ԳԻՏՈՒԹԻՒՆ ԵՒ ԿՐՕՆՔ
Մարդ արարածը, ընդհանրապէս կը հպարտանայ, կը պարծենայ իր գիւտերով, իր գիտութեամբ։ Բնական է այդ, քանի որ գիտութիւնը զօրութի՛ւն է եւ շատ բանի կարողութիւն եւ կարելիութիւն կու տայ։ Անկասկա՛ծ։ Այս իմաստով գիտուններ բարձր գնահատանքի արժանի են մարդկութեան առջեւ։ Եւ անոնց արժէքը երբեք պէտք չէ՛ ստորագնահատել։ Բայց պէտք է նաեւ «գիւտ»ը, «գտնել»ը եւ «գիտնալ»ը չշփոթե՛լ «ստեղծել»ու հետ։
Արդարեւ, պէտք է խոստովանիլ եւ ընդունիլ, թէ «գիւտ»ը բնութեան մէջ արդէն գոյութիւն ունեցող, այսինքն «ստեղծուած» արժէքի մը անդրադառնալն է պարզապէս։ Եւ այդ գիւտը կատարելու, գիտնալու, գիտութեան նիւթ ընելու համար պէտք եղած բանականութիւնը եւ իմաստութիւնը՝ բարձր արժէքի մը մարդուն մէջ յայտնուիլն է։ Ուստի, մարդ արարածը բնութեան մէջ արդէն գտնուածը կը փնտռէ, անոր արժէքին կ՚անդրադառնայ եւ վերջապէս անիկա գիտութեան վերածելով կ՚օգտագործէ եւ զայն մարդկութեան օգնութեան եւ բարութեան կը յանձնէ։ Զոր օրինակ, հիւանդութեան մը բուժումին համար երբ նոր դեղ մը կը գտնուի, ատիկա թէեւ գիտնական մը կը կատարէ, ան իր իմաստութեամբ, բանականութեամբ եւ աշխատանքով՝ որոնք ամէն գնահատանքէ վեր են եւ բարձր, ի վերջոյ բնութեան մէջ արդէն գոյութիւն ունեցող, ստեղծուած արժէքի մը միջոցով կ՚իրականացնէ։ Եւ ճիշդ այս պաճտառով արդէն ըսուած է, թէ բժիշկներ երկրի վրայ Աստուծոյ մատներն են։
Այս խօսքը կարելի է եւ պէտք է ընդարձակել եւ ըսել. գիտուններ, գիւտարարներ երկրի վրայ Աստուծոյ մատներն են։
Սիրելի՜ բարեկամներ, ամէն խոհեմ, շրջահայեաց եւ իմաստուն միտք կը տեսնէ այս ճշմարտութիւնը, քանի որ կեանքն իսկ է։ Կեանքը ապրիլ՝ գիտակցաբար ապրիլ եւ անոր բոլոր երեսակներուն անդրադառնալ՝ իրականութեան մէջ ճշմարտութիւնը տեսնել կը նշանակէ։
Ուսումը, անշուշտ, անհրաժեշտ է, բայց աւելի անհրաժեշտ է ուսումը գործածելով ճշմարտութեան անդրադառնալ։ Առանց գիտնալու կարելի չէ ճշմարտութեան հասնիլ եւ առանց հասկնալու կարելի չէ հաւատալ, մարդ պէտք է անդրադառնայ. որքան բարձրանայ ան, ի վերջոյ նոյն մարդն է։
Բնութիւնը՝ Աստուծոյ հրաշալի՜ ստեղծագործութիւնը ընդարձակ եւ բերրի տարրալուծարան մըն է, իսկ անոնք, որոնք կ՚անդրադառնան անոր, կը գիտնան՝ գիտուն կ՚ըլլան եւ մարդկութեան օգտակար արժէքներ կ՚ըլլան։
Բայց ի՜նչ օգուտ անոր՝ որ գիտէ, բայց իր գիտցածը ուրիշներուն ի նպաստ չի գործածեր, կամ ուրիշներուն օգտագործութեան չի տրամադրեր։
Մարդ գիւտարար է, բայց ո՛չ ստեղծիչ։ Իմաստունը՝ այս տարբերութեան անդրադարձողն է…
Եթէ ուշադրութեամբ դիտենք բնութիւնը, հոն պիտի տեսնենք, որ մարդկային բոլոր գիւտերուն նախատիպարները արդէն գոյութիւն ունին. զոր օրինակ՝ թռչունը եւ օդանաւը, նաեւ ասոր նման զանազան օրինակներ։
Արհեստական բանականութիւնը, եթէ «բանականութիւն» գոյութիւն չունենար, «արհեստական»ը կրնա՞ր գտնուիլ։
Ամէն «գիւտ» բնութեան մէջ արժէքի մը օրինա՛կն է։
Կեանքին իմաստը զԱտսուած ճանչնա՛լն է։ Անոր կամքին մէջ ապրիլն է։ «Տէրը մօտիկ է բոլորին, որ Իրեն կը հաւատան եւ կը յուսան, այն բոլորին որ ճշմարտութեամբ զԻնք կը կանչեն». (ՍԱՂՄ. ՃԽԵ 18)։
Աստուա՛ծ է Արարիչը…
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Յունիս 22, 2026, Իսթանպուլ