ՓՈՒՉԻԿԸ

«Ես հայ ազգն եմ ներկայացնում», ըսաւ մարդ մը Հայաստանի տարբեր մարզերուն, գիւղերուն ու քաղաքներուն մէջ շրջող, մարդոց հետ շփումներ ունեցող, զանոնք շատ յաճախ նկարող եւ ըստ յարմարութեան՝ հրապարակող մեր վարչապետին: 

«Դուք կարող էք միա՛յն դուք ձեզ ներկայացնել. հարիւր հազարաւոր հայ ազգը մենակ ե՛ս եմ ներկայացնում, քանի որ նրանք ի՛նձ են ընտրել…», պատասխանեց ան: 

Որքան ճիշդ թուացող, բայց երբե՛ք իրականութիւնը չըսող նախադասութիւն: 

Իսկապէս մեր ժողովուրդին ընտրա՞ծն է մեր վարչապետը: 

Սուտը հնարողը անոր կը հաւատայ, պէ՛տք է հաւատայ, որ զայն կարենայ շարունակել, որ կարենայ իր խմբակը տեղէ-տեղ փոխադրող հանրաշարժին մէջ «փարթի» ընել, անոր նեղ-նեղ միջանցքին ու աթոռներուն մէջտեղ պարել ու ցատկռտել:

Ինչու չէ՞. իրենց ընտրող հայ ազգը ներկայացնողներն են անոնք: 

Չեմ գիտեր՝ տեսա՞ք, թէ չէ, դպրոց չունենալէն դժգոհ մարալիկցիներուն վրայ խի՛ստ զայրացաւ մեր վարչապետը. «տօ երեսուն տարի բան չեն սարքել՝ լա՛ւ են արել» ըսաւ ան եւ՝ «մեղաւորը մե՛նք ենք, որ 600 միլիոնի դպրոցներ ենք սարքում, յետոյ էլ ասում էք դպրոց չունենք…», մարդոց այպանեց ան:

Եթէ մէկ հատը մինչեւ վերջ դիտէք, ետեւ-ետեւի միւսերն ալ կը յայտնուին ձեզի չքնաղ այս տեսանիւթերուն. խելացի են մեր հեռաձայնները, գիտէ՛ք, շուտով կը հասկնան, թէ ի՛նչով հետաքրքրուած էք դուք: 

Շատեր հետաքրքրուած չեն, գիտե՛մ: Շատեր անոր խօսածներուն, ըրածներուն, ժպիտներուն ու սրտիկներուն «չեմ դիմանար» կ՚ըսեն:

Կը հասկնամ, իրօք, բայց ես «կը դիմանամ»: 

Կ՚ուզեմ գիտնալ, թէ ո՞ւր պիտի հասցնեն մեզ այս «շոու»ները, բացի երգ ու երաժշտութենէ՝ ամէն ինչ նուագող մեր երիտասարդաց նուագախումբերը, թմբուկները, «ուր որ գնաս, հետդ կը գամ»ները… Շատ չմնաց գիտնալու, թէ ո՛վ, որուն հետ, ո՛ւր պիտի երթայ: 

«Հայաատանի Հանրապետութիւնից բարձր ո՛չ մի բան չի կարա լինի» յայտարարող մեր վարչապետին կանայք ալ կը մօտենան, մօտեցան. անոնցմէ մէկուն՝ ղարաբաղցիին տուն տանելիք տոպրակները, տեսախցիկներուն դիմաց անոր հետ բարի-բարի զրուցելով շալկեց ան, չեմ գիտեր քանիերորդ յարկը ոտքով բարձրացաւ ու այդ ծա՜նր ապրանքները յանձնեց տնեցիներուն: 

Այս շրջանին անհրաժեշտ ցուցադրութիւններ են ասոնք՝ աժան եւ «մատչելի»: 

Իր կորուստներուն ցաւերէն կքած, բայց ազնուութիւնն ու քաղաքավարութիւնը երբե՛ք չկորսնցուցած ալեհեր կին մըն ալ արցունքոտ աչքերով՝ «ո՞վ է մեղաւորը», հարցուց հայ ազգը ներկայացնող մեր վարչապետին.

«Դատարան կայ», ըսաւ ան, եւ «մենք պէտք ա գնանք» ըսելով դուրս ելաւ կնոջ խանութէն:

Վարչապետին տեսերիզներու քննարկումի չեմ ուզեր վերածել գրածս, բայց անոր ներակայացուած խնդրանք մը եւս կ՚ուզեմ արձանագրել այստեղ. 

«Երեք տղայ ունեմ, ուզում եմ ամուսնացնեմ», ըսաւ երիտասարդ, կայտառ կին մը մեր վարչապետին, որ լուռ մնաց՝ պատմութեան շարունակութիւն մը ակնկալելով. 

«Ամուսնացնելու ծրագիր չունէ՞ք», հարցուց կինը շա՛տ, իրօ՛ք շատ լուրջ: 

«Ի՞նչ ծրագիր էք ուզում», զարմացաւ վարչապետը:

«Երեք տղաներիս էլ ուզում եմ ամուսնացնեմ» կրկնեց կինը եւ վարչապետին հարցուց, թէ իր աղջիկներէն մէկը կ՚առաջարկէ՞ իր տղաներուն… 

«Սա իրենց որոշումն է», ժպտալով ըսաւ վարչապետը եւ հեռացաւ: 

Անբան, խաւարամիտ, բայց՝ յանդուգն մտածելակերպով այս կինը մեր՝ հայ ազգէն բացառութի՞ւն մըն է, թէ մի՛շտ ալ գոյութիւն ունեցած եւ ունեցող ո՛չ արհամարհելի զանգուած:

Հոգեմտաւոր ինչպիսի՞ ենթահող, պատրաստուածութիւն (իսկութեան մէջ՝ ո՛չ պատրաստուածութիւն) կրնայ մարդ մը, առաւել եւս՝ կին մը հո՛ս, աս յատակները հասցնել. կը հարցնե՛մ: 

Այսպիսիները, իրենց տղաները ամուսնացնելու համար ծրագիր ակնկալող մարդիկ, որքանո՞վ կրնան որոշել, կողմնորոշել, փոխել, հակառակ դարձնել, Հայաստանի Հանրապետութեան գալիք ընթացքը: 

Ինչո՞ւ մեծցանք, դաստիարակուեցանք այնպէս, որ մեզի համար ո՛չ միայն խորթ, այլեւ՝ անընդունելի եւ վիրաւորակա՛ն է այսպիսիներուն ըլլալը: 

Աշխարհի բոլոր ազգերուն նմանութեամբ, մենք ալ սովորական ազգ մը չե՞նք: Բոլոր ազգերուն բոլոր խաւերը բարձրորակ կրթութեան ու մտածելակերպի տէր չեն, անկասկած, անոնց մէջ ալ անպայմանօրէն կան իրենց տղաները ամուսնացնելու համար ձրի ծրագիր մը ակնկալող ու հանրութեան մէջ, տեսախցիկներուն դիմաց պետութեան վարչապետին աղջկան ձեռքը խնդրող մայրեր… 

Իրօք կա՞ն, թէ մեր մենաշնորհն է աս… 

44-օրեայ պատերազմէն վերջ, ինքնագովութեան, մեծամտութեան, անտեղի հպարտութեան ու անիմաստ գոռոզութեան՝ բոլորիս մտքերուն մէջ ու լեզուներուն վրայ ուռճացող դարերու մեր փուչիկը պայթեցաւ, գիտե՛մ: Անթերի, անսխալական, անպակաս, մի՛շտ իտէալական, անբասիր, պատուաւոր, ճշմարիտ, արդար, ողջախոհ ու հայրենանուէր մեր «հայու» իրականութիւնը խոցուեցաւ՝ խորապէս, ամենախորունկ մեր սրտերուն մէջ նետուած անոր յատակներէն: 

Այո՛, ուշացած այս ինքնաճանաչման դառն այս զգացումը ես ալ ապրեցայ, ամիսնե՜ր չարչարուեցայ, մեզ սնող սուտերով լուռ տանջուեցայ, միտքս, սիրտս աճեցնող մեծերուս չափ՝ ինքզինքս ալ խարազանեցի, վշտահար՝ մեղադրեցի, սթափեցայ ու բոլորովին այլ՝ վիրաւոր, բայց վերապրող սրտով սկսայ դիտել շուրջս… եւ տեսայ, շա՜տ բան տեսայ, կարծելով, որ աս տեսածներս են չգիտցածներս ու չյուսացածներս… 

Հայաստանի քարտէսը իր կուրծքին վրայ կրող մեր վարչապետը իր գրպանէն քարտէս մը եւս հանեց եւ ուրախութեամբ հետը նկարուող մանուկին կուրծքէն կախեց.

«Քեզ Հայաստա՛նն եմ նուիրում», ըսաւ ան մանուկին: 

Երանի՜ սխալած ըլլամ, բայց կը թուի այնպէս, որ զիս, մեզ սպասող, պարարտացող փուչիկ մը եւս կայ, որ պիտի պայթի շուտով…

ՍԵՒԱՆ ՍԵՄԷՐՃԵԱՆ

Գահիրէ

Երկուշաբթի, Մարտ 9, 2026