170-ԱՄԵԱԿԻ ՑՈՒՑԱՀԱՆԴԷՍ - ԵՐՈՒԱՆԴ ՇԱՀԱԶԻԶ. ԱՅՆ ՄԱՐԴԸ, ՈՐՈՒ ՋԱՆՔԵՐՈՎ ՀԻՄՆՈՒԵՑԱՒ ՀԱՅ ՄԵԾԵՐՈՒ ՀՈԳԵՒՈՐ ՏՈՒՆԸ

«Եղիշէ Չարենց» գրականութեան եւ արուեստի թանգարանին մէջ բացուած է ժամանակաւոր ցուցադրութիւն մը՝ նուիրուած նշանաւոր պատմաբան, գրականագէտ, ազգագրագէտ եւ թանգարանային գործի նուիրեալ Երուանդ Շահազիզի ծննդեան 170-ամեակին։ 

Շահազիզ եղած է այս թանգարանի առաջին տնօրէնը եւ այն անհատներէն մէկը, որոնց անձնական եռանդն ու տեսլականը վճռական դեր խաղացին հայ մշակոյթի կարեւորագոյն հաստատութիւններէն մէկուն ձեւաւորման մէջ։

Հայ մշակոյթի պատմութեան մէջ քիչ են այն անունները, որոնց ծառայութիւնը չի սահմանափակուիր գրական կամ գիտական ստեղծագործութեամբ միայն։ Կան մարդիկ, որոնք իրենց ամբողջ կեանքով կը ծառայեն ազգային յիշողութեան պահպանութեան գործին՝ գիտակցելով, որ ժողովուրդ մը կը շարունակէ ապրիլ ո՛չ միայն իր ներկայի ուժով, այլ նաեւ իր անցեալի յիշողութեամբ։ Անոնք կը դառնան մշակութային ժառանգութեան պահապաններ՝ մարդիկ, որոնք կը հաւաքեն, կը պահպանեն եւ կը փոխանցեն սերունդներուն այն վաւերագրերը, ձեռագրերը եւ յուշերը, որոնց մէջ ամփոփուած է ամբողջ ժողովուրդի հոգեւոր կենսագրութիւնը։

Այդպիսի երախտաւորներու շարքին առանձնայատուկ տեղ կը գրաւէ Երուանդ Շահազիզ։ Ան այն մարդն էր, որ խորապէս կը հասկնար, թէ որքա՛ն փխրուն է մշակութային յիշողութիւնը եւ որքա՛ն հեշտ կրնայ կորսուիլ ժամանակի յորձանքին մէջ, եթէ չըլլայ գիտակցուած եւ կազմակերպուած ջանք՝ զայն պահպանելու համար։ 

Իր երկարամեայ գործունէութեամբ Շահազիզ ուսումնասիրեց հայ մշակոյթի ու պատմութեան էջերը, ապա նաեւ ստեղծեց այն հաստատութիւնը, ուր այդ էջերը պիտի պահպանուէին իբրեւ կենդանի վկայութիւններ։

Այսօր Երեւանի սրտին մէջ կանգնած «Եղիշէ Չարենց» Գրականութեան եւ արուեստի թանգարանը հայ մեծերու հոգեւոր տունն է։ Այստեղ հանգրուանած են մեր գրականութեան, արուեստի եւ մտաւոր կեանքի մեծանուն ներկայացուցիչներու ձեռագրերը, նամակները, անձնական իրերը եւ ստեղծագործական ժառանգութիւնը։ 

Շահազիզ կը պատկանի այն սերունդին, որուն համար գիտական աշխատանքը ազգային ծառայութեան ձեւ մըն էր։ Իր աշխատասիրութեամբ ան հաւաքեց եւ համակարգեց այնպիսի հարուստ նիւթեր, որոնք գուցէ ցիրուցան կորսուէին ժամանակի մէջ։

Այսօր, երբ կը նշուի անոր ծննդեան 170-ամեակը, կազմակերպուած ցուցահանդէսը ո՛չ միայն յարգանքի տուրք մըն է մեծ գիտնականի յիշատակին, այլ նաեւ առիթ՝ վերարժեւորելու այն աշխատանքը, որուն շնորհիւ հայ մշակոյթի մեծանուն ներկայացուցիչներու ժառանգութիւնը դարձաւ մէկ տունի մէջ պահուող ամբողջական հաւաքածոյ։ Թանգարանը ստեղծուած օրէն հարիւրաւոր հետազօտողներու առջեւ կը բանայ իր դռները եւ իր դարակներու հարստութիւնը կը դնէ սերունդներուն առջեւ։ 

1856 թուականի յունուարի 13-ին ծնած Աշտարակ քաղաքը, այն ժամանակուան Երեւանի նահանգին մէջ, Երուանդ Շահազիզ (Շահազիզեան) իր կեանքի երկար ուղին անցաւ կրթութեան, գիտութեան եւ ազգային ծառայութեան մէջ։ 

Եղբօրորդին է հայ նշանաւոր բանաստեղծ Սմբատ Շահազիզի եւ դեռ երիտասարդ տարիքէն ներշնչուած էր հայ գրականութեան ու պատմութեան հանդէպ սիրով։

1870 թուականին Երուանդ Շահազիզ աւարտեց Երեւանի գաւառական դպրոցը, ապա մեկնեցաւ Մոսկուա եւ ուսանեցաւ Լազարեան ճեմարանի՝ այն ժամանակուայ ամենահեղինակաւոր հայկական կրթական օճախներէն մէկուն մէջ։ Այստեղ ձեւաւորուեցաւ անոր գիտական մտածողութիւնը եւ ամրապնդուեցաւ հայ մշակոյթը գիտական ձեւով ուսումնասիրելու ձգտումը։

ՄԱՆԿԱՎԱՐԺ ՄԸ՝ ԱՄԲՈՂՋ ԿԵԱՆՔԻ ՀԱՄԱՐ

1882 թուականէն սկսեալ Շահազիզ երկար տարիներ ծառայեց կրթական գործին։ Ան աշխատեցաւ Նոր Նախիջեւանի թեմական դպրոցէն ներս՝ որպէս ուսուցիչ, տեսուչի օգնական եւ ապա՝ տեսուչ։ 

Գրեթէ քառասուն տարի շարունակուող այս մանկավարժական գործունէութիւնը կրթեց նոր սերունդներ, նաեւ սնուցեց գիտնականի հետաքրքրութիւնը հայ գաղութներու պատմութեան եւ կենցաղին նկատմամբ։

Այս տարիներուն ան սկսաւ գրել պատմական եւ բանասիրական ուսումնասիրութիւններ։ Առաջին կարեւոր գործերէն մէկը եղաւ Միքայէլ Նալպանտեանին նուիրուած ուսումնասիրութիւնը՝ «Միքայէլ Ղազարեան Նալպանտեանց» (1897)։ Յետագային հրատարակեց նաեւ «Նոր Նախիջեւանը եւ նորնախիջեւանցիք» եւ «Պատմական պատկերներ» աշխատութիւնները, որոնք մինչեւ այսօր կը նկատուին արժէքաւոր պատմագիտական աղբիւրներ։ Յետագային լոյս տեսան նաեւ այլ գործեր, գրեց նաեւ հին Երեւանի մասին, ինչպէս նաեւ՝ իր յիշողութիւնները յանձնեց թուղթին։ 

ՏՈՆԻ ՌՈՍՏՈՎԻ ՇՐՋԱՆԸ ԵՒ ԱԶԳԱՅԻՆ ԾԱՌԱՅՈՒԹԻՒՆԸ

Ռուսական կայսրութեան փլուզումէն եւ պատերազմի տարիներէն ետք Շահազիզ տեղափոխուեցաւ Տոնի Ռոստով, ուր ուսուցիչ եղաւ աշխատաւորական դպրոցին մէջ եւ միեւնոյն ժամանակ վարեց տեղւոյն հայկական թանգարանը։

Այդ տարիներուն ան նաեւ խմբագրական գործունէութիւն ծաւալեց՝ գրող Ռուբէն Պէրպէրեանի հետ հրատարակելով «Հայ համայնք» շաբաթաթերթը։ Այս թերթը փորձ մըն էր պահպանելու ազգային կեանքը եւ մշակութային կապերը՝ փոփոխութիւններով լեցուն ժամանակաշրջանին մէջ։

ԵՐԵՒԱՆ՝ ՆՈՐ ԱՌԱՔԵԼՈՒԹԵԱՄԲ

1922 թուականը դարձաւ շրջադարձային Շահազիզի կեանքին մէջ։ Նշանաւոր նկարիչ Մարտիրոս Սարեանի հրաւէրով ան տեղափոխուեցաւ Երեւան՝ մասնակցելու Հայաստանի պետական թանգարանի ստեղծման գործին։

Նորաստեղծ այս գործին մէջ ստանձնեց գրական եւ պատմական բաժիններու ղեկավարի պարտականութիւնը, սակայն, իրականութեան մէջ, սկսաւ շատ աւելի մեծ առաքելութեան մը՝ հայկական գրական ժառանգութեան համակարգուած հաւաքումը։

Շահազիզ Հայաստան եկաւ հարուստ արխիւային նիւթերով։ Իր հետ բերած հաւաքածոները դարձան այն հիմքը, որուն վրայ ստեղծուեցաւ Հայաստանի Գրական թանգարանը՝ այն հաստատութիւնը, որ այսօր կը ճանչցուի որպէս «Եղիշէ Չարենց» գրականութեան եւ արուեստի թանգարան։

Շահազիզ դարձաւ թանգարանի առաջին տնօրէնը եւ պաշտօնավարեց մինչեւ 1930 թուականը։ Ան մեծ եռանդով սկսաւ հաւաքել հայ մեծերու ձեռագրերը, նամակները եւ անձնական փաստաթուղթերը։

Թանգարան բերուեցան Նոր Նախիջեւանի գաւառագիտական թանգարանի եւ Լազարեան ճեմարանի հաւաքածոները։ Ձեռք բերուեցան Միքայէլ Նալպանտեանի, Խաչատուր Աբովեանի, Պետրոս Ադամեանի եւ Մուրացանի հարուստ արխիւները։

Շահազիզ նաեւ կարողացաւ իր շուրջ համախմբել ժամանակի նշանաւոր մտաւորականները՝ Ստեփան Լիսիցեանը, Հրաչեայ Աճառեանը, Երուանդ Լալայեանը, Գարեգին Լեւոնեանը եւ Ցոլակ Խանզադեանը, որոնք իրենց անձնական արխիւները յանձնեցին թանգարանին։

Իրենց ձեռագրերը նուիրեցին նաեւ գրականութեան մեծ անուններէն Նար-Դոսը, Շիրվանզատէն եւ Պերճ Պռոշեանը։

Այս բոլորը տեղի ունեցան ո՛չ թէ պատահականօրէն, այլ Շահազիզի անձնական կապերուն, համոզիչ խօսքին եւ ազգային գիտակցութեան շնորհիւ։ Շահազիզի ունեցած սերտ կապերուն շնորհիւ մշակութային գործիչներու ժառանգներն ալ իրենց մօտ պահուած թանկարժէք վաւերագրերը, ձեռագիրները եւ յուշական իրերը վստահաբար կը յանձնէին թանգարանին՝ գիտնալով, թէ անոնք հոն պիտի պահպանուէին որպէս ազգային ժառանգութիւն։

Իր ջանքերով ստեղծուած այդ թանգարանը այսօր ոտք կը դնենք երկիւղածութեամբ եւ ակնածանքով՝ գիտնալով, որ հայ մեծերը այստեղ կը խօսին մեզի հետ ժամանակի խորքէն։

ԹԱՆԳԱՐԱՆԻ ՀԱՐՍՏԱՑՈՒՄԸ

Թանգարանի հիմնադրութեան պատմութիւնը ներկայացնելով՝ Երուանդ Շահազիզին նուիրուած ցուցադրութեան համադրող, «Եղիշէ Չարենց» թանգարանի գիտական քարտուղար Մարինէ Հարոյեան կը յիշեցնէ, որ սկզբնական շրջանին ձեռք բերուած են նախ Միքայէլ Նալպանտեանի եւ Յարութիւն Ալամդարեանի արխիւային նիւթերը, ապա նաեւ Խաչատուր Աբովեանի եւ Պերճ Պռոշեանի փաստաթուղթերը, ձեռագիրները, այլ նիւթեր։

Թանգարանի աշխատողները իրենց յամառ ջանքերով հասան այն բանին, որ գրողներու եւ մշակութային գործիչներու մեծ մասը իրենց կենդանութեան օրերուն իսկ սկսան թանգարանին նուիրել իրենց անձնական իրերն ու արխիւները։ 

Այսօր թանգարանին մէջ միայն գրական ֆոնտերուն մէջ կը պահուին աւելի քան 500 հազար անձնական արխիւային նիւթեր, իսկ ամբողջ հաւաքածոներու ընդհանուր թիւը կը մօտենայ երկու միլիոնի։

ՅԻՇԱՏԱԿԻ ՑՈՒՑԱԴՐՈՒԹԻՒՆԸ

Շահազիզի ծննդեան 170-ամեակին նուիրուած ցուցադրութիւնը կը ներկայացնէ անոր բազմակողմանի գործունէութիւնը՝ հասարակական, գիտական եւ գրեթէ քառասունամեայ մանկավարժական աշխատանքը։

Ցուցադրութեան մէջ տեղ գտած են տասնեակներով վաւերագրեր՝ տօնական ուղերձներ, ինքնագիր նամակներ, լուսանկարներ եւ այլ պատմական նիւթեր։ Ընդհանուր առմամբ ներկայացուած են աւելի քան յիսուն ցուցանմոյշներ։

Յատկապէս ուշագրաւ է առաջին անգամ ցուցադրուող մէկ գործ՝ նշանաւոր նկարիչ Գէորգ Բաշինջաղեանի հեղինակած ճեպանկարը, որուն դարձերեսին պահպանուած է նկարի ստեղծման պատմութիւնը: 

Մէկ ամիս տեւող այս ժամանակաւոր ցուցահանդէսը գեղեցիկ առիթ մըն է, մա՛նաւանդ երիտասարդ սերունդին համար, վերագտնելու եւ արժեւորելու հայ մշակոյթի այս մեծ գործիչը։

Երուանդ Շահազիզ մահացած է 1951 թուականին, Երեւանի մէջ, 95 տարեկանին։

ԱՇՏԱՐԱԿԻ ՊԱՏՄԱԳԻՐԸ

Երուանդ Շահազիզը իրաւամբ կարելի է բնորոշել իբրեւ Աշտարակի նորօրեայ պատմագիր։ Անոր գրած «Աշտարակի պատմութիւնը» Աշտարակի պատմական անցեալն ու ներկան կապող կոթող մըն է։ Հեղինակը ինք իր համեստ, բայց բովանդակալից առաջաբանին մէջ գիրքը կը կոչէ «երկասիրութիւն»․ սակայն այս բառը, որքան ալ ճշգրիտ, թերեւս ամբողջովին չի բացատրեր աշխատութեան լայն ընդգրկումն ու խորութիւնը։

Այս գիրքը կարելի է դիտել միաժամանակ որպէս պատմական վաւերագիր, հայրենագիտական մանրակրկիտ հետազօտութիւն եւ սիրով գրուած ուղեցոյց մը, որ ընթերցողը կը տանի Հայաստանի ամենահին ու խորհրդաւոր բնակավայրերէն մէկուն՝ Աշտարակի անցեալի խորքերը։ 

Իր հմայիչ շարադրանքով եւ հարուստ փաստագրութեամբ զայն կը կարդացուի մեծ հաճոյքով։ «Աշտարակի պատմութիւնը» տպագրուած է 1982 թուականին՝ Երեւանի «Հայաստան» հրատարակչութենէն։ 

Շահազիզ իր հայրենի քաղաքի պատմութեան վրայ աշխատած է աւելի քան քառորդ դար։ Ան համբերատար կերպով թերթած է հայագիտական մեծածաւալ գրականութիւն, ուսումնասիրած ձեռագիր յիշատակարաններ եւ, երբ անհրաժեշտ համարած է, դիմած է այն հին աշտարակցիներուն, որոնց պայծառ յիշողութիւնը դեռ կը պահպանէր անցեալի դէպքերն ու դէմքերը։ Այդ վկայութիւնները ան խառնած է իր մանկութեան տպաւորութիւններուն եւ անձնական յուշերուն հետ՝ ստեղծելով պատմական նկարագիր մը, ուր գիտական ճշգրտութիւնը կը միախառնուի կենդանի յիշողութեան ջերմութեան։ Գիրքը հարուստ է նաեւ պատկերագրական նիւթերով։ Երկար շարքով ներկայացուած են Աշտարակի նշանաւոր անձանց լուսանկարները, ճարտարապետական յուշարձանները, փողոցներն ու թաղամասերը։ Այս պատկերները կը լրացնեն պատմական պատումը՝ ընթերցողին աչքին առջեւ վերակենդանացնելով քաղաքի անցեալը։

Ութսունամեայ հասակին Շահազիզ կրկին վերանայած է իր կուտակած հարուստ նիւթերը՝ շուրջ երեք տասնամեակի ընթացքին հաւաքուած փաստերը դասաւորելով նոր եւ վերջնական համակարգի մէջ։ Երուանդ Շահազիզի այս գործը դարձած է նաեւ ոգեշնչման աղբիւր անոնց համար, որոնք կը հետազօտեն կամ կ՚ուսումնասիրեն Հայաստանի միջնաբերդերն ու քաղաքակրթական ժառանգութիւնները, ինչպէս նաեւ տեղական ինքնութեան ու մշակութային շարունակականութեան խնդիրները։

ՅՈՒՇԱԳԻՐԸ

Երուանդ Շահազիզը նկարիչ Վարդգէս Սուրէնեանցի մտերիմ ընկերներէն մէկն էր․ ան յուշագրութիւն գրած է հայ մեծերուն մասին, որոնց մէջ են նաեւ Վարդգէս Սուրէնեանցի մասին իր յուշերը։ Կը ներկայացնենք հատուած մը։

*

Մեր առաջին դասարանը բարձր առաստաղով ընդարձակ եւ լուսաւոր սենեակ մըն էր ճեմարանի ստորին երեք դասարաններու շարքին մէջ, որուն լուսամուտները փողոցին կը բացուէին։ Մօտ երեսունէն քառասուն աշակերտ նստած էին՝ ըստ իրենց հասակի բարձրութեան եւ տարիքի։ Մեզմէ բոլորը գրեթէ հասակակից էին, բացի ինձմէ եւ մէկ տղայէ, որ քահանայի որդի էր եւ եկած էր Սիմֆերոպոլէն։ Ան ալ տարիքով մեծ էր եւ գիտութեամբ քիչ պակասաւոր, ինչպէս ես. հանգամանք մը, որ մեզ բախտակից կը դարձնէր, կը մօտեցնէր իրարու եւ համակրել կու տար իրարու։

Զարմանալի տղայ մըն էր ան, որուն անունը Վարդգէս էր, ազգանունը՝ Սուրէնեանց։ Ան չէր գիտեր տղայական չարութիւններ ընել, աշխոյժ վազվզել կամ խաղալ։ Ընդհակառակը՝ ծանրաբարոյ էր, դանդաղ եւ անսահման համբերող, բարի, պարկեշտ ու խոնարհ բնաւորութեամբ։ Իր այսպիսի նկարագրին համար բոլորը կը սիրէին զինք, երբեմն ալ կատակներ կ՚ընէին անոր հետ եւ կը փորձէին զայրացնել, բայց չէին յաջողիր։ Ան ամէն բանի համբերութեամբ կը դիմանար եւ կը պատասխանէր բարի ժպիտով։ Այդ պատճառով ալ սովորութիւն դարձուցած էին զինք կոչել «փաստա»՝ այսինքն դանդաղ, դժուարաշարժ, անզգայ։ Բայց այդ աւելորդ անունը երբեք չէր բարկացներ զինք։

Ռոստովի մէջ երկար ժամանակ միասին ապրեցանք, մինչեւ որ ան մեկնեցաւ Արմաւիր։ 

Օրը մշուշապատ էր, եւ մեղմ անձրեւ կը տեղար։ Ան կը պատրաստուէր ճամբորդութեան։ Երկուքս ալ տխուր էինք՝ օրուան եղանակին նման։ Լուռ ու մունջ նստանք ճաշելու։ Երբ մէկ-մէկ բաժակ քաղցրահամ յունական՝ Նախիջեւանի մէջ շատ ընդունուած սանթուրին գինի խմեցինք, լեզուներս կամաց-կամաց բացուեցան։

«Ես շատ թափառած եմ օտար հորիզոններու տակ, շատ տառապած եւ յոգնած եմ։ Արդեօք օր մը լուսոյ աստղ մը պիտի ծագի՞, որպէսզի մենք ալ կարենանք խաղաղ ու հանդարտ ապրիլ, թեկուզ հացով ու ջուրով, վայելել մեր հովն ու զովը, կշտանալ մեր հալալ հացով։ Արդեօք մեր տառապանքներուն վերջ պիտի ըլլա՞յ»,- աչքերը երկինք յառած հարցուց Վարդգէսը։

Օրը արդէն երեկոյ կը դառնար։ Ան ոտքի ելաւ երթալու եւ խնդրեց, որ չերթամ զինք ճանապարհելու, որովհետեւ չէր սիրեր այդպիսի հրաժեշտներ։ Մենք գրկախառնուեցանք։ Ես տաք արցունքներով թրջեցի անոր երեսը։ Ան մեկնեցաւ։ Ես այլեւս չտեսայ զինք, աչքէս կորսուեցաւ եւ այլեւս երբեք կենդանի չգտայ։

Անցաւ որոշ ժամանակ։ Յետոյ տեղեկացայ, թէ ան ընդունած է Պաքուի ունեւոր Ղուկասեաններու պատուէրը՝ նկարազարդելու համար Եալթայի մէջ կառուցուող իրենց եկեղեցին, եւ այդ նպատակով մեկնած է Խրիմ։ Սակայն այնտեղ ան հիւանդացած է եւ մահացած՝ 1921 թուականի ապրիլ 6-ին։

ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Երեւան

Երեքշաբթի, Մարտ 10, 2026