Արխիւ

Երեքշաբթի, Յունիս 30, 2026

ՇԱՀԱՆ ԳԱՆՏԱՀԱՐԵԱՆ

Ուաշինկթընեան համաձայնութեան 14 կէտերը պէտք է իրաւագիտական ուսումնասիրութեան ենթարկել՝ նկատելու համար այն բաց կարելիութիւնները, որոնք Իսրայէլին առիթ կու տան իր զօրքերը չհեռացնելու Լիբանանի ինքնիշխան տարածքներէն:

Երեքշաբթի, Յունիս 30, 2026

Վրաստան-Ղազախիստան յարաբերութիւնները նոր հարթութեան մը վրայ:
Թիֆլիզ եւ Աստանա հետամուտ՝ համագործակցութիւնը բոլոր ուղղութիւններով զարգացնելու:

Երեքշաբթի, Յունիս 30, 2026

Թուրքիա-Եւրոպական Միութիւն համագործակցութեան մէջ նոր ոստում մը կ՚որոնուի՝ այժմու դրական մթնոլորտով:
Անգարա եւ Պրիւքսէլ կը ջանան վերահաստատել իրարու նկատմամբ ընծայուած կարեւորութիւնը՝ հրատապ նպատակներու հետամուտ:

Երեքշաբթի, Յունիս 30, 2026

Անգարայի մէջ նախատեսուած ՆԱԹՕ-ի գագաթաժողովին ընդառաջ, երէկ, Իսթանպուլի մէջ տեղի ունեցաւ դաշինքի խորհրդարանական վեհաժողովին հաւաքը։

Երեքշաբթի, Յունիս 30, 2026

Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան յայտարարեց, որ Իսրայէլի կողմէ հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման ուղղութեամբ առնուած քայլին արձագանգելու կարիքը չի տեսներ։

Երեքշաբթի, Յունիս 30, 2026

Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութեան (ՀԲԸՄ) պատուոյ նախագահ Պերճ Սեդրակեան շաբաթավերջին հիւրընկալուեցաւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին կողմէ։

Երեքշաբթի, Յունիս 30, 2026

Եշիլգիւղի եկեղեցւոյ Ս. Սահակ-Ս. Մեսրոպ դպրաց դաս-երգչախումբը աւանդական արարողութիւններով փակեց 2025-2026 շրջանը։ Այս առթիւ սարքուեցաւ բացօթեայ սիրոյ սեղան մը, որու ընթացքին ստեղծուեցաւ ընտանեկան անմիջական մթնոլորտ։

Երեքշաբթի, Յունիս 30, 2026

Երէկ, Թոփգաբուի ընտանիքէն վարիչներ քաղաքավարական այցելութիւն մը տուին Ֆաթիհի քաղաքապետարանը։ Ս. Նիկողայոս եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Նուրհան Սուճուեանի կողմէ գլխաւորուած խումբը հիւրընկալեց քաղաքապետ Մեհմէտ Էրկիւն Թուրան, որու կողքին էր իր տեղակալը՝ Մեհմէտ Էօզչելիք։

Երկուշաբթի, Յունիս 29, 2026

Պէզճեան Մայր վարժարանի շրջանաւարտութեան հանդէսը, որ շաբաթավերջին տեղի ունեցաւ Գումգաբուի համանուն սրահին մէջ, մեծ խանդավառութեան մը թատերաբեմը հանդիսացաւ։ Դպրոցի ընթացաւարտները հրաժեշտ առին տօնախմբութեան մը համազօր հաւաքոյթով մը՝ ապագայի համար նոր յոյսերով ու բոլորի անկեղծ խրախուսանքով։ 

Երկուշաբթի, Յունիս 29, 2026

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. արք. Մաշալեան շաբաթավերջին հիւրընկալեց Կեդրոնական սանուց միութեան նորընտիր վարչութեան անդամները՝ գլխաւորութեամբ ատենապետ Տայք Տանձիկեանի։ Հարկ է նշել, որ մօտաւոր անցեալին գումարուած էր միութեան ընդհանուր ժողովը, որու արդիւնքով պաշտօնի կոչուած էր այժմու վարչութիւնը։

Երկուշաբթի, Յունիս 29, 2026

Երէկ, Կեդրոնականի մեծ ընտանիքը շրջանաւարտութեան փայլուն հանդէսով մը հրաժեշտ տուաւ՝ վարժարանի 2025-2026 կրթական շրջանի հունձքին։ Կեդրոնական վարժարանը այս տարի 34 շրջանաւարտ ունի։ Երէկուան հանդէսը ստեղծեց բարձր տրամադրութիւն՝ մանաւանդ, որ կրթական ոլորտի յաջողութիւններուն առընթեր, Կեդրոնականի սաները միշտ կը փայլին նաեւ ընկերամշակութային գետնի վրայ ձեռքբերումներով։

Երկուշաբթի, Յունիս 29, 2026

ՍԵՒԱՆ ՍԵՄԷՐՃԵԱՆ

Եւ յանկարծ, Իսրայէլի կառավարութիւնը պաշտօնապէս միաձա՛յն քուէարկեց հայոց ցեղասպանութիւնը ճանչնալու օգտին։

Երկուշաբթի, Յունիս 29, 2026

ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Հայ հրապարակախօս, կրօնական գործիչ, բանասէր, թարգմանիչ, խմբագիր Յովհաննէս Տէր-Կարապետեանի (Տէրոյենց, Չամուրճեան) յիշատակը ոգեկոչուեցաւ Հայաստանի մէջ։
Հակառակ զանազան ժամանակներու Տէրոյենցին հասցուած սուր ու անխնայ հարուածներուն, ան պատմութեան մեջ մնացած է իբրեւ հակասական կերպար մը։ 

Երկուշաբթի, Յունիս 29, 2026

ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ

Մարդիկ կեանքի ընթացքին շատ բան կը փնտռեն․ յաջողութիւն, հարստութիւն, ճանաչում, ապահովութիւն։ Անոնք տարիներ շարունակ կրնան վազել երազներու ետեւէն, բարձրանալ նոր բարձունքներու, ձեռք ձգել այն բոլորը, որ ժամանակին անհասանելի կը թուէր։

Երկուշաբթի, Յունիս 29, 2026

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

«Աստուծոյ զոհը կոտրած հոգին է. կոտրած եւ խոնարհ սիրտը, ո՛վ Աստուած, դուն չես անարգեր». (ՍԱՂՄ. ԾԱ 17)։ Խոնարհութիւնը աստուածահաճոյ առաքինութիւն մըն է, որ մարդս աւելի եւս կը մօտեցնէ Աստուծոյ։

Երկուշաբթի, Յունիս 29, 2026

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Խորհրդային Միութիւնը որպէս ըմբոստ ու հայրենասէր գրող սկզբնական թիրախ կ՚ընտրէ Յովհաննէս Շիրազն ու Պարոյր Սեւակը, որոնց կը յաջորդեն Սարմէնը, Խաչիկ Դաշտենցը, որոնք իշխանութիւններու կողմէ կ՚որակուին որպէս «յոռետեսական եւ սովետական իրականութիւնը աղաւաղող» գրողներ:

Երկուշաբթի, Յունիս 29, 2026

«Աֆէեան նախաձեռնութիւններ Հայաստանի համար» (AIFA) հիմնադրամի գործադիր տնօրէնուհի նշանակուեցաւ Իրինա Սէյլանեան: Հարկ է նշել, որ այս հիմնադրամը Հայաստանէ ներս յառաջ կը տանի՝ ամերիկահայ գիտնական, ազգային բարերար ու գործարար Նուպար Աֆէեանի եւ ընտանիքին կողմէ նախաձեռնուած բարեգործական եւ զարգացման միտուած ծրագիրները:

Երկուշաբթի, Յունիս 29, 2026

Երեւանի «Մխիթար Հերացի» պետական բժշկական համալսարանի վերատեսուչ վերընտրուեցաւ փրոֆ. Արմէն Մուրատեան, որ վերջին տարիներու իր պաշտօնավարութեամբ իսկական վերելքի մը ճամբուն մէջ դրած է այս բարձրագոյն ուսման հաստատութիւնը: 

Երկուշաբթի, Յունիս 29, 2026

Իսրայէլի կառավարութիւնը միաձայնութեամբ հաւանութիւն տուաւ՝ հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման ուղղեալ բանաձեւի մը:
Նախագիծը յառաջիկային Քնեսէթի օրակարգին վրայ պիտի գայ: Թուրքիա կը բողոքէ բուռն ձեւով: Արտաքին գործոց նախարարութիւնը հակազդեց յայտարարութիւն մը հրապարակելով: Լրատուամիջոցները կը մատնանշեն, որ ցեղասպան երկիրը հանդէս կու գայ պատմութեան խափանարարմամբ:

Երկուշաբթի, Յունիս 29, 2026

Էյիւպի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ հիմնադրութեան 351-րդ տարեդարձին առթիւ, շաբաթավերջին տեղի ունեցան աւանդական արարողութիւններ, որոնց նախագահեց Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. արք. Մաշալեան։ 

Էջեր