ԼՈՒՍԱՒՈՐԻՉ ԵՐԳՉ.Ի ԵՂԱՆԱԿԻ ՓԱԿՈՒՄԸ
Պէյօղլուի Լուսաւորիչ դպրաց դաս-երգչախումբի անդամները շաբաթավերջին համախմբուեցան՝ եղանակի եզրափակման աւանդական հաւաքոյթին առթիւ: Թաքսիմի Ս. Յարութիւն եկեղեցւոյ համալիրէն ներս տեղի ունեցաւ հաւաքը, որուն ներկայ գտնուեցան դպրաց դասու նախագահ Տ. Յարութիւն վրդ. Տամատեան եւ Տ. Գէորգ աւ. քահանայ Չնարեան: Խմբավար Յակոբ Մամիկոնեան եւ իր սաները բարձր տրամադրութեան պայմաններուն ներքեւ ընթրեցին միասնաբար: Նկատի ունենալով, որ Լուսաւորիչ դպրաց դաս-երգչախումբը իսկապէս յաջող եղանակ մը անցուցած է՝ բոլորը մեծ խանդավառութիւն ապրեցան՝ այս աշխատանքային շրջանը ամփոփելու ժամանակ: Սեղանի շուրջ արտասանուեցան սրտի խօսքեր՝ մասնաւորապէս ուշագրաւ էր խմբավար Յակոբ Մամիկոնեանի արտայայտութիւնը: Արդարեւ, ան տասնամեակներէ ի վեր այս երգչախումբը կը յաջողի վերելքի ուղիին վրայ պահել եւ իր տեսլականով միշտ նոր հորիզոններ կը բանայ անոր առջեւ:
Ընթրիքի սեղաններուն շուրջ երգչախումբի անդամները միասնաբար երգեցին «Լուսաւորչի կանթեղ»ը:
Հուսկ, բոլորը մօտալուտ ամրան առթիւ փոխանակեցին բարեմաղթանքներ եւ ժամադրուեցան՝ մինչեւ յաջորդ եղանակի բացման փուլը: