ՊԱՔԸՐԳԻՒՂԻ ՏԱՏԵԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ ՄԷՋ ՄԱՆԿԱՊԱՐՏԷԶԻ ՓՈՔՐԻԿՆԵՐՈՒ ՏԱՐԵՎԵՐՋԻ ՀԱՆԴԷՍԸ
Պաքըրգիւղի Տատեան վարժարանին մէջ մանկապարտէզի փոքրիկներու տարեվերջի հանդէսը առիթ դարձաւ մեծ խանդավառութեան։ Անցեալ շաբաթավերջին, դպրոցի «Տիգրան Կիւլմէզկիլ» հանդիսասրահի երդիքին տակ տեղի ունեցաւ մանկապարտէզի զոյգ դասարաններու տարեվերջի հանդէսը, որով տղաքը արդէն իրենց կրթական կեանքի առաջին շրջանը աւարտեցին՝ իրաւունք շահած ըլլալով յաջորդ քայլափոխին նախակրթարան սկսելու համար։
Պաքըրգիւղի ընտանիքի վարիչները, Տատեան վարժարանի պատասխանատուները, ծնողներ եւ հիւրեր համախմբուած էին սրահին մէջ, ուր կը տիրէր տօնական մթնոլորտ։ Փոքրիկները ծափահարութիւններու արժանացան՝ երգերով, պարերով, թատերակներով եւ արտասանութիւններով։ Յայտագրի պատրաստութիւնը իսկապէս յաջողութեամբ վերահսկուած էր դպրոցի կրթական մշակներուն՝ մանաւանդ մանկապարտիզպանուհիներուն կողմէ։ Յատկանշական էր այն պահը, երբ փոքրիկները իրենց առաջին վիճակացոյցները ստացան եւ հրաժեշտ տուին մանկապարտէզին, ուր իրենց առաջին ընկերութիւնները հաստատած էին։ Բոլորի մաղթանքն էր, որ անոնց կրթական ճանապարհորդութիւնը ըլլայ հարթ եւ ձեռքբերումներով լեցուն։
Ստեղծուած բարձր տրամադրութեան պայմաններուն ներքեւ, Տատեան վարժարանի տնօրէնուհի Երանուհի Պալճը հանդէս եկաւ շնորհաւորութեան խօսքով մը։ Ան ողջունեց փոքրիկներն ու իրենց ծնողները՝ մաղթելով ապագայ յաջողութիւններ։ Միեւնոյն ժամանակ, տնօրէնուհի Պալճը բարձր գնահատեց կրթական մշակներուն, մանկապարտիզպանուհիներուն եւ պաշտօնէութեան կողմէ անցեալ տարուան ընթացքին տարուած նուիրեալ աշխատանքը։
Յայտագրի գործադրութեան աւարտին սարքուեցաւ ընդունելութիւն մը, որու ընթացքին փոքրիկները համտեսեցին իրենց համար պատրաստուած կարկանդակները։
