ՖԷՐԻԳԻՒՂԻ ՄԷՐԱՄԷԹՃԵԱՆ ՎՐԺ.Ի ՄԱՆԿԱՊԱՐՏԷԶԻ ՓՈՔՐԻԿՆԵՐՈՒ ՏԱՐԵՎԵՐՋԻ ՀԱՆԴԷՍԸ
Ֆէրիգիւղի Մէրամէթճեան վարժարանի մանկապարտէզի փոքրիկներու տարեվերջի հանդէսը անցաւ շատ ոգեւոր մթնոլորտի մը մէջ: Անցեալ շաբթուան մէջ, թաղի «Նազար Շիրինօղլու» սրահի երդիքին տակ տեղի ունեցաւ հանդէսը, որով ստեղծուեցաւ տօնական տրամադրութիւն: Մանկապարտէզի դասարանի տղոց տեսակէտէ բացառիկ նշանակութիւն ունեցաւ՝ իրենց կրթական կեանքի այս առաջին քայլափոխին կազմակերպուած հանդէսը: Բոլորը անցեալ շրջանի վառ տպաւորութիւններուն տակ էին: Կրթական մշակներուն՝ մանաւանդ մանկապարտիզպանուհիներուն կողմէ բծախնդրօրէն վերահսկուած էին հանդէսի նախապատրաստական աշխատանքները, որոնք իսկապէս արդարացան՝ քանի սրահին մէջ ստեղծուեցաւ բացառիկ մթնոլորտ:
Ֆէրիգիւղի ընտանիքէն վարիչներ, Մէրամէթճեան վարժարանի պատասխանատուներ, ծնողներ եւ հիւրեր ներկայ գտնուեցան հանդէսին, որու ընթացքին ծնողաց միութեան կողմէ փոքրիկներուն յանձնուեցան նուէրներ:
Մանկապարտէզի սաները ծափահարութիւններու արժանացան իրենց յաջող ելոյթներով:
Մէրամէթճեան վարժարանի տնօրէնուհի Մարալ Էօզտաղն ալ հանդէսի աւարտին ջերմօրէն շնորհաւորեց փոքրիկները, ծնողներն ու իրենց կրթական մշակները: Ան գնահատեց մանկապարտիզպանուհիներուն կողմէ տարուած աշխատանքը, իսկ փոքրիկներուն մաղթեց ապագայ յաջողութիւններ: