Չորեքշաբթի 24, Յունիս 2026
ԹՈՓԳԱԲՈՒԻ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻՆ ՄԷՋ ՀԱՆԴԷՍ
Թոփգաբուի Լեւոն-Վարդուհեան վարժարանին մէջ նախընթաց օր տեղի ունեցաւ չորրորդ դասարանի աշակերտներու շրջանաւարտութեան հանդէսը, որով ստեղծուեցաւ բարձր տրամադրութիւն։ Տղաքը յաջողութեամբ գործադրեցին օրուան յայտագիրը՝ ծափահարութիւններու արժանանալով իրենց ելոյթներով։ Վարժարանի տնօրէնուհի Անիթա Թումայեան հանդէս եկաւ շնորհաւորութեան խօսքով մը։ Ներկաներու շարքին էին Թոփգաբուի ընտանիքի վարիչներ, կրթական մշակներ, աշակերտներու ծնողները եւ այլ հիւրեր։
Յայտագրի գործադրութենէն վերջ սարքուեցաւ նախաճաշի սեղան մը, որու մասնակիցները ջերմօրէն շնորհաւորեցին չորրորդ դասարանի շրջանաւարտները՝ մաղթելով կրթական կեանքէ ներս ապագայ յաջողութիւններ։
Չորեքշաբթի, Յունիս 24, 2026