Արխիւ
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Շա՜տ նուրբ, սակայն, յստակ տարբերութիւն մը գոյութիւն ունի երգիծագրութեան, երգիծանկարին եւ ծաղրանքին ու հեգնանքին միջեւ։ Երգիծանքը գոյութիւն ունեցող արուեստներու մէջ դժուարագոյնն է, որովհետեւ մարդոց տխրութիւն պատճառելը, ազդելն ու լացնելը շատ աւելի դիւրին է՝ քան լիաբերան խնդացնելն ու զուարճացնելը:
Թոփգաբուի Լեւոն-Վարդուհեան վարժարանին մէջ նախընթաց օր տեղի ունեցաւ չորրորդ դասարանի աշակերտներու շրջանաւարտութեան հանդէսը, որով ստեղծուեցաւ բարձր տրամադրութիւն։ Տղաքը յաջողութեամբ գործադրեցին օրուան յայտագիրը՝ ծափահարութիւններու արժանանալով իրենց ելոյթներով։
Իսթանպուլը պատմականօրէն դէպի աշխարհ բացած կոթողային կառոյցներու տպաւորիչ եղափոխութեան գործընթացը:
Սիրքէճիի կայարանը կը վերանորոգուի՝ ինքնուրոյն դիմագծի պահպանմամբ: Մշակոյթի եւ զբօսաշրջութեան նախարարութիւնը բծախնդրօրէն կը վերահսկէ աշխատանքին ընթացք: Հոյակերտ համալիրը շուտով պիտի դառնայ բազմանպատակ միջավայր մը՝ նոր կենցաղի ուղղութեան մը ձեւաչափով:
Դիլիջանը, որ Հայաստանի զբօսաշրջութեան առանցքային քաղաքներէն մին է, այս շրջանին նոր ոստումի մը փուլին մէջ է։ Արդարեւ, քաղաքէն ներս կեանքի կոչուած են շարք մը ենթակառուցուածքային նախագծեր, որոնք զբօսաշրջութեան ներուժը կ՚աւելցնեն։
Անգլիոյ վարչապետ Քիր Սթարմըր հրաժարեցաւ իր պաշտօնէն։ Միեւնոյն ժամանակ, ան լքեց Բանուորական կուսակցութեան ղեկավարի պաշտօնը։
Եւրոմիութեան եւ Ղազախիստանի միջեւ կը ստորագրուին շարք մը փաստաթուղթեր:
Պրիւքսէլ նախաձեռնութիւններով հանդէս կու գայ՝ դէպի Կեդրոնական Ասիա հասանելիութեան համար:
Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան հեռախօսազրոյցներ ունեցաւ Իրանի նախագահ Մեսուտ Փեզեշքիանի եւ Իրաքի վարչապետ Ալի Զէյտիի հետ։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով՝ հեռախօսազրոյցները տեղի ունեցան երէկ երեկոյեան ժամերուն։
Թոփգաբուի Լեւոն-Վարդուհեան վարժարանի 8-րդ դասարանի աշակերտները վերջերս միասնաբար ձեռնարկեցին ճամբորդութեան մը: Աւարտական դասարանի տղոց տեսակէտէ բացառիկ նշանակութիւն ունեցաւ այս ծրագիրը՝ քանի իրարմէ եւ իրենց սիրելի դպրոցէն հրաժեշտ առնելէ առաջ անոնք առիթն ունեցան խտացեալ ձեւով շփուելու:
Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարք Ամենապատիւ Տ. Նուրհան Ս. արքեպիսկոպոս Մանուկեան նախընթաց օր հիւրընկալեց Քենթըրպըրիի արքեպիսկոպոս Տէյմ Սառա Մալըլին։ Հարկ է նշել, որ Քենթըրպըրիի 106-րդ արքեպիսկոպոսն է ան եւ այս շրջանին կ՚այցելէ Սուրբ Երկիր։
Պաքըրգիւղի Տատեան վարժարանին մէջ մանկապարտէզի փոքրիկներու տարեվերջի հանդէսը առիթ դարձաւ մեծ խանդավառութեան։ Անցեալ շաբաթավերջին, դպրոցի «Տիգրան Կիւլմէզկիլ» հանդիսասրահի երդիքին տակ տեղի ունեցաւ մանկապարտէզի զոյգ դասարաններու տարեվերջի հանդէսը, որով տղաքը արդէն իրենց կրթական կեանքի առաջին շրջանը աւարտեցին՝ իրաւունք շահած ըլլալով յաջորդ քայլափոխին նախակրթարան սկսելու համար։
Ֆէրիգիւղի Մէրամէթճեան վարժարանի մանկապարտէզի փոքրիկներու տարեվերջի հանդէսը անցաւ շատ ոգեւոր մթնոլորտի մը մէջ: Անցեալ շաբթուան մէջ, թաղի «Նազար Շիրինօղլու» սրահի երդիքին տակ տեղի ունեցաւ հանդէսը, որով ստեղծուեցաւ տօնական տրամադրութիւն:
Գատըգիւղի Արամեան-Ունճեան վարժարանի 8-րդ դասարանի շրջանաւարտութեան հանդէսը առիթ դարձաւ մեծ խանդավառութեան: Համանուն սանուց միութեան հաւաքատեղիին մէջ գործադրուեցաւ յայտագիրը:
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
«Երդում կ՚ընեմ…»։ Այսօր ալ այս երկու բառերը մեր առօրեայ խօսակցութեան անբաժան մասն են։ Երբեմն զանոնք կ՚արտասանենք թեթեւ սրտով՝ մեր ճշմարտախօսութիւնը հաստատելու համար, երբեմն ալ՝ ամենայն լրջութեամբ, երբ կը փորձենք վստահութիւն ներշնչել դիմացինին։
Երկասիրեց՝ ԿԻՒՐԻՒՆՑԻ Տ. ԽՈՐԷՆ
ՔԱՀԱՆԱՅ ՔԻԶԻՐԵԱՆ
Արդի աշխարհաբարի վերածեց՝
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
1. Ինչպէ՞ս հաստատուեցաւ դրոշմը: Որո՞նք կ՚օծուէին: 2. Ի՞նչ բանի միջոց է դրոշմը: 3. Քրիստոս ալ օրինակ տուաւ: 4. Ինչո՞ւ համար սահմանուած է: Առաքեալներն ալ կատարեցի՞ն. իսկ եթէ կատարած են, ինչո՞ւ այդ մասին չեն գրած:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Մարդ արարածը, ընդհանրապէս կը հպարտանայ, կը պարծենայ իր գիւտերով, իր գիտութեամբ։ Բնական է այդ, քանի որ գիտութիւնը զօրութի՛ւն է եւ շատ բանի կարողութիւն եւ կարելիութիւն կու տայ։
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Մեր հասարակութեան մէջ կան այնպիսիներ, որոնք երբե՛ք հայերէն չեն կարդար, երբե՛ք հայկական հանդէսներու եւ միջոցառումներու մասնակցութիւն չեն բերեր, հեռու կը մնան ակումբէն ու եկեղեցիէն, հեռու կը մնան հայութենէն, սակայն, երբ տեսնեն հայ մը, որ իրեն փոխարէն օտարէն առեւտուր կը կատարէ, կը բարկանան ու կը սկսին բողոքել, որ «հայերը իրար բռնել չեն գիտեր»։
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Հայ մտաւորականութիւնը ամէ՛ն բանէ աւելի, աւելի քան մէկ դար գրեց հայրենասիրութեան ինչութեան մասին, սակայն, մինչեւ օրս ալ չյստակացաւ, թէ ի՛նչ է հայրենասիրութիւնը։ Մարդկութիւնը նոյն դժուարութեամբ փորձեց բացատրել, թէ ի՛նչ է հաւատքը, սակայն, այնպէս ալ հաւատքին կատարեալ սահմանումը չկրցան տալ:
Եթովպահայ համայնքը կը ջանայ սահմանափակ ներուժով ապահովել նոր կենսունակութիւն մը՝ ապագայի ճանապարհին:
Ատիս Ապապայի «Արարատ» ակումբի համալիրէն ներս հաստատուած թանգարանի պաշտօնական բացման արարողութեան պատուոյ հիւրն էր Զարեհ Սինանեան, որ հիւրընկալուեցաւ նաեւ Եթովպիոյ իշխանութիւններուն եւ Ափրիկեան միութեան ղեկավարութեան կողմէ:
Զուիցերիոյ տանտիրութեամբ կազմակերպուած Միացեալ Նահանգներ-Իրան բանակցութիւնները անցան շինիչ մթնոլորտի մէջ:
Լիբանանէ ներս Իսրայէլի ռազմական գործողութիւններու դադրեցման ուղղութեամբ դրական լուրեր: Տարածաշրջանի իրադրութիւնը արժեւորուեցաւ՝ Թուրքիոյ, Եգիպտոսի, Փաքիստանի եւ Սէուտական Արաբիոյ առանցքին վրայ, արտաքին գործոց նախարարներու մակարդակով:
Պէյօղլուի Լուսաւորիչ դպրաց դաս-երգչախումբի անդամները շաբաթավերջին համախմբուեցան՝ եղանակի եզրափակման աւանդական հաւաքոյթին առթիւ: Թաքսիմի Ս. Յարութիւն եկեղեցւոյ համալիրէն ներս տեղի ունեցաւ հաւաքը, որուն ներկայ գտնուեցան դպրաց դասու նախագահ Տ. Յարութիւն վրդ. Տամատեան եւ Տ. Գէորգ աւ. քահանայ Չնարեան: