ՊԱՀՔԻ ԸՄԲՌՆՈՒՄԸ
Եկեղեցին ունի իւրայատուկ պատուիրաններ՝ որոնք իրենց տեղը կը գրաւեն հոգեւոր-բարոյական կեանքի ուղեգծով, որ կապուած է ծիսական կեանքին եւ անով կը սնանի։ Հովուական իշխանութիւններու կողմէ հրահանգուած դրական օրէնք եւ կանոններուն ստիպողական հանգամանքը իբրեւ նպատակ ունի հաւատաւոր հաւատացեալներուն աղօթքի հոգիին եւ հոգեւոր բարոյական վաստակին մէջ ապահովելու ի՛նչ որ նուազագոյն անհարժեշտ է Աստուծոյ եւ մերձաւորին եւ իր նմանին սիրոյն աճումին նկատմամբ։
Ահաւասիկ, այս պատուիրաններէն է՝ Եկեղեցիէն հաստատուած եւ ընդունուած ապաշխարութեան օրերուն, հաւատաւոր հաւատացեալներուն հրաժարիլը միսէ եւ ծոմ պահելը, ի՛նչ որ կը ճշդէ ճգնութեան եւ ապաշխարութեան ժամանակները՝ որոնք կը պատրաստեն հաւատացեալը ծիսական տօներուն եւ տրամադիր կ՚ընեն զայն ձեռք ձգելու հոգեկան տիրապետումը իր բնազդներուն վրայ, ինչպէս նաեւ սրտի եւ կամքի ազատութեան։
Պահքը, այս առումով, եթէ կրօնական արարք մըն է արտաքին ձեւով, իր խորքին մէջ Աստուծոյ երթալու պատրաստութիւնն է՝ առիթը հոգիի փրկութեան։ Մարդ արարածը իր աստուածային եւ մարդկային երկուութեամբ, մարմնական կեանքին համընթաց օժտուած է հոգեւոր կեանքով. ուստի ան ստեղծուած է իր Արարչին պատկերով եւ նմանութեամբ։ Այս իմաստով, հոգեւոր ապրումը, ահաւասիկ, արտացոլումը եւ արտայայտութիւնն է այս պատկերին եւ նմանութեան՝ որ մարդը կ՚առաջնորդէ աստուածբաղձութեան։
Հոգին կը փափաքի մենամարտիլ զօրաւոր մարմնի հետ, որ յատուկ է դիմադրութեան։ Եւ պահքը հոգին կը զօրացնէ այս մենամարտին մէջ եւ մարմնին ենթարկում կամ հոգիին ենթարկումը՝ վերածելով Աստուծոյ հետ միութեան։ Յիսուս իր խաչելութեամբ իրագործեց բարձրագոյն զոհողութիւնը, հասաւ Աստուծոյ եւ անմահացաւ։
Պահքը, արդարեւ, զոհողութիւն կը պահանջէ, քանի որ կարգ մը բաներէ զրկուիլ կը նշանակէ, սակայն, ասիկա մարդս կը տանի հոգեւոր բաւարարութեան։ Ան կը պահանջէ նաեւ ճիգ եւ հոգեւոր պայքար։ Այսօր, ընդհանրապէս, մարդիկ հոգեւոր իմաստով կը խուսափին ծանր ճիգերէ եւ զոհողութիւններէ, պարտականութիւններ ստանձնելէ, քանի որ փոքրացուցած են իրենց հոգեւոր կեանքի իտէալին սահմանը եւ զայն տեսած են միայն մարմնական աչքով։ Աւելի ճիշդ խօսքով՝ մարմնաւորած են հոգին՝ առանց յաջողելու հոգիացնել մարմինը։
Յուսահատութիւնը, աւելին՝ յուսալքումը կը սկսի մարդուն մէջ, երբ ան կը պզտիկցնէ իր իտէալը, կը թերահաւատի, ինքզինք անզօր կը զգայ եւ անկար, եւ վերջապէս առօրեային կապուած կը հրաժարի այն մեծ պայքարէն՝ որ ողբերգութիւնը եւ փառքն է մեծ կեանքերու։
Հաւատքը՝ անկարելի կարելի՛ն է։ Ո՛վ որ կը հաւատայ կարելիին՝ իմաստո՛ւն է, ով որ կը հաւատայ յաւիտենականին՝ մե՛ծ է, սակայն, ով որ կը յուսայ կարելի անկարելիին, մարդոց մէջ ամենէն կատարեալն է։ Ուստի, ամէն մարդ մե՛ծ է համաձայն իր սիրած առարկային։ Ո՛վ որ ինքզինք կը սիրէ՝ ինքզինք կ՚արժէ, ո՛վ որ իր ընկերը կը սիրէ՝ նուիրեալ մըն է, բայց ան՝ որ Աստուած կը սիրէ՝ սիրած կ՚ըլլայ ամբողջը։
Ուստի, Աստուած մարդուն էութեան բարձրագոյն սահմանին վրայ է։ Անոր հասնելով իր մարդկայինը իր լրութեան կը հասնի եւ կը մտնէ բարձրագոյն ոլորտին մէջ։
Բարձրագոյն ճակատագրին հոգը միակ առարկան է մարդկային միտքին…։ Եւ ահաւասի՛կ, Մեծ պահքը այս մտածումին վերապրումի շրջանն է. առիթ մը՝ ինքնազննութեան, ինքնաճանաչման, ինքնասրբագրումի եւ ինքնալուսաւորութեան։ Այս գաղափարէն հետեւցնելով, Մեծ պահքը մարդուս՝ Ադամ եւ Եւային նմանութիւնն է, ապրումներու կրկնութիւնն է, երբ անոնք արգիլուած ծառին պտուղը ուտելով անհնազանդ եւ անհաւատարիմ գտնուեցան իրենց Արարչին եւ իրենց փակուեցաւ դրախտը, զրկուեցան դրախտի բարիքներէն՝ այսօր ալ, զրկուելով կարգ մը աշխարհային բարիքներէ, եւ լայն առումով՝ «ուտել»է, մենք կ՚ապրինք անոնց կարօտութիւնները։ Արդարեւ, Ադամ եւ Եւա զրկուելով դրախտի բարիքներէն, Աստուծոյ ներկայութիւնը վայելելէ, Աստուծոյ եւ Անոր Արքայութեան կարօտով ապրեցան։
Եւ այսօր, մենք ալ օգտագործելով Մեծ պահքի առիթը՝ հասնինք Յիսուս Քրիստոսի Յարութեան…
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Մարտ 7, 2026, Իսթանպուլ