ՀԱՅՐ ՅՈՎՀԱՆՆԷՍ ՎՐԴ. ԹՈՐՈՍԵԱՆ (1864 - 1940)

Յովհաննէս վրդ. Թորոսեան, աւազանի անունով Թորոս, ծնած է 28 յունուար 1864-ին (ոմանք 1960 կու տան Թորոսեանի ծննդեան թուականը), Պարտիզակ: Հայ հոգեւորական, Վենետիկի Մխիթարաեան միաբանութեան անդամ, բանասէր, պատմաբան, խմբագիր ու թարգմանիչ:

Նախնական ուսումը ստացած է ծննդավայրին մէջ, ապա 1874-ին մուտք գործած է Վենետիկի Ս. Ղազար վանք:

1877-ին վանական սքեմ ստացած է եւ առած է Յովհաննէս անունը:

5 ապրիլ 1880-ին կատարած է իր ուխտադրութիւնը, դառնալով Մխիթարեան միաբանութեան անդամ:

25 դեկտեմբեր 1882-ին քահանայական ձեռնադրութիւն եւ օծում ստացած է:

1890-ին այցելած է Պարտիզակ:

1891-1892 թուականներուն մէկ տարիով Հռոմի մէջ հետեւեած է Ս. Գիրքի, Ս. Հայրերու եւ ասորերէն լեզուի ուսման:

1894-ին Մուրատ Ռափայէլեան վարժարանի ուսումնապետը եղած է:

1885-ին եղած է մեծաւորի օգնական եւ ուսումնապետ վանքէն ներս:

1885-1903 թուականներուն վանքի աշակերտութեան մեծաւորը եղած է, ապա Պոլսոյ Քաղքեդոնական վարժարանին տեսուչը (1904-1907):

1889-1890 եւ 1896-1898 թուականներուն եղած է «Բազմավէպ»ի խմբագիր: 

Կրթական պաշտօններ վարած է Ս. Ղազարի վանքէն, Վենետիկի Մուրատ Ռափայէլեան, Փարիզի Մուրատեան եւ Պոլսոյ Մխիթարեան վարժարաններէն ներս: 

1907-1909-ին Վենետիկի Մուրատ Ռափայէլեան վարժարանի տեսուչի պաշտօնը վարած է:

1909-1929 թուականներուն վանքէն ներս վարչական զանազան պաշտօններ վարած է. ինչպէս՝ վարչական պաշտօնէութեան ընդհանուր քարտուղար, ապա վարիչ անդամ, Գերպ. Իգնատիոս արք. Կիւրեղեանի օրով եղած է աթոռակալ, ինչպէս նաեւ 1922-1929 թուականներուն, երբ աթոռը թափուր եղած է:

1929-1938 թուականներուն եղած է Փարիզի Մուրատեան վարժարանին մեծաւորը՝ թագադիր աբբայի տիտղոսով:

1938-ին կը վերադառնայ Վենետիկ եւ մինչեւ ի Տէր ննջելը կը մնայ Մուրատ Ռափայէլեան վարժարան՝ իբրեւ հոգեւոր հայր:

Ան ծաւալած է գրական, բանասիրական, թարգմանական գործունէութիւն: «Բազմավէպ»ի կողքին, աշխատակցած է նաեւ այլ պարբերականներու:

Հայր Թորոսեան հեղինակ է բազմաթիւ աշխատութիւններու եւ յօդուածներու: Այսպէս առանջին գիրքերով լոյս տեսած են՝ «Ընտիր հայկազունք» ժողովածու (Վենետիկ, 1891), «Միքայէլ Փորթուգալ փաշա» (Վենետիկ, 1898), «Վարք Մխիթար Աբբայի» (ա. հրատարակութիւն, 1901, բ. հրատարակութիւն, 1933): Այս աշխատասիրութիւնը իր գլուխ գործոցը կը համարուի: «Հայկական հին մատենագրութիւն», դասագիրք, հարուստ ծանօթագրութիւններով, «Վենետիկի ընդարձակ պատմութիւն»:

«Բազմավէպ»ի էջերուն վրայ ունի բազմաթիւ հետազօտութիւններ Եզնիկ Կողբացիի, Անանիա Շիրակացիի (1898), Ներսէս Լամբրոնացիի (1898), «Կիլիկիոյ եւ Կիպրոսի առընչութիւնք եւ Կոռնարոյ թագուհին» (1899), «Ատովմեանց նահատակութիւնը» (1899), «Ակնարկ Ս. Եփրեմի Հին կտակարանի մեկնութեանց հայ թարգմանութեանց վրայ» (1925, 1927), «Համեմատութիւն Յովհ. Մանդակունւոյ «Վասն փոխոց եւ վաշխից»» եւ Ս. Բարսեղի «Ընդդէմ վաշխողաց ճառերուն» (1927), «Կորիւնի մասին բանասիրական հարցեր» (1931), «Կորիւնի գրքին մէջ քանի մը խնդրական կէտեր» (1932), «Ս. Բարսեղ Կեսարացի - իր վեցօրեայ ճառերը եւ հայ թարգմանութիւնը» (1934), «Հայ Ոսկեդարը եւ Աստուածաշունչի թարգմանութիւնը» (1935), «Սեբերիանոսի Թ. ճառին յոյն բնագրին գիւտը եւ հայ թարգմանութիւնը» (1937), «Ս. Սահակի կանոնները» (1938), «Կորիւն եւ իր գրութիւնը» (1939), «Հ. Արսէն Սուքրի - կեանքը եւ գրական աշխատութիւնները» (1932, 1933), եւ այլ գործիչներու եւ նիւթերու մասին:

Հ.[այր] Ե.[ղիա] Փ.[եչիկեան] Թորոսեանի ուսումնասիրութիւններու մասին կը գրէ. «Գեր. Հ. Յովհ. Թորոսեան այս բոլոր գործերուն մէջ ցոյց կու տայ ինքզինքը իբր հմուտ լեզուագէտ, պատմագէտ, հայրախօս, մատենագիր, քննական միտք, խղճամիտ եւ պրպտող, գրական բացառիկ ճաշակով եւ շնորհքով, ինչպէս էր իր ընդհանուր նկարագիրը լի ազնուական լրջութեամբ, հայրական քաղցրութեամբ, պատառազդու եւ միանգամայն սիրալիր եւ ձգիչ»:

Եւ կը շարունակէ, գրելով.

«Ինչպէս ինք օգտուած էր իր դաստիարակներէն, գիտցաւ իր կարգին մեծ հաղորդականութեամբ անցընել իր դաստիարակած սերունդներուն ո՛չ միայն սէրն ու ճաշակը հայ դպրութեան թաքուն գանձերուն եւ անհատնում հարցերուն քննութեան, այլ նաեւ նիւթապէս գծելով ուղին, թելադրելով եւ տալով նիւթ եւ ծրագիր հայագիտական աշխատութիւններու. այդպէս ըրաւ հանգուցեալը իր աշակերտներէն շատերուն, որոնց մէջ կ՚արժէ յիշել որպէս երախտաւոր մշակներ հայ դպրութեանց՝ Հ. Եսայի Տայեցի, Հ. Եփրեմ Ապրոյեան, Հ. Ներսեհ Անդրիկեան, Հ. Կարապետ Տէր-Սահակեան, Հ. Վարդան Վ. Հացունի, Հ. Սահակ Տէր-Մովսէսեան, Հ. Մ. Պոտուրեան, Հ. Յ. Աստուրեան եւ դեռ շատեր: Որով իրաւամբ կ՚անմահանայ իր անունը Մխիթարեան գրական պանթէոնին մէջ շարքին այն դասական դէմքերուն, որոնցմով կը պարծի Ազգն եւ Միաբանութիւնս:

Միաբանութեանս սիրոյ եւ յարգանքի բացառիկ տուրքին հետ իբրեւ խունկ եւ աղօթք՝ կը յիշենք պատուաւոր պսակները, զոր իր գլխուն դրին ժամանակին իր երախտիքներուն համար Սապպաղեան կաթողիկոս եւ հուսկ ակեղեցւոյ գլուխը Պիոս ԺԱ. Ս. Քահանայապետ՝ իբր Գերյարգելի, իբր Թագադիր Աբբայ եւ Խորհրդական Արեւելեան Եկեղեցւոյ Ս. Ժողովին, պսակներ, որ այսօր իր շիրիմը կը զարդարեն եւ միանալով ամենուն աղօթքին կը հայցեն յաւիտենական երանութիւն»:

Կատարած է նաեւ թարգմանութիւններ իտալերէնէ ու գերմաներէնէ:

Աւլիայի «Խօսք առ քահանայս» (գրաբար), Քելցերի «Հետազօտութիւն հայ դիցաբանութեան» եւ «Փաւստոս Բիւզանդ կամ Հայկական եկեղեցւոյ սկզբնաւորութիւնը», Տէ Ամիչիսի «Յուշք Լոնտրայի», Չեփարիի «Վարք Ս. Յովհ. Պերքմանսի», Մոնսափրէի «Քանի մը բանախօսութիւնք եւ Ս. Հաղորդութեան խորհուրդներուն վրայ», Պ. Հ. Պորտոյի «Անթառամ տրապիզոնցի», «Ս. Բենեդիկտոսի վարք»:

Ի Տէր ննջած է 8 յուլիս 1940-ին, Վենետիկի Ազոլօ աւանին մէջ: 

***

«Վարք Մխիթար Աբբայի» աշխատասիրութեան յառաջաբանին մէջ կը կարդանք.

* Հասարակ մահկանացուաց գերեզմանին շուրջը կը հսկեն լռութիւն եւ մոռացութիւն. մեծ մարդիկ, ընդհակառակն, իրենց դամբանաց միջէն ալ դեռ կ՚ապրին: Այդ մեծերէն է եւ Մխիթար: Հարիւրյիսուն տարիներէ աւելի կ՚ընէ՝ որ կը հանգչի նա իրեն կառուցած վանքին մէջ. եւ այն օրէն որ շիրիմ իջաւ, սկսաւ իրեն համար կենաց նոր շրջան մը՝ մեծ, փառաւոր եւ ընդարձակ: Այնչափ կ՚ապրի մարդ, որչափ տեւէ անոր գործը: Մխիթարայ հիմնած վանքը կը տեւէ, կը տեւեն անոր գրքերը, կը տեւէ անոր վարուց սրբութիւնը: Զանազան նշանաւոր գրիչք անմահացուցին անոր վարքը եւ գործերը, այլեւայլ լեզուներով հրատարակուեցան անոր նկարագիրք եւ դրուատիք, եւ ուր որ գնաց հայ գաղութ մը՝ տարաւ իրեն հետ նաեւ Մխիթարայ անունը։ Ամենքն ալ, օտարք եւ բնիկք, կը հիանան անոր գործունէութեան վրայ. անոր գիտութեան համբաւը մնաց անաղարտ. անոր վարուց սրբութեան ոչ ոք յանդգնեցաւ բիծ դնել. մինչդեռ անոր կրօնական համոզումներու մասին, եղան ոմանք՝ որոնք այլ ընդ այլոյ խօսեցան, այնպիսիք՝ որոնք չէին ճանչնար զինքը: Այսպէս Մխիթար, իրեն գործերով, եղած է այն աշխարհածանօթ անձերէն մին, որոնց վարուց եւ գործոց մութ կողմ մը մնացած չէ, որուն վրայ հարկ ըլլան նոր լոյս մը սփռել:

-Ահա ինչո՞ւ այս նոր գրութիւնը, պիտի հարցնեն շատերը:

Քանի մը խօսքով բացատրեմ հոս այն պատճառները, որոնցմով պատշաճ դատուեցաւ ներկայ գրութեանս հրատարակութիւնը: Իրաւ է, որ զանազան առիթներով, ազգային եւ եւրոպացի թերթեր, պատմական կամ մատենագրական դասագրեանք, բառարանք, եւ նոյն իսկ առանձին գրքեր նկարագրած են համառօտիւ կամ ընդարձակօրէն երանաշնորհ հիմնադրիս վարքը, գործունէութիւնը եւ գրական կեանքը. բայց այդ գրութիւններէն շատերը, զանազան պատճառներով, աւելի կամ նուազ անմատչելի եղած են մեր ներկայ սերունդին: Երկրորդ, յիշեալ գրողք, -բաց ի մի քանիէն եւ ի մասնաւորի Գեր. Ագոնցէն, որ Մխիթար Աբբայի յաջորդներէն մին եղած է-, օտարք ըլլալով, չեն ըմբռնած հիմնադրիս բուն հոգին, որ կը փայլի իսկապէս իրեն առանձնական թղթոց մէջ. այսու պակաս մը կը մնար լրացնելու: Երրորդ, որ գլխաւորն է, անոր կրօնական համոզմանց մասին, ինչպէս կանխեցի ըսել, ընդհանրապէս անճիշդ կարծիք մը կազմուած է, մանաւանդ գրագիտաց մէջ եւ անոնց ձեռքով, որով շատ պայքարներու առիթ տրուած է. հետեւաբար հարկ էր ուղղել այդ սխալ կարծիքը:

