Արխիւ

Ուրբաթ, Յունիս 19, 2026

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Կ՚ըսուի, թէ «պատմութիւնը ինքզինք կը կրկնէ…» եւ կեանքի ընդհանուր փորձառութիւնը ցոյց կու տայ, թէ այս իրողութիւնը մեծ մասամբ ճի՛շդ է։ Բայց այս նախադասութիւնը պակաս է եւ պէտք է ամբողջանայ սապէս. «…պատմութիւնը ինքզինք կը կրկնէ՝ եթէ պատմութեան սխալներէն, ձախողանքներէն եւ թերութիւններէն դաս չառնուի»։

Ուրբաթ, Յունիս 19, 2026

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Սփիւռքահայ մամուլը լեցուն է անուններով՝ որոնք ժամանակ մը ապրած, ստեղծագործած, իրենց համեստ լուման ձգած ու հեռացած են. անուններ՝ որոնք երբեք չեն լսուած մեր հայկական իրականութենէն ներս։ Այսօր ունինք անոնցմէ մէկը՝ Սիրվարդ Ինճէեանը, որ աւելի քան կէս դար առաջ սփիւռքահայ տարբեր մամուլներու մէջ հրատարակած է բանաստեղծութիւններ ու գրութիւններ։ 

Ուրբաթ, Յունիս 19, 2026

Աթագիւղի ողիմպիական աւանին մէջ նախընթաց օր տեղի ունեցաւ՝ Գալֆաեան տան նախաձեռնութեամբ կազմակերպուած 19-րդ մարզական խրախճանքը, որ բացառիկ խանդավառութեան առիթ դարձաւ:

Ուրբաթ, Յունիս 19, 2026

Ֆէրիգիւղի Ս. Վարդանանց դպրաց դաս-երգչախումբը այս շրջանին ձեռնարկած է «Ձայն յաւիտենական» խորագրեալ համերգներու շարքի մը։ Երէկ երեկոյեան, այս շարքի առաջին համերգը տեղի ունեցաւ Պէյօղլուի Սեն թ՚Անթուան կաթողիկէ եկեղեցւոյ մէջ։

Ուրբաթ, Յունիս 19, 2026

Համայնքային լիսէներու աւարտական դասարանի աշակերտներուն համար օրհնութեան կարգ՝ Ղալաթիոյ եկեղեցւոյ մէջ:
Համալսարանի մտից քննութեան ընդառաջ, Ամենապատիւ Սրբազան Պատրիարք Հայրը մէկտեղուեցաւ նոր սերունդի ներկայացուցիչներուն հետ:

Ուրբաթ, Յունիս 19, 2026

ԱՐԱՄ ԱԲՐԱՀԱՄԵԱՆ

Ի՞նչ կ՚ընէ պետական մտածելակերպով քաղաքական գործիչը, երբ ընտրութիւններու մէջ կը յաղթէ: Կամ կը կարծէ, թէ յաղթած է, կամ կ՚ուզէ բոլորը համոզել, թէ յաղթած է:

Ուրբաթ, Յունիս 19, 2026

Ռուսաստանի արտաքին հետախուզութեան ծառայութեան ղեկավար Սերկէյ Նարիշքին յայտարարեց, որ իր երկրին համար կարեւոր է՝ Հայաստանի հետ բարի դրացիական յարաբերութիւններու պահպանումը:

Ուրբաթ, Յունիս 19, 2026

Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան յայտարարեց, որ խաղաղութեան փաստը օրինականութիւն ստացած է՝ վերջին ընտրութիւններուն ժամանակ ժողովուրդի նախընտրութեամբ: 

Ուրբաթ, Յունիս 19, 2026

Արտաքին գործոց նախարար Հաքան Ֆիտան յայտարարեց, որ Թուրքիա պատրաստ է Հայաստանի հետ յարաբերութիւնները կարգաւորելու, երբ որ պայմանները գոյանան: 

Ուրբաթ, Յունիս 19, 2026

ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԷՐԵԱՆ

Ժամանակակից արհեստագիտութեան յաճախ սխալ օգտագործումով ծնողք-զաւակ յարաբերութիւնները յաճախ դիւրաւ կը խզուին: Երբ ամուսնացած զոյգեր իրարմէ կը բաժնուին՝ անհանդուրժողականութեան կամ նոյնիսկ պարզ թիւրիմացութեան մը պատճառով, զարմանալի չէ ընտանիքի բոլոր անդամներուն իրարմէ օտարացումը:

Հինգշաբթի, Յունիս 18, 2026

Երէկ, Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ ընդունեց «Save Armenia» պատուիրակութեան կազմակերպութիւնը՝ գլխաւորութեամբ գործադիր տնօրէն տքթ. Փոլ Միւրէի:

Հինգշաբթի, Յունիս 18, 2026

Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ եւ Իրանի նախագահ Մեսուտ Փեզեշքիան երէկ հեռակայ դրութեամբ ստորագրեցին՝ միջազգային ընտանիքին կողմէ այդքան սպասուած խաղաղութեան համաձայնագիրը։

Հինգշաբթի, Յունիս 18, 2026

Երէկ, արտաքին գործոց նախարար Հաքան Ֆիտան ընդունուեցաւ Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութինի կողմէ։ Անգարա-Մոսկուա առանցքին վրայ այս շրջանին բարձր մակարդակի վրայ շփումները նոր թափ ստացած են՝ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ-Իրան համաձայնութեամբ պայմանաւորուած մթնոլորտին մէջ։ 

Հինգշաբթի, Յունիս 18, 2026

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Հայ ազգագրագէտ ու բանահաւաք Երուանդ Լալայեան իր «Վասպուրական. Ազգագրութիւն» աշխատութեան մէջ խօսելով Վանի, Տոսպի եւ Հայոց Ձորի մէջ ապրող հայ ժողովուրդին մասին, կը գրէ. «Օտարազգիների հետ ամուսնութիւն շատ հազուադէպ է եւ միշտ ահագին դժուարութիւնների հետ կապուած»։

Հինգշաբթի, Յունիս 18, 2026

«Ինքնութեան արահետ» փաստավաւերագրական ժապաւէնը առիթ կը դառնայ սփիւռքի գաղութներէն ներս անցեալի գիտակցութեան թարմացման՝ Պոլսոյ Պատրիարքական Աթոռի ժամանակներու մէջ ծաւալած գործունէութեան հասարակաց յայտարարին վրայ: Եթովպահայ համայնքային խորհուրդի նախաձեռնութեամբ կազմակերպուած ցուցադրութիւնը «Արարատ» ակումբի երդիքին տակ համախմբեց դիւանագիտական շրջանակներէ ներկայացուցիչներ եւ բազմաթիւ հիւրեր:
Դարերու ընդմէջէն արժեւորում: Ատիս Ապապայի մէջ նոր անկիւնաքար:
Արա Գօչունեան թերթիս ոսկէ կրծքանշանով պարգեւատրեց դեսպան Սահակ Սարգսեանը:
Փայլուն ներկայացում. ԺԱՄԱՆԱԿ-ի եւ Երեւանի «Ֆակտում» կեդրոնի համատեղ ջանքերով արտադրուած ֆիլմը մէկ կողմէ ընդհանուր հետաքրքրութեան չափումներով կ՚առանձնանայ, իսկ միւս կողմէ կ՚առընչուի հայկական գաղթօճախներու տեղական առանձնայատկութիւններուն հետ, որոնք հայապահպանման գործօններու կը վերածուին:

Հինգշաբթի, Յունիս 18, 2026

Ստորեւ կը ներկայացնենք, ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթի գլխաւոր խմբագիր Արա Գօչունեանի Ատիս Ապապայի ձեռնարկին ժամանակ ունեցած ելոյթին սղագրութիւնը։

Հինգշաբթի, Յունիս 18, 2026

Ստորեւ կը ներկայացնենք, Ատիս Ապապայի Ս. Գէորգ եկեղեցւոյ սարկաւագ եւ եթովպահայ համայնքի նուիրեալ գործիչ Վարդգէս Նալպանտեանի ելոյթին սղագրութիւնը։

Հինգշաբթի, Յունիս 18, 2026

Ստորեւ կը ներկայացնենք, Էսաեան վարժարանի հիմնադրի ներկայացուցիչ Լենա Ենիեորկանի Ատիս Ապապայի ձեռնարկին ժամանակ ունեցած ելոյթին սղագրութիւնը։

Չորեքշաբթի, Յունիս 17, 2026

Երէկ, Մխիթարեան վարժարանէն հիւրեր այցելեցին խմբագրատունս։ Այսպէս, մեր հիւրերն էին՝ դպրոցի ուսուցչական կազմէն Սեսիլ Պոզօղլանօղլու եւ Սիւլէյման Քայլան, ինչպէս նաեւ 11-րդ դասարանի աշակերտներէն Թալիա Օսանչլըօղլու եւ Արտա Արսլան։ 

Չորեքշաբթի, Յունիս 17, 2026

Թոփգաբուի ընտանիքը 2025-2026 կրթական շրջանի աւարտին պտոյտ մը կազմակերպեց թաղի Լեւոն-Վարդուհեան վարժարանի աշակերտութեան համար։ Այսպէս, դպրոցի մեծ ընտանիքին տեսակէտէ անմոռանալի օր մը եղաւ՝ դէպի Քիլիոս կազմակերպուած շրջայցը։ 

Էջեր