոգեւորուած յեղափոխականներ:

-Սպաննեցէ՛ք զանոնք:

* Սպաննեցինք զանոնք, սակայն նոր բառ մը սորվեցան՝ արդարութիւն:

-Ո՞վ սորվեցուց անոնց այս արտայայտութիւնը:

* Անարդարութիւնը… սպաննե՞նք անիրաւութիւնը:

-Եթէ անարդարութիւնը վերացնէք, դուք ձեզ վերացուցած կ՚ըլլաք:

* Ի՞նչ պէտք է ընենք:

-Յիշողութիւնը սպաննենք:

Եւ այսպէս, աշխարհը կը քնանայ ու կ՚արթննայ: Ան զէնքերով գօտեպնդուած է, իսկ ես շղթաներով: Զօրաւորը՝ քաղաքակրթուած է, իսկ տկարը՝ բարբարոս: Պատմութիւնը դատաւոր չէ, պատմութիւնը պաշտօնեայ մըն է: Բնիկ ամերիկացիները (հնդկացիներ-կարմիր հնդիկներ) ի՞նչ պիտի ըսէին ասպատակողներուն, եթէ յաղթէին անոնց: Անոնք որոնք քաղաքակրթութեամբ եւ զարգացուածութեամբ կը պարծենան, ընդհանրապէս որճրագործները անոնք կ՚ըլլան… որճրագործներ: Նայեցէ՛ք այս եռեակին. 

Առաջինը. ամբողջ ժողովուրդ մը բնաջնջեց անցեալին, իսկ ներկայիս կը բնաջնջէ ժողովուրդ մը եւ հող մը Ասիոյ հարաւ-արեւելքը, եւ կը պայթեցնէ իր քաղաքակրթութեան մեծագոյն նշանը՝ հիւլէական ռումբը, աշխարհի փողոցներուն վրայ… Կը պահանջէ ինձմէ մարդկութեան անդաստանէն ու երկրագունդէն դուրս ելլել, քանի որ ահաբեկիչ եմ:

Երկրորդը. ճիշդ չէ, որ յիշեցնենք անոր իր անցեալը: Տասնեակ միլիոնաւոր մարդիկ այրեց քաղաքակրթութեան ու քաղաքայնացումի անուան տակ, եւ հիմա որճրագործն ու զոհը կ՚ողջագուրուին եւ նոր երեխայ մը լոյս աշխարհ կը բերեն, որ երրորդն է.

Երրորդ. ահաբեկչութեան ամուսնութենէն ի՞նչ կը ծնի, եթէ ո՛չ ահաբեկչութիւն: Եւ եկաւ երրորդը, որ զինուած է ալ-Թաուրայով ու զէնքով: Զիս արմատախիլ ըրաւ իմ լեռներէս, հովիտներէս եւ զիս քաղաքակրթութենէն դէպի յատակը գլորեց: Այս եռեակը կը պահանջեն ինձմէ, որպէսզի երկրագունդէն դուրս գամ, որովհետեւ ահաբեկիչ եմ:

Իսկ աշխարհը ի՞նչ կ՚ընէր:

Գիշերուան ուշ ժամուն, ննջասենեակ կ՚երթար ու կը քնանար:

Սպանութիւնը միշտ որճրագործութիւն է: Արդարեւ, ինչո՞ւ սպանութիւնը քաղաքակրութեան կմախքի կարեւոր հիմնասիւներէն մէկը կը դառնայ:

Եթէ զայն զօրաւորները իրագործե՞ն: Իսկ Իսրայէլը սպաննելէն ու ահաբեկելէն ուրիշ միջոցով ստեղծուեցաւ. մեծապէս հիացող մըն է հաւաքական սպանութեամբ եւ մեծապէս մերժող մըն է անհատական սպանութիւնը: Երկիրները իրաւունք ունիի սպաննելու իրենց ժողովուրդները եւ ուրիշ ժողովուրդներ: Իսկ անհատ մը կամ ժողովուրդ մը իրաւունք չունին պայքարելու, կռուելու իրենց ազատութեան համար:

(«Տխրութեան սովորական օրագիր»)

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

Վաղարշապատ


1Ալ-Քարմէլ լեռ կամ Մար Իլիասի լեռ: Լեռնաշղթայ մը գրաւուած Պաղեստինի հիւսիսը, որ դէպի Միջերկրական կը նայի:

Չորեքշաբթի, Մայիս 6, 2026