Այս բոլորն ի նկատի առած, եւ տարւոյս մէջ կատարուելիք՝ միաբանութեանս հիմնարկութեան Երկհարիւրամեայ յոբելինի հանդէսը՝ յարմարագոյն առիթ համարելով, ի լոյս կ՚ընծայուի ներկայ գրութիւնս, որուն մէջ ինձմէ աւելի՝ պիտի խօսի ինքը Մխիթար, պիտի խօսին զինքը մօտէն ճանչցողք եւ գնահատողք, պիտի խօսին վկայագիրք, նամակ, եւ այլն:

Ներկայ աշխատութեանս համար, բաց ի յիշեալ գրքէն Գեր. Ագոնցի, օգտուեր եմ ձեռագիր պատմութենէ վարուց Մխիթարայ Աբբայի, -զոր գրած է Հ. Մատթէոս Վ. Եւդոկիացի, որ իրեն ձեռնասուն աշակերտն էր եւ ատենադպիրը- եւ միաբանութեանս յիսնամեայ ժամանակագրութենէն, նոյնպէս անտիպ եւ գրութիւն յիշեալ Հ. Մատթէոս վարդապետի: Ասոնցմէ զատ, օգտուեր եմ դարձեալ Մխիթարայ Աբբահօր խրատներէն, զորոնք գրի առեր են աշակերտք, իրեն նամակներէն, եւ այլոց առ ինքն ուղղած թղթերէն: 

Ամբողջ գործս, որ շատ ընդարձակ չէ, եւ պարզ ոճով գրուած ըստ կարելւոյն, երեք մասերէ կը բաղկանայ: Առաջնոյն մէջ՝ նկարագրուած է Մխիթարայ առանձնական կեանքը, սկսեալ իրեն ծննդենէն մինչեւ միաբանութեանս հաստատութիւնը (1676-1701): Երկրորդին մէջ՝ իրեն հրապարակական կամ գործունեայ կեանքը, միաբանութեանս հիմնարկութենէն մինչեւ հիմնադրին մահը (1701-1749): Երրորդին մէջ պիտի խօսիմ համառօտիւ անոր գրական կենաց կամ գործունէութեան վրայ:

Գրքին վերջն ալ պիտի դրուի ՅԱՒԵԼՈՒԱԾ մը, ուր պիտի գտնուին կարեւոր նամակք, վկայագիրք, եւ այլն («Վարք Մխիթար Աբբայի», Վենետիկ, 1932, էջ 5-7):

Եւ աշխատասիրութիւնը կ՚աւարտէ, գրելով. 

* Հոս կը լռեմ ես եւ կ՚ուզեմ, որ խօսի նոյն ինքն Մխիթար, եւ իրեն խօսքերով կնքէ մատեանս, ինքն իսկ տալով իւր ճշգրիտ նկարագիրը, ինչ որ ջանացի ես ցուցնել գրքիս մէջ, առանց յաջողելու թերեւս: «Ո՛րչափ կրնամ եւ ո՛րչափ որ կենդանի եմ, պիտի ջանամ աշխատիլ ազգիս հոգեւոր օգտին եւ շահաւէտութեան համար, թէեւ երբեմն հաւատոյ ճշմարտութեան համար մեղադրուած եւ արհամարհուած ըլլամ ոմանցմէ, եւ կամ միշտ արհամարհուիմ: Ուստի թո՛ղ գիտնան անոնք ամենքը, որոնք իմ վրաս կը մտածեն կամ կը խօսին, թէ ես՝ թէպէտ կը սիրեմ ազգս եւ կ՚ուզեմ անոր օգտին համար աշխատիլ, բայց անով երբեք սիրտս չի թուլնար Հռովմայ սուրբ եկեղեցւոյն հաւատոյ ուղղափառ դաւանութենէն: Եւ փոխադարձաբար, թէպէտ ըստ ամենայնի կը հպատակեցնեմ ինքզինքս Հռովմայ գահուն հնազանդութեան ներքեւ, ինչպէս օրինակ տուաւ ինձ մեր սուրբ հայրը Գրիգոր Լուսաւորիչ, բայց անով երբեք չի թուլնար իմ սէրը եւ աշխատելու ջանքը յօգուտ ազգիս, թէեւ նա զիս քամահէ այսպիսի հնազանդութեան համար (Յիշատակարան Աստուածաշունչ գրոց, էջ 1279)»: «Քանի անգամ որ կը լսեմ կամ գրոց ձեռքով կը տեսնեմ, թէ մեր ազգէն ոմանք կը ջանան եւ կը փափաքին գիտութեանց հետամուտ ըլլալ, նոյնչափ եւս կ՚արծարծի հոգիս: …Ո՜ւր էր թէ տեսնէի ազգս եւ անոր նորաբողբոջ վարդապետները՝ գիտութեանց, իմաստից եւ կրթութեան մէջ զարգացած եւ ճշմարտութիւնը ճանչնալու փափաքով վառուած, ոչ միայն բնութեան՝ այլ նաեւ հաւատոյ իրաց մէջ, եւ այնպէս գոհութեամբ մեռնէի» (Թուղթ Մխ. Աբբայի առ Իսահակ վարդապետ, առաջնորդ Կարնոյ, 1736, յունիս 20): -Այս հոգւով, ուղղութեամբ եւ ջանքերով գործեց Մխիթար, եւ կանգնեց իրեն համար եռադէմ կոթող մը, որու մէն մի երեսին վրայ քանդակուած են, ԱԶԳ, ԳԻՏՈՒԹԻՒՆ եւ ԿՐԹՈՒԹԻՒՆ, եւ կոթողին ծայրը կանգնած՝ կը ճառագայթէ մշտավառ բոցալոյս ջահ մը, ԿՐՕՆՔԸ («Վարք Մխիթար Աբբայի», Վենետիկ, 1932, էջ 357-358):

«Ընտիր Հայկազունք» գիրքի յառաջաբանին մէջ հայր Յովհաննէս վրդ. Թորոսեան կը գրէ. 

* Այս գրքուկիս անունն անշուշտ նոր պիտի չհնչէ ականջիդ, Հայկակ, այլ մանաւանդ թէ ծանօթ եւ ընտանի սրտիդ. եւ զուտ ազգային ըլլալով՝ թերեւս աւելի եւս իրաւունք ունենայ ընդունելութիւն գտնելու քեզմէ՝ քան յայլոց: Սակայն որչափ որ անունն հին է եւ քեզ եւս ծանօթ, այլ այս երկրորդ տպագրութեանս մէջ՝ գուցէ ներսը եւ դուրսը, մէջը եւ վրան ոչ սակաւ նորութիւններ պիտի գտնես. դիրքն եւ պատկերքն կիսով չափ նոր են, նոյնպէս նիւթերն եւ բովանդակութիւնն՝ եթէ ոչ բոլորովին նոր՝ գո՛նեա նոր կերպով եւ ոճով զետեղուած եւ ընդարձակուած են: Ահա քեզ սովորական պատենի տակ, այսպէս բացատրելու համար, ուրիշ համով եւ հոտով նորագոյն պտուղներ եւս. կամ թէ ուրիշ խօսքերով, սովորական թերթից կամ տերեւոց ներքեւ պիտի գտնես ծածկուած անսովոր բուրումն եւ գեղեցկութիւն ծաղկանց: Տփիկ մ՚է աս, որուն մէջ պիտի տեսնես ազգային գանձարանէն հանած եւ ագուցած այլեւայլ գոհարներ, եւ ինչո՞ւ չըսեմ ադամանդները, զորս՝ ըստ ախորժակացդ սրտիդ՝ եթէ լաւ ողորկուած եւ զետեղուած չգտնես, ոչ թէ այնու կը կորսնցնեն նոքա իրենց յարգը, այլ միշտ գոհար, միշտ ադամանդ են: Արդ հա՞րկ է որ բացատրեմ քեզ, Հայկակ, թէ ի՞նչ է գրքուկիս նպատակն, որոյ պէտքը գուցէ դու քան զիս առաջ զգացած եւ փափաքած ըլլաս, այսինքն է, նմանիլ՝ ըստ հասակիդ եւ վիճակիդ՝ այն նշանաւոր անձանց, որոնք թէ՛ հոգեւոր առաքինութեամբք, թէ՛ մարմնաւոր արութեամբ եւ թէ գիտութեանց հմտութեամբ՝ փառք եւ պարծանք եղան մեր ազգին, եւ իրենց չքնաղագիւտ օրինակօք, արութեամբք եւ առաքինութեամբք ազգային պատմութեան էջերը զարդարեցին, եւ մատենագրութիւննիս պայծառացուցին:

Ընդունէ ուրեմն, Հայկակ, յառատալիր սրտէ նուիրած ընծայիկնիս, կարդա՛ զայն եւ դի՛ր աւելի սրտիդ՝ քան շրթանցդ վրայ. եւ մեղուի նման հաւաքելով այս բուրաստանիս մէջ գտնուած ծաղկանց անոյշ հիւթերը, ազգային գործնական եւ գիտնական ասպարիզին մէջ ջանա՛ դու այլ ժիր եւ արդիւնագործ վաստակաւոր մ՚ըլլալ («Ընտիր Հայկազունք» բ., տպագրութիւն, Վենետիկ, 1891, էջ 5-6):

Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչի մասին այսպէս կը գրէ. 

* Չկայ հայ մը, որ նոյն իսկ իւր մանկական հասակին մէջ երբ գիտակցութիւնն զարթնու եւ իւր հայկազն արեան բաժակ սրտի վրայ սկսի ընթեռնուլ իւր սիրուն համազգի անունները, նոցա սկիզբը չտեսնէ ոսկի տառերով գրուած այսպիսի անուն մը՝ Լուսաւորիչ: Թէպէտ այնչափ անուս լինի՝ որ չգիտնայ այդ անունը կրող անձին մեծամեծ գործերը՝ եւ փոյթ այլ չունենայ գիտնալու, բայց այդ խորհրդաւոր բառի ծանօթութեան հետ կ՚իմանայ եւս՝ թէ շատ եւ կարեւոր իմաստներ կը բովանդակէ նա իւր մէջ. եւ իբրեւ բնական օրէնք մը՝ իւր գիտութեան առարկայ եղած լինէր ծննդեան օրէն, կ՚ըմբռնէ թէ այդ անձն իրեն եւ իւր ազգին լոյս տուեր է, հաւատոյ եւ ճշմարտութեան լոյսը, քան զոր աւելի մեծ բարիք չկայ երկրիս վրայ: 

…Երբ իւր սրտին ամէն փափաքները կատարուած տեսաւ, գոհացաւ զԱստուծոյ, թողուց իւր աթոռը եւ փառքը, դիմեց յանապատ, ուր տարիներով աղօթից եւ պահոց պարապեցաւ ճգնարանի մը մէջ. բայց ստէպ այցելութեան կ՚ելնէր իւր հօտին, կ՚օրհնէր, կը մխիթարէր զամէնքը, զօրավարի մը նման կը քաջալերէր իւր եկեղեցականները՝ անընդհատ աշխատիլ ազգի պայծառութեան. եւ դարձեալ կը դառնար իւր այրը, Աստուծոյ հետ կը խօսակցէր, եւ կը խնդրէր որ այլ եւս իւր ծերութեան եւ յոգնած գլխոյն հանգիստ շնորհէ հասարակաց մօր գիրկը, հողի մէջ: Բայց նա դեռ հարկաւոր էր ազգին՝ իւր աղօթիւք եւ գործով:

Սոյն ժամանակներս Լուսաւորչի երկու որդիքն Վրթանէս եւ Արիստակէս՝ որ օտար աշխարհներ ծածկուած էին՝ յանկարծ յայտնուեցան, որոց վրայ Տրդատ ուրախացած՝ տարաւ առ սուրբն՝ Մանեայ այրը, եւ խնդրեց որ իւր տեղ զԱրիստակէս փոխանորդ դնէ. նա այլ յանձն առաւ եւ ձեռնադրեց. եւ աւելի եւս խաղաղացաւ իւր անապատական վիճակին մէջ:

…Ս. Գրիգոր եղաւ փայլուն անօթ մը սրբութեան եւ առաքինութեան. տիպ արդարոց կենաց եւ մահուն, հայրապետական ոգւոյ եւ եռանդեան, քահանայական կարգի վսեմութեան եւ մեծութեան, որոյ վրայ ոչ մենք միայն սքանչացած կը զմայլինք, այլ եւ օտար ազգեր՝ օտար ժողովուրդներ հանդիսիւ կը մեծարեն ի Յունաստան եւ յԵւրոպա նորա սուրբ մասունքը եւ յիշատակը: Թողունք զայլս, գլխաւորապէս ի Նէապոլիս Իտալիոյ փառաւոր եկեղեցի կանգնած են իւր համար, որոյ մէջ հանգուցած են անոր նշխարներէն մեծ մաս մը՝ եւ տեղացիք ի հնուց կը պատուեն զնա, մանաւանդ իբրեւ պաշտպան իրենց թագաւորութեան; -Հայկակ, այս յիշատակիս վրայ կրնաս անխռով մնալ. օտարք իրենց թագը մեր հօր ձեռքն են յանձներ. իսկ մե՞նք, ո՞ւր է մեր թագն, ո՞ւր՝ անոր խնամակալ Լուսաւորչի աջն. միթէ մեր հայրն զօտարս քան զմեզ աւելի՞ կը սիրէ, որ ամփոփած կը թուի իւր գութը մեզմէ. ա՜հ, մի՛ գուցէ մենք զմեզ անոր անարժան ցուցած լինինք: Նորա ամբաւ սիրոյն արդիւնքներն դեռ կը տեսնուին մեր վրայ. անով մենք՝ թէպէտ խորտակած, բայց չենք փշրած. անով են մեր յաճախ ունեցած յաջողութիւններն. անով արտաքին ցոյցեր հետզհետէ կ՚արծարծեն մեր յուսոյ մարած խարոյկը: Եթէ գիտնայինք Լուսաւորչի արժանաւոր որդիք լինել, եթէ ունենայինք նորա անձնաւորութիւնը մեր եղբարց եւ աշխարհի փրկութեան համար, եթէ հասարակաց սիրոյն առջեւ շիջանէր մեր անձնական սէրն, այժմ մենք չէինք զանազանուիր անոնցմէ, որ երբեմն Լուսաւորչի աստուածահաճոյ աղօթից առատ պտուղները կը վայելէին, եւ մեր հարց աննման շառաւիղներ չէինք երեւիր. այժմ մեր սուրբ հայրն դարձեալ կ՚ընծայէր մեզ Տրդատներ, Սահակներ եւ Վարդաններ, իւր նման լոյսեր…։ Բաւական է, Հայկակ, փոքր ինչ ուժ տանք, ուղղենք մեր սրտերը, եւ ահա արդէն իսկ յոյսն կը բանայ մեր առջեւ իւր դռները. ահա կը վերնայ մեր թշուառ վիճակն. եւ Հայաստան շքեղ փրկութեամբ կը լինի աշխարհ եւ երկրորդ երկունք Գրիգորի («Ընտիր Հայկազունք» բ., տպագրութիւն, Վենետիկ, 1891, էջ 65, 71, 73-74):

«Հայ Ոսկեդարը եւ Աստուածաշունչի թարգմանութիւնը» յօդուածին մէջ՝ «Չունէի՞նք արդեօք տառեր կամ գրեր Ս. Մեսրոբէն առաջ» ենթավերնագիրին տակ, կը կարդանք. 

* Հոս բնականաբար այն հարցը կը ծագի, թէ արդեօք Ս. Մեսրոբէն առաջ հայ ազգը ունեցած չէ՞ տառեր, գրեր, կամ ո՛եւէ ձեւով նշաններ, որոնցմով կարող ըլլար արտագրել եւ փոխանցել յաջորդներուն իր մտածուններն եւ զգացումները: Կարելի՞ է մտածել, թէ հայ ժողովուրդը այնքան դարերէ ի վեր գոյութիւն ունեցող, անընդհատ շփումի մէջ Ասորեստանեայց, Պարսից, Ասորւոց, Յունաց, Հռովմայեցւոց եւ ուրիշ զարգացած ազգերու հետ, անոնցմէ փոխ առած չըլլայ զարգացման ու քաղաքակրթութեան ամենէն տարրական բանը: Կարելի՞ է երեւակայել, թէ մեր Տիգրանները, Արտաշէսները, Տրդատները, ո՛չ միայն աշխարհակալ՝ այլ եւ ուսումնասէր, կրթասէր եւ հելլէնասէր թագաւորներ, - որոնք իրենց դրացի երկիրներէն Հայաստան բերեր մուծեր էին անոնց կիրթ սովորութիւնները, երգերը, թատերական ներկայացումները, կրօնական պաշտամունքը, անոնց արուեստները, եւ այլն, - անտեսած ըլլան միայն գիրը՝ գրականութիւնը, որով միայն պիտի կրնային յաւերժացնել իրենց պանծալի արարքները: 

Արդի հայ եւ օտար բանասէրներէն ոմանք կ՚ենթադրեն, թէ անկասկած ունեցած ըլլալու ենք ո՛եւէ այբուբեն մը, սեմական տառերու վրայ ձեւուած, թերեւս միայն բաղաձայններէ կազմուած, եւ փոխանակ ձայնաւորներու կէտերով կամ նշաններով բացատրուած, եւ այլն: Ուրիշներ կը կարծեն՝ թէ մերինները պահլաւ կամ զանդիկ եւ կամ տիւրանեան կոչուած տառերը գործածած ըլլան, կամ ուրիշ ո՛եւէ ձեւով գրեր՝ հայկական հնչունները արտաբերող եւ անոնց նման զանազան կարծիքներ, որոնցմէ եւ ոչ մին գոհացուցիչ է: Այսչափը սակայն անտարակոյս է, որ մեր ազգը՝ իրեն յատուկ տառեր չունենալով՝ ստիպուած եղեր է կամ դրացի եւ կամ տիրապետող ազգերուն լեզուն եւ գրերը գործածել քաղաքական եւ դիւանագիտական խնդիրներուն համար, ինչպէս, օրինակ. պարսկերէն եւ յունարէն, իսկ քրիստոնէութենէն վերջը եկեղեցական պաշտամանց համար՝ ասորերէն լեզուն եւ տառերը: Բայց այդ յիշեալ լեզուներէն եւ ո՛չ մէկուն տառերով կարելի էր երբեք գրել եւ առոգանել հայ լեզուն, ինչպէս ցոյց կու տայ Դանիէլեան կոչուած նշանագրերուն փորձը: Այս մասին բնականաբար մեր Ե. դարուն հեղինակները պիտի կրնային չափով մը լոյս տալ մեզի. եւ սակայն, անոնք չափազանց լուռ, տարտամ եւ անորոշ են: Կորիւն, ամենէն վստահելի եւ լուրջ պատմիչը, ո՛եւէ ակնարկ չ՚ըներ այս նկատմամբ: Խորենացին, որ միայն եօթը ձայնաւորներուն գիւտը կ՚ընծայէ Ս. Մեսրոբի, կը թուի հաստատել, թէ բաղաձայն տառերը ունէինք արդէն: Իսկ Փարպեցին կ՚ըսէ, թէ անոր համար մանաւանդ կու լար՝ կը տառապէր երանելին Մաշթոց, որովհետեւ լսած էր թէ «գոն նշանագիրք հայերէն լեզուոյս». ասով թերեւս Դանիէլեան նշանագրերը կ՚ակնարկէ: Միով բանիւ, երեք պատմիչներն ալ կը միաբանին թէ՝ Վռամշապուհ տեսեր կամ լսեր էր, որ Դանիէլ անունով ասորի եպիսկոպոսի մը քով կային հայկական տառեր: Թագաւորին հոգածութեամբ Հայաստան բերուեցան այդ գրերը, որ առջի բերան անհուն հրճուանք պատճառեցին մերիններուն, յուսալով պահ մը հասած ըլլալ նպատակնուն: Սակայն երկամեայ փորձը ցոյց տուաւ, թէ գոհացուցիչ չէին անոնք, չկրնալով արտաբերել բոլոր հնչումները եւ կապել վանկերը հայ լեզուին, ինչպէս կ՚ըսէ Կորիւն. «Չեն բաւական նշանագիրքն՝ ողջ ածել զսիւղոբայս եւ զկապս հայերէն լեզուոյն»… («Բազմավէպ», 1843-1935 սեպտ.-դեկտ. Թ. 9-12, Վենետիկ - Ս. Ղազար, էջ 297-298):

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

Վաղարշապատ

Շաբաթ, Մարտ 7, 2026