ԵԿԵՂԵՑԻ ԵՒ ԻՐԱՒՈՒՆՔ
Եկեղեցին՝ Քրիստոսի հաւատացող անձերու ժողովն է՝ որ աստուածային շնորհքները ստանալով եւ այդ շնորհքներով օժտուած եկեղեցւոյ պաշտօնեաներու ձեռքով կը ձգտի հասնիլ Քրիստոսի քարոզած աւետարանական բանձր գաղափարներուն։ Եկեղեցւոյ բարձր գաղափարները եւ միջոցները թէեւ զուտ բարոյական-կրօնական են, բայց, անոնք գործադրուելով մարդկային հասարակութեան մէջ՝ առաջ կը բերեն անհատներու-անձերու յարաբերութիւններ, փոխյարաբերութիւններ եւ զանազան անձերու շահերու մրցումներ, բազմատեսակ կամքերու շփումեր, շահերու բախումներ, ընդհարումներ, եւ այս կերպով, զուտ գաղափարական-բարոյականէն կ՚անցնին գործնականին, որմէ կը ծագի «իրաւունք»ի խնդիրը։
Եկեղեցւոյ անդամները՝ հաւատացող մարդոց ժողովը, բացի իրարու հետ ունեցած յարաբերութիւններէն, անհրաժեշտ պահանջէն մղուած, ստիպուած են շփում ունենալ նաեւ այն մարդոց կամ խմբակցութիւններու շրջանակներու հետ՝ որոնք եկեղեցիներէ դուրս են, քրիստոնեայ չեն։ Եկեղեցւոյ անդամներու յարաբերութիւնը աւելի մեծ ծաւալ, աւելի լայն ընդարձակութիւն, եւ այս կերպով «իրաւունքի խնդիր»ը աւելի լայն եւ մեծ շրջանի մէջ կը մտնէ բնականաբար։
Եկեղեցին, իբրեւ բարոյական-կրօնական ղեկավարիչ հիմնարկութիւն, կամայականութիւններու առաջքը առնելու, կանխելու եւ իր անդամներուն որոշ ուղղութիւն մը ցոյց տալու եւ զանոնք շիտակ ուղղութեամբ առաջնորդելու համար պարտականութի՛ւն կը համարէ օրէնքով, կանոններով որոշել ամէն մէկ անդամի յարաբերութիւնը դէպի Եկեղեցի, դէպի զիրար եւ դէպի ուրիշ անհատներ եւ շրջաններ, որոնք եկեղեցիէն դուրս են։ Եւ ահաւասիկ, այս կերպով կը սահմանուին ամէն մէկ անհատի եւ ամբողջութեան՝ ընկերութեան իրաւունքներու սահմանները եւ պարտականութիւններու կարգը։ Իրաւունքը մէկ կողմէ կ՚ապահովացնէ մարդու ազատութիւնը եւ բարոյական կամքի զարգացումը՝ թոյլ չտալով ուրիշներուն ոտնակոխ ընել այդ սրբազան կարգը. միւս կողմէ կը զսպէ մարդու անհատական քմահաճոյքը՝ ուղղուած ընդհանուրի բարեկեցութեան դէմ, եւ կը ձգէ բնականոն կարգի տակ։
Իրաւունքի այս տեսակէտէն Եկեղեցին կը մտնէ իրաւաբանական շրջանի մէջ։ Կը կազմուի եկեղեցական վարչութիւն՝ որոշ կարգ եւ կանոնով, օրէնքներով, որոնք կը ղեկավարուին ո՛չ թէ պետական-քաղաքացիական ճնշող միջոցներով, այլ բարոյական եւ մեղմ։
Զանցառուները կ՚ենթարկուին ո՛չ թէ քաղաքացիական պատժի, բռնի ստիպումներու, բանտի, տաժանակիր աշխատանքի եւ աքսորի, այլ կը հեռացուին եկեղեցիէն իբրեւ անարժան անդամներ։
Եկեղեցական կանոնները, կազմուած ըլլալով որոշ ուղղութեամբ, բոլոր անդամներու համաձայնութեամբ, պարտաւորիչ են բոլորի համար։ Ամէն մէկ անհատ, իր ազատական համաձայնութեամբ եկեղեցւոյ անդամ համարուելով, պարտաւոր է կատարել բոլոր կարգ եւ կանոնները, հասարակական-կրօնական ծէսերը, արարողութիւնները, անհամաձայնութեան դէպքի մը պարագային ազատ է դուրս գալու այդ եկեղեցիի ծոցէն՝ պատասխանատո՛ւ ըլլալով միա՛յն իր խղճին եւ Աստուծոյ առջեւ։
Այսպէսով, Եկեղեցին իր առանձին կարգ-կանոնով, իր բարոյակրթական, պատժողական եւ ուղիղ միջոցներով կը կազմէ ամբողջական մարմին մը՝ իրաւաբանական միտքով, որով եւ կը զբաղուի «Եկեղեցական իրաւունք»ը։
Այս իրաւունքը կը վերաբերուի ո՛չ թէ եկեղեցիի էութեան, ինչպէս աստուածային հաստատութեան, այլ այն արտաքին կազմակերպութեան՝ որով սահմանի տակ կը դրուի անոր բոլոր անդամներու բազմազան յարաբերութիւնները…
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Մարտ 7, 2026, Իսթանպուլ