ԻՍԼԱՄԸ ՉԷ՛… ՄԱՐԴԿՈՒԹԻՒՆՆ Է

Վերջին մի քանի տասնամեակներու ընթացքին, մանաւանդ Միջին Արեւելքի դիմագրաւած դժուարութիւններն ու այդտեղ տեղի ունեցած անմարդկային ու գազանային անցուդարձերը նկատի ունենալով, մարդկութեան մէջ տարածուեցաւ այն համոզումը, որ իսլամը ոճրագործ ու չարագործ է։ Այս համոզումը ձեւաւորեց մամուլը, որ անդադար շեշտեց անոնց ծայրայեղական գաղափարները, լուսարձակի տակ առաւ ահաբեկչական գործողութիւնները եւ աշխարհը սկսաւ համոզուիլ, որ իսլամը չար է։ Անշուշտ, շատ մը իսլամ մտաւորականներ ու ներկայացուցիչներ այս երեւոյթին դէմ իրենց ձայնն ու կարծիքը բարձրացուցին, որովհետեւ աշխարհը մոռնալով տեղի ունեցող բոլոր անմարդկային երեւոյթները, շեշտը դրաւ իսլամին վրա, սակայն, այս բոլորը մտածել կու տայ հետեւեալին մասին, որ իսլամ ներկայացուցիչներու հիմնական հարցադրումներէն մէկն է. 

ա. Համաշխարհային Ա. պատերազմը՝ որ մի քանի միլիոն անմեղներ զոհեց, իրականութեան մէջ սկիզբ առաւ քրիստոնէական երկիրներու կողմէ։ Սկիզբը Հունգարիան պատերազմ յայտարարեց Սերպիոյ դէմ, ետքը Ռուսաստանը մէջ մտաւ պաշտպանելու, ապա Գերմանիան պատերազմ յայտարարեց Ռուսաստանի եւ ապա Ֆրանսայի դէմ եւ այսպէս շարքը կարելի է շարունակել եւ երկարել… Անշուշտ, իսլամական պետութիւններ եւս իրենց բաժինը գտան այս պայքարին մէջ եւ այսպիսով ստեղծուեցաւ Համաշխարհային Ա. պատերազմը։ Ի դէպ, Բ. պատերազմին ճակատագիրը եւս տարբեր չէր:

բ. Մարդկային պատմութեան մէջ մինչեւ օրս արձանագրուած ամենէն մեծածաւալ ցեղասպանութիւնը՝ հրեաներու կոտորածը տեղի ունեցաւ քրիստոնեայ պետութեան՝ Գերմանիոյ կողմէ՝ Հիթլերի գլխաւորութեամբ. կոտորած՝ որու ընթացքին զոհուեցաւ աւելի քան 11 միլիոն մարդ: 

գ. 18-րդ եւ 19-րդ դարերուն (20-րդ դարն ալ կարելի է ներառել) եւրոպական երկիրներու կողմէ կոտորուեցան Աւստրալիոյ բնիկ բնակիչները։ Վիճակագրական տուեալներու համաձայն՝ զոհուածներուն թիւը կը հասնի մի քանի միլիոնի. բռնութիւն, ճնշում ու ոճիր: 

դ. Մարդկային պատմութեան մեծագոյն ամօթներէն մին դարձեալ կատարուած է քրիստոնեայ պետութեան մը կողմէ. 1945 թուականին Ամերիկայի Միացեալ Նահանգները հիւլէականով հարուածեց Ճաբոնի Հիրոշիմա եւ Նակասաքի քաղաքները, որու հետեւանքով զոհուեցան աւելի քան 200 հազար անմեղներ: 

ե. Հիւսիսային Ամերիկայի բնիկ ժողովուրդի կոտորածը դարձեալ ձեռագործն էր եւրոպական երկիրներու. պատմական գնահատականներու համաձայն՝ զոհերու թիւը կարելի է նկատել աւելի քան 10-15 միլիոն: 

զ. Սպանացիներու եւ փորթուգալացիներու կողմէ բռնութեան, հիւանդութեան տարածման եւ այլ անմարդկային պատճառներով Հարաւային Ամերիկայի մէջ եւս միլիոնաւոր անմեղ սեւեր զոհուեցան: 

է. Քրիստոնեայ պետութիւնները իրե՛նք են, որ Ափրիկէի ժողովուրդը գերեվարելով ստրուկ դարձուցին. ծախեցին եւ աճուրդով աւելի քան 20 միլիոն ափրիկեցի տեղափոխեցին։ Ընթացքին բազմահազար մարդիկ մահացան՝ ներառեալ կիներ ու երեխաներ: 

Քրիստոնեայ պետութիւններն են, որ Ափրիկէի հարստութիւնը գրաւելով՝ մարդոց իրաւունքը յափշտակելով Եւրոպայի սեփականութիւնը դարձուցին եւ առաւելաբար այդ նոյն երկիրներն են, որ այսօր կը խօսին խիղճի, մարդասիրութեան եւ իրերօգնութեան մասին:

Ի դէպ, այդ յօդուածի հիմնական նպատակը քրիստոնեայ պետութիւններուն «չար» ըլլալը ցոյց տալ չէ. պարզապէս որոշ փաստերով համոզել է, որ չարութիւնը, բռնութիւնն ու ոճիրը կրօնով կարելի չէ պիտակաւորել. ո՛չ թէ իսլամը չար է, ո՛չ թէ քրիստոնեան չար է, այլ չար է մարդկութիւնը: Կրօններու այս տարբերութիւնը պարզապէս սեփական կրօնի «մեղք»ը ծածկելու ձեւ մըն է. տարբերութիւնը այն է, որ եթէ արաբական կամ նոյնիսկ եւրոպական երկիրի մը մէջ արաբ-իսլամներու կողմէ որոշ գործողութիւններ կարատուի, մամուլը այդ մէկը կը ներկայացնէ կրօնի անուան տակ։ Պատկերացուցէք հայ մը Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու մէջ մեղք մը գործէ, ոճիր մը գործէ եւ անոր գործողութիւնը տարածուի որպէս «քրիստոնէական ոճիր», բոլորիս համար անհեթեթ արտայայտութիւն մը պիտի ըլլայ այդ մէկը, սակայն, մենք նոյնը կ՚ընենք իսլամական կրօնի պարագային։ Այսօր իսլմական շատ մը երկիրներու մէջ ոճիրներ ու բռնութիւններ տեղի կ՚ունենան, սակայն, նոյնքան եւ աւելի տեղի կ՚ունենան Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու մէջ՝ քրիստոնեաներու կողմէ։ Բացէ՛ք համացանցը եւ պահ մը փորձեցէք փնտռել՝ 2025 թուականին ամենէն շատ ոճիրները ո՞ր երկիրներու մէջ պատահած են. հաւատացէ՛ք, որ առաջին տասնին մէջ իսլամական երկիր մը պիտի չյաջողիք գտնել:

Աշխարհի երեսին գոյութիւն ունեցող գրեթէ բոլոր կրօններուն մօտ սպանութիւնը մեղք է, արգիլուած է, սակայն, այդ կրօններու ներկայացուցիչները մի՛շտ ալ այդ մեղքին մէջ են։ Այսօր բանտերը լեցուն են քրիստոնեայ, իսլամ եւ միւս բոլոր կրօններու ներկայացուցիչ չարագործներով: 

Իսլամին չարաբանութիւնը մամուլի հեղինակութիւնն է. օրինակը վերցնենք այսպէս. Լիբանանի, Սուրիոյ, Ափրիկէի մէջ բազմաթի՜ւ մանուկներ թող մահանան, աշխարհի հոգն անգամ չ՚ըլլար... վա՜յ թէ ամերիկացի մի քանի պատանի-մանուկներ մահանան... համաշխարհային մամուլը կ՚աղաղակէ… այս է վիճակը նաեւ միւս ոլորտներուն: 

 

ՀԻՆԵՐԸ Կ՚ԸՍԵՆ

Մարդիկ կան՝ որոնց կարդալով կամ ճառերը, յօդուածները լսելով ապշահար կը մնաք իրենց համայնագիտական կարողութեան վրայ: Կը գրեն եւ կը խօսին ամէն նիւթի մասին. բանաստեղծութիւն, բանասիրութիւն, ճարտարապետութիւն, լեզուաբանութիւն, պարտիզամշակութիւն, վերջապէս ինչ որ մարդկային ուղեղը կրնայ պարտկել: Մի՛ խաբուիք, եղածը պարզ աճպարարութիւն է:

ԼԵՒՈՆ ՄԵՍՐՈՊ

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Երեւան

Երկուշաբթի, Մարտ 30, 2